Թրամփ-Էրտողան Հանդիպումին Լոյսին Տակ.- «Ըսէ՛, Թէ Ո՞վ է Ընկերդ, Ըսենք, Թէ Ո՛վ Ես Դուն…»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ


Չորեքշաբթի, 13 Նոյեմբերը Ուաշինկթընի մէջ յատկանշուեցաւ քանի մը ուշագրաւ իրադարձութիւններով, որոնցմէ կ՛արժէ հապճեպ քաղուածք մը ընել ու կատարել համապատասխան նշումներ։

– Նախագահ Թրամփ չյաջողեցաւ լուսարձակները հեռացնել խորհրդարանէն, ուր դեմոկրատներու նախաձեռնութեամբ բացումը կատարուեցաւ իր պաշտօնազրկումը հետապնդող հրապարակային հարցաքննութիւններուն։ Թրամփ յայտնապէս նոյն օրը ընտրած էր՝ հիւրընկալելու Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը եւ հոն ուղղելու լուսարձակները. ծանօթ է, որ քանի մը շաբաթ առաջ, ամերիկեան ուժերը Սուրիոյ հիւսիսային գօտիէն հեռացնելու տխրահռչակ որոշումէն ետք, Թրամփ առանց բառերը ծամծմելու Էրտողանը զգուշացուցած էր «յիմար արարքներէ», սակայն վերջինը անտեսած էր զինք, պատճառ դառնալով Ուաշինկթըն-Անգարա յարաբերութեանց աւելի եւս ցրտացումին։ Եւ ահա, նուաստացած եւ իր երկիրը նուաստացումի տարած Թրամփ իր ոչ-հետեւողականի վաստակին վրայ նոր մըն ալ գումարեց, անտեսեց Էրտողանը չընդունելու խորհրդարանականներու եւ քաղաքական լայն շրջանակներու կոչերը, հիւրը որակեց «բարեկամ», «մեծ մարդ», «ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մէջ զինակից», որուն երկիրն հետ Միացեալ Նահանգներու առեւտրական գործակցութիւնը կրնայ շուտով աճ արձանագրել, տարեկան 20-24 միլիառ տոլարէն հասնելու 100 միլիոնի։ Կարգ մը դէտեր յիշեցուցին, որ Թրամփ եւ Էրտողան, ընտանեկան հարազատներու միջոցով, անձնական շահեր կ՛ապահովեն այս առեւտուրէն…

– Թրամփ տգիտութեան ապացոյց մը տուաւ, երբ նկատել տուաւ, որ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանային հակադրութեանց պէս հարցեր հազարամեակներէ ի վեր ներկայութիւն են Միջին Արեւելքի մէջ։ Հաւանաբար մէկը անոր յուշած ըլլալու է, որ թուրքերուն Միջին Արեւելք ներկայութիւնը «հազարամեակներու անցեալ» չի կրնար ունենալ, որովհետեւ Էրտողանի հետ հանդիպումէն ետք, միացեալ մամլոյ ասուլիսին, Թրամփ «հարիւրաւոր տարիներու» մասին խօսեցաւ։

– Բացայայտ էր, որ Թրամփ չէ կրցած Էրտողանը տարհամոզել, որպէսզի ետ կանգնի Ռուսիայէն զէնք գնելէ, հետեւաբար, անոր ամերիկեան օդանաւ ծախելու ծրագիրը մնացած է առկախ։ Ան գոհացաւ ըսելով, որ իր նախարարները պիտի շարունակեն բանակցութիւնները։

– Թրամփի սուտերու տոպրակն ալ քիչ մը ուռեցաւ։ Հաշուենք միասին. 1.- Քիւրտերը կը մնան սերտ բարեկամ (Սպիտակ Տան առջեւ նոյն պահուն քիւրտերու մասնակցութեամբ ցոյց տեղի կþունենար…), 2.- Ամերիկեան միջնորդութեամբ գոյացած զինադուլը կը պահպանուի (միջազգային դէտեր ու ականատեսներ կը վկայեն, որ թրքական ներխուժումէն ասդին, զանգուածային գաղթը, բախումներն ու սպանութիւնները վերջ չեն գտած), 3.- Յոխորտաց, որ «Իսլամական պետութեան» ուժերը, անոնց հրամանատարին նման, 100 առ հարիւր հաշուեհարթարի ենթարկուած են (շաբաթասկիզբին, այդ ուժերը Տէր Զօրի մօտ սպաննած էին հայ կաթողիկէ կրօնաւոր մը եւ անոր հայրը), 4.- Սկզբնապէս զինք քննադատողները հիմա կ՛ըսեն, թէ ի՜նչ լաւ բան ըրած է ամերիկեան ուժերը քաշելով (չէզոք աղբիւրներ եւ միջազգային մամլոյ պատուհաններ կը հաստատեն, որ փոքրամասնութեանց «մաքրագործում» տեղի կ՛ունենայ թրքական հովանաւորչութեամբ)։

– Թրամփ նաեւ յանձն առած էր Էրտողանի տեսակէտներուն պաշտպանութիւնը։ Ան անուղղակիօրէն ձայնակցեցաւ քիւրտերը «ահաբեկիչ» նկատելու Էրտողանի քարոզչութեան, նկատել տուաւ, որ բախումներուն հետեւանքով թուրքեր ալ կը սպաննուին։ Էրտողանի քիթն ալ կ՛երկարէր, երբ ան կը հաւաստէր, որ իր ուժերը Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հետամուտ եւ ժողովուրդին ապահովութեան նախանձախնդիր են, կը հետապնդեն ու կը ձերբակալեն ծայրայեղական տարրեր։ Այս մասին, Թրամփ թմբկահարեց թրքական այն պահանջը, որ իր հողերուն վրայ շուրջ 4 միլիոն սուրիացի եւ այլ գաղթական պատսպարած Թուրքիան Եւրոպայէն կը սպասէ 40 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն, այլապէս, կրնայ գաղթականները ղրկել եւորպական երկիրներ (եւրոպական երկիրները բարեկամ-դաշնակից չե՞ն…)։

– Կարելի չէ չգնահատել Թրամփի անկեղծութիւնը. ան անգամ մը եւս հաստատեց, որ ամերիկեան որոշ ուժեր Սուրիա կը պահէ, որպէսզի շրջանի քարիւղը ձեռքէ չհանէ։ (Ոեւէ մէկը հարց չտուաւ, թէ Սուրիոյ – կամ որեւէ այլ երկրի – պատկանող քարիւղն ու բնական հարստութիւններ ի՞նչ իրաւուքնով պէտք է կողոպտուին պաշտօնապէս)։

– Մեզ՝ հայութիւնը շահագրգռող հարցը՝ Ցեղասպանութեան թղթածրարն ալ հպանցիկ յիշատակութեան արժանացաւ մամլոյ ասուլիսի պահուն։ Էրտողան մեղադրական խօսքեր արձակեց ամերիկեան խորհրդարանին հասցէին, ակնարկելով Ներկայացուցիչներու տան որդեգրած թիւ 296 բանաձեւին ու Ծերակոյտի օրակարգին վրայ դրուած թիւ 150 բանաձեւին, անգամ մը եւս յառաջ քշելով թրքական այն «գիւտը», թէ այդ հարցը պէտք է թողուլ պատմաբաններուն։ Թրամփ անտարբեր ունկնդիր մը մնաց մեղադրանքին ու առաջարկին։ Ծերակոյտէն պատասխանը չուշացաւ. Պոպ Մենենտէզ կոչ ուղղեց Ծերակոյտին, որ անյապաղ քուէարկութեան դրուի թիւ 150 բանաձեւը եւ որդեգրուի մեծամասնութեան ձայնով, ինչպէս ըրած էր Ներկայացուցիչներու տունը, որովհետեւ հայկական Ցեղասպանութեան իրականութիւնը անվիճելիօրէն փաստարկուած է, վկայութիւններ ունին պատմագէտներ ու օրուան ամերիկացի դիւանագէտներ, յետոյ, Միացեալ Նահանգներ պէտք չունին վախնալու Թուրքիայէն ու կքելու անոր սպառնալիքներուն տակ, որովհետեւ պատմական ճշմարտութիւն մը ընդունիլը բնական քայլ պէտք է նկատել։ Թրամփ-Էրտողան հանդիպումին մասնակցութիւն բերած Լինզի Կրէհէմ արգելք եղաւ, որ բանաձեւը քուէարկութկեան դրուի. ան առարկութիւն չունէր պատմական ճշմարտութեանց մասին, սակայն (յայտնապէս ձեւով մը կաշառուած) պատճառաբանեց, որ «պէտք չէ անցեալին նայիլ, այլ ապագային…»

***

Ուաշինկթընեան այս հանդիպումին առիթով, կարգ մը թերթեր յիշեցում կատարեցին նա՛եւ (այսինքն՝ Սուրիոյ վերջին իրականութեանց կողքին) Էրտողանի ներքին բռնադատութեանց մասին։ Ամերիկեան թերթ մը յիշեցուց, որ Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջական ծանօթ փորձէն ասդին, աւելի քան 80 հազար ընդդիմադիր բանտարկուած է, աւելի քան 1.500 կազմակերպութիւն արգիլեալ հռչակուած է, իսկ իշխանութելան չհամակրող շուրջ 130 հազար պաշտօնեայ գործէ արձակուած է։ Այս թղթածրարն ալ կարելի է ուռճացնել՝ քիւրտերու եւ այլ փոքրամասնութեանց դէմ բռնամիջոցներու շարքով, մեր պատրիարքարանին վրայ ի գործ դրուած ճնշումներով ու կամայական խաղերով։ Ալա-թուրքա ժողովրդավարութկեան աղաղակող փաստեր…

Պէտք չէ անտեսել մասնաւորաբար հայկական հակահարուածը, որ արտայայտութիւն գտաւ Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ Սպիտակ տան առջեւ կազմակերպուած բողոքի ցոյցով, որուն միացան քիւրտեր, յոյներ եւ թրքական հալածանքներու եւ բռնադատութեանց զոհ եղող այլ ժողովուրդներ։ Առաջին անգամը չէ, որ հակաթուրք ցոյցերը կը ստանան բազմազգեան բնոյթ, անկախ՝ մասնակիցներուն կրօնական կամ համայնքային պատկանելիութենէն։ Իր ջարդերուն եւ հալածանքներուն ատեն, Թուրքիոյ պետութիւնը խտրութիւն չէ դրած ու չի դներ իսլամ քիւրտին, եզիտիին ու քրիստոնեայ հայուն, յոյնին ու ասորիին միջեւ, ու բնական է, որ զոհ գացողներուն ժառանգորդները քայլ առ քայլ մօտենան իրարու, ուժեղացնեն եւ ընդարձակեն զօրակիցներու օղակը։

Մինչ այդ, պետական ոճիրներով ծանօթ Էրտողանը «բարեկամ ու գործակից» դաւանող Թրամփին եւ անոր դաւանակից Կրէհէմին յիշեցնենք. «Ըսէ՛, թէ ո՞վ է ընկերդ, ըսենք, թէ ո՛վ ես դուն»։