Էջմիածնի Տաճար Պիտի Բերուի Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հայոց առաջին լուսաւորիչներ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարդուղիմէոս առաքեալներու տօնը այս տարի պիտի տօնախմբէ Նոյեմբեր 30-ին։ Այս մասին կը տեղեկացնէ մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգը:

Առաքեալներու տօնը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով՝ 2015-ին հռչակուած է Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդի ուխտի օր:

Տօնին առիթով՝ Մայր Աթոռի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ, որուն ընթացքին տաճար պիտի բերուի Սուրբ համաքրիստոնէական սրբութիւնը` Սուրբ Գեղարդը:

Մայր Աթոռը բարեպաշտ ժողովուրդը կը հրաւիրէ այցելելու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ ստանալու հրաշագործ Սուրբ Գեղարդէն բաշխուող օրհնութիւնը:

Ս. Պատարագի սկիզբը` ժամը 10:30-ին: