Աւելի Քան 30 Նորածին Ապօրինի Որդեգրուած է Արտասահմանցիներու Կողմէ

Հայաստան

ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը Նոյեմբեր 14-ին հաղորդեց, որ Հայաստանի երկու քաղաքացիներ, օգտագործելով իրենց կապերը հանրապետական մանկաբարձական հաստատութիւններէն մէկուն, շարք մը պետական գրասենեակներու , ինչպէս նաեւ մանկատներու մէջ, ՀՀ օրէնսդրութեան կոպիտ խախտումով կազմակերպած են ՀՀ քաղաքացի հանդիսացող 3 տասնեակէ աւելի երեխաներու որդեգրումները խնամքը ստանձնած Իտալիոյ քաղաքացիներու կողմէ:

«Մանկաբարձական հաստատութեան կարգադրիչ եւ այլ կառավարչական գործառոյթներով օժտուած շարք մը ծառայողներ, ըստ նախնական համաձայնութեան, ուղղակի դիտաւորութեամբ` շահադիտական դրդումներով, 2016-2018 թուականներու ընթացքին ընկերային կամ անձնական խնդիրներու պատճառով յղիութեան ընդհատման համար ընկերութեան ծննդատուն դիմած մէկ տասնեակէ աւելի կանանց` առանձին պարագաներու նաեւ յղիութեան փաստը բարձրաձայնելու սպառնալիքով, նորածինի հիւանդութիւնը չափազանցնելու եւ սուտ տեղեկութիւններով հոգեբանօրէն ճնշելու եղանակով, մղած են որդեգրման նպատակով հրաժարիլ երեխայէն ու կամքին հակառակ տալ որդեգրման համաձայնութիւն,  ինչպէս նաեւ որոշ պարագաներու չեն խորշած յղի կիներէն` մատուցած բժշկական ծառայութիւններու դիմաց որպէս կաշառք գումար ստանալէն:

Գրաւոր համաձայնութիւն ստանալէ ետք նորածիններուն մեծ մասը` ուղեկցուող բժշկական փաստաթուղթերով,  տեղափոխուած են մանկատներ: Նշուած հաստատութիւններու պաշտօնատար անձիք, չարաշահելով իրենց պաշտօնի լիազօրութիւնները, բժշկական փաստաթուղթերուն մէջ ծննդատան կողմէ նշուած սուտ ախտորոշումներու օգտագործմամբ, խախտած են ՀՀ քաղաքացիներու կողմից այդ երեխաները որդեգրելու իրաւունքի առաջնահերթութիւնը` անուղղակի խոչընդոտելով անոնց որդեգրումը ՀՀ քաղաքացիներու կողմէ», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

ՀՀ ԱԱԾ քննչական ծառայութեան մէջ յարուցուած է քրէական գործ, կը կատարուի նախաքննութիւն: