40 Դուռ Ունեցող Քաղաք Անին Ամէն Եղանակի Առանձնայատուկ Գեղեցկութիւն Ունի

Աշխարհ, Էրկիր

UNESCO-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ ընդգրկուած «համաշխարհային քաղաք», «քաղաքակրթութիւներու օրրան», «հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաք» եւ «40 դռներ ունեցող քաղաք» անուանուող Անիի աւերակները իրենց վրայ կը հրաւիրեն այցելուներուն ուշադրութիւնը։ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանին՝ Կարսի Ախուրեան գաւառին մօտ գտնուող Անին 961-1045 թթ․ եղած է Բագրատունեաց արքայատոհմի հայ ներկայացուցիչներու մայրաքաղաքը։

Հնագոյն քաղաքը, ուր կան նաեւ 11-րդ եւ 12-րդ դարերուն պատկանող իսլամական ճարտարապետական կառոյցներ, 3 տարի առաջ է ընդգրկուած է UNESCO-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ։ Անիի մէջ առաջին անգամ բնակութիւն հաստատուած է 3000 առաջ։ Անին, որ եղած է սկիւթներու, Սասանեաններու, Բագրատունեաց թագաւորներու, բիւզանդացիներու, Շատտատեաններու, Անիի վրացական իշխաններու, Խորեզմի (Հարզեմշահ) պետութեան, Իլհանլըներու, սելճուկեաններու, կարա-կոյունլուներու, ակ-կոյունլուներու, Օսմանեան պետութեան եւ ռուսերու տիրապետութեան տակ, կը գրաւէ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներու ուշադրութիւնը։ Հնագոյն քաղաքին մէջ, 1001-ին կառուցուած Անիի մայր տաճարը, իշխան Տիգրան Հոնենցի կողմէ կառուցուած Սուրբ Գրիգոր եկեղեցին, 1064-ին սելճուկեան սուլթան Ալփարսլանի կողմէ կառուցուած Ապուլ Մանուչերի մզկիթը ամէնէն աւելի կը գրաւեն այս հնամենի քաղաքի այցելուներուն ուշադրութիւնը։

Անին եղած է 23 քաղաքակրթութիւններու բնօրրանը

Անին, որ հիմնադրման օրէն եղած է 23 քաղաքակրթութիւնների բնօրրան, միեւնոյն ժամանակ Կովկասէն դէպի Անատոլիա առաջին մուտքի դարպաս է․ անիկա գարնան, ամրան, աշնան եւ ձմրան ամիսներուն այցելուներու ուշադրութեան կեդրոնն է։ Անի այցելող տեղացի եւ օտարերկրացի զբօսաշրջիկները կ՝այցելեն նաեւ Անիի աւերակներ, պատմական Ապուլ Մանուչերի մզկիթ, Անիի Մայր տաճար, Ամենափրկիչ եկեղեցի, Տիգրան Հոնենց եւ Ապուղամիր Պահլաւունի եկեղեցիներ եւ այլն։ Անին իւրաքանչիւր եղանակի, նոյնիսկ աշնան վերջին օրերուն հիւրերը կը  գրաւէ իր բնական գեղեցկութեամբ եւ պատմական նշանակութեամբ։ Այնտեղ՝ անցեալ տարուան առաջին 6 ամիսներուն ընթացքին այցելած է 54,610 մարդ, իսկ այս տարուան միեւնոյն ժամանակահատուածում՝ 70,603։

Անի այցելած մարդոցմէ Սիմկէ Էրկինը նշեց, որ Կարսի մէջ ուսուցիչ է, եւ որ իր այցելած առաջին վայրերէն մէկը եղած է Անին, ապա աւելցուց․ «Միւս շրջաններէն եկած մեր այցելուները առաջին անգամ Անի կը տանինք։ Աւելի վաղ Անիի մասին գիտէի պատմութեան գիրքերէն, սորված էինք, որ այդտեղ կը գտնուի դէպի Անատոլիա տանող առաջին դարպասը։ Ի հարկէ, Անիի աւերակներ եկանք մեծ հետաքրքրութեամբ, եւ անիկա մեր հետաքրքրութիւնը մեծապէս բաւարարեց»։ Էրգինը տեղեկացուց, որ Անին ապագայ սերունդներուն փոխանցել կարենալու համար այնտեղ կատարուող աշխատանքերը պէտք է աւելի շատնան, ապա աւելցուց․ «Երկար տարիները, աշխարհագրական պայմանները, ցրտաշունչ ձմեռը, տարիներ առաջ տեղի ունեցած երկրաշարժերը քիչ մը վնաս պատճառած են այս պատմական  վայրին։ Կը կարծեմ, որ եթէ կ՝ուզենք, որ զայն տեսնեն նաեւ ապագայ սերունդները, անհրաժեշտ է պահպանել զայն։ Կարս այցելող տեղացի եւ արտասահմանցի զբօսաշրջիկները անպայման պէտք է  տեսնեն Անին, անիկա մեզի համար կարեւոր է նաեւ պատմական առումով եւ բնօրրան եղած է բազմաթիւ մշակոյթներու համար»։

Այցելուները ուրախ են Անին տեսնելու համար

Սամսունէն եկած այցելուներէն Սամեթ Թեմիզն ալ յայտնեց, որ առաջին անգամ ըլլալով կը տեսնէ Կարսը, որ շատ գեղեցիկ քաղաք է եւ ըսաւ․ «Միջերկրականի շրջանը մնացած եմ երկար տարիներ, տեսած եմ այնտեղի պատմական վայրերը, բայց, ըստ ինծի, Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը պէտք է աւելի շատ ուշադրութիւն յատկացնէ այս վայրին, որպէսզի աւելի շատ մարդիկ գան եւ աւելի գեղեցիկ բաներ տեսնեն։ Անին հիասքանչ վայր է, այստեղ մէկը միւսէն հոյակապ եւ զանազան կառոյցներ տեսայ»։ Թեմիզ նշեց, որ հնագոյն քաղաքի ամէն կառոյց իր առանձին պատմութիւնը ունի, ապա շարունակեց․ «Երբ առաջին անգամ կը մտնէք Անի,կարծես կը զգաք, թէ կը գտնուիք  աշխարհագրական այլ տարածքի մը մէջ։ Սեւ Ծովու տարածքին գացած եմ Սիւմելիա վանք, Միջերկրականի շրջան պատմական աւերակներ տեսած եմ, սակայն երբ առաջին անգամ եկայ Անի, այլ յոյզեր պատեցին ինծի։ Երբ մուտք կը գործէք Անի, դեռ չէք գիտնար, թէ ինչերու պիտի հանդիպիք, որքան կը քալէք, այնքան աւելի տարբեր վայրեր կը տեսնէք»։

Ուշաքէն եկած Մեհմեթ Էրկինը նշեց․ «Շատ հաւնեցայ, բոլորին խորհուրդ կու տամ տեսնելու Անին․ շատ գեղեցիկ կառոյցներ կան, սակայն հին ըլլալուն պատճառով անհրաժեշտ է խնամել զանոնք։ Անիի մասին գիտէինք պատմութեան դասերէն, վերջապէս կրցանք գալ ու տեսնել։ Անիի մէջ որոշ եկեղեցիներ վերածուած են մզկիթներու, որոշները ընդհանրապէս չեն վնասուած, որմէ ալ կը հասկնանք, թէ թուրքերը ինչքան կարեւորութիւն կու տան ցեղական կառուցուածքին եւ պատմութեան»։

 

Աղբիւրը՝ Անատոլու գործակալութիւն

Թարգմանեց Անի Մելքոնեան

Akunq.net