Աննա Յակոբեան Մեհրիպան Ալիեւան Հրաւիրած է Արցախ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեան Ատրպէյճանի նախագահի տիկին Մեհրիպան Ալիեւան հրաւիրած է այցելելու Արցախ:

Աննա Յակոբեան այսօր  Ֆէյսպուքի իր էջին մէջ գրած է.

«Քանի օր առաջ Ատրպէյճանի առաջին տիկին Մեհրիպան Ալիեւան «Թելեկրամ»-ի իր էջին վրայ գրած էր, որ իրենց բոլորի երազանքն է մուղամ լսել Արցախի մէջ: Ես Մեհրիպան Ալիեւան կը հրաւիրեմ Արցախ եւ ան կ՛ըլլայ մեր հիւրը: Մեր ժողովուրդը, արցախցիները գիտեն` ինչպէս ընդունիլ հիւրը, ինչպէս յարգել հիւրը եւ ընդունուած մեր հիւընկալութեան կանոններէն է նաեւ հիւրը պատուել իր նախընտրած երաժշտութեամբ: Մենք կրնանք ապահովել մուղամը, մենք կրնանք իրականացնել անոր երազանքը եւ Ղարաբաղի մէջ ան կը լսէ իր սիրելի մուղամը:

«Ասիկա հրաւէր է, եւ եթէ ան ընդունի այդ հրաւէրը` պատրաստ եմ ես ալ հիւրընկալուիլ Պաքուի մէջ: Եւ կը կարծեմ, որ ասիկա կրնայ ՄԱԿ-ի 1325 բանաձեւի շատ իրատեսական եւ շատ բարձր նպատակի իրականացման ձեւ ըլլալ ամբողջ աշխարհի մէջ: Բայց եթէ Մեհրիպան Ալիեւան նկատի ունի, որ իրենց երազանքը այն է, որ գան Արցախ մուղամ լսեն եւ ատիկա ընեն պատերազմի միջոցով` ես կը վստահեցնեմ, որ այդ պարագային երազանքն անկատար կը մնայ: Ոչ միայն անկատար կը մնայ, այլ եթէ անոնք նոր պատերազմ սկսին, հաւանաբար նորանոր բնակավայրեր կը յայտնուին, ուր անոնց համար մուղամ լսելը կը դառնայ անկատար երազանք: Եթէ Մեհրիպան Ալիեւան իր եւ իր ժողովուրդի անունէն կ՛ըսէ, որ կ՛երազէ Արցախի մէջ մուղամ լսել, ապա այդ երազանքին հասնելու միայն մէկ ճանապարհ գոյութիւն ունի` ատիկա խաղաղութիւնն է, Արցախի հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններն են եւ որպէս հիւր փոխադարձ այցերն են:

 «Աշխարհի տարբեր ժողովուրդներ կրցած են յաղթահարել աւելի երկար տարիներ տեւած պատերազմները, կրցած են յաղթահարել թշնամանքը, եւ այսօր չունին սահմաններ, միեւնոյն տնտեսական միութեան մէջ կ՛ապրին, ամենալաւ բարեկամներն են. եթէ ատիկա յաջողած է այլ եւրոպական ժողովուրդներու հետ  ինչո՞ւ  պէտք չէ մեր հետ չյաջողի: Պարզապէս ատրպէյճանական կողմը պէտք է ցուցաբերէ քաղաքական կամք եւ վերջապէս իր վրայէն թօթափէ պատերազմի մոլուցքը` հասկնալով, որ ատով ոչ մէկ բանի կրնայ հասնիլ: Կ՛ուզեմ նորէն կրկնել, որ հրաւէրը միանգամայն լուրջ է»: