Էրտողանի Ուաշինկթըն Այցելութիւնը Միակամ Զօրաշարժի Հրաւէր

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ կը պատրաստուի չորեքշաբթի, 13 նոյեմբերին հիւրընկալելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: Սա անուղղակի հրաւէր մըն է հայութեան` յաւելեալ զօրաշարժի ենթարկելու իր քաղաքական-քարոզչական կարողութիւնները, միացնելու Հայաստանի ու սփիւռքի ձեռքերը, Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի աչքերուն դիմաց պարզելու համար Թուրքիոյ պետութեան անցեալի ու ներկայի ոճրային արարքները` Ցեղասպանութենէն մինչեւ ճակատագրակից ժողովուրդներու սպանդը, Կիպրոսն ու Սուրիա-Իրաքը, քիւրտերն ու եզիտիները: Աւելի՛ն. պէտք է ահազանգ հնչեցնել կայսերական ու փանթուրանական անթեղուած ծրագիրները վերականգնելու թրքական յաւակնութեանց դէմ. նախաճաշակին ականատես ենք Սուրիա թափանցումով:

Լուրին հրապարակման պահուն որոշ նախաճաշակ տրուեցաւ, թէ Սպիտակ տան պետը ինչպիսի՛ «բարեխառն» տրամադրութիւններ ունի Էրտողանի նկատմամբ (օրինակ` խանդավառ չէ Ցեղասպանութեան հարցը արծարծելու Ներկայացուցչական տան բանաձեւին հետեւողութեամբ), մինչդեռ վերջերս անոր հետ կը խօսէր սպառնալիքներու եւ պատժամիջոցներու լեզուով:

***

Կ՛արժէ արագ ակնարկ մը նետել այն մթնոլորտին վրայ, որ մեր` հայութեան դիտանկիւնէն ստեղծուած է վերջին շաբաթներուն, մէկ կողմէ` Թուրքիոյ, ու միւս կողմէ անոր «եղբայր» հռչակուած Ազրպէյճանի հետ յարաբերութեանց ճակատներուն վրայ, զարգացումներ, որոնք զուգադիպեցան մասնաւորաբար Սուրիոյ բեմին վրայ զինուորական ծանօթ շարժումներուն:

Ա.- Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը ձայներու ջախջախիչ առաւելութեամբ որդեգրեց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ համապատասխան տնօրինումներու առջեւ ճամբայ բացող թիւ 296 բանաձեւը: Այս քայլը հազուադէպ միաձայնութեամբ մը ընկալուեցաւ հայութեան հայրենի ու արտերկրի «կէսերուն» կողմէ, դրական արձագանգ գտաւ նաեւ մեզ շահագրգռող միջազգային շրջանակներու մէջ: Մասնաւորաբար Հայաստանի մէջ քաղաքական սուր հակաճառութիւններով բեմը ծանրացնող բոլոր կողմերն ու մեկնաբանները այս կէտին շուրջ ըստ էութեան համակարծիք գտնուեցան: Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ: Նոյն տրամադրութիւնը կը տիրէ ծերակոյտին կողմէ նոյնիմաստ` թիւ 150 բանաձեւի որդեգրման սպասումով, որ սակայն կը թուի սառնարան դրուած ըլլալ` սպասելով Թրամփ-Էրտողան տեսակցութեան արդիւնքին…

Բ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 25 հոկտեմբերին հարցազրոյց մը ունեցաւ Պի.Պի.Սի.-ի մէկ լրագրողին հետ` հիմնականին մէջ խօսելով Հայաստան-Ազրպէյճան հակադրութեան մասին. հարցազրոյցը հակադիր մեկնաբանութիւններու առիթ եղաւ հայրենի քաղաքական ու մամլոյ դաշտերուն մէջ. իշխանութեան մօտիկ շրջանակներ դրական տրամադրութեամբ ներկայացուցին հարցազրոյցը, իսկ հակադիր ճակատը նշեց, որ Մնացականեան «տկար ինկած» է լրագրողին դիմաց, ըստ արժանւոյն չէ կրցած պատասխանել անոր հարցումներուն, որոնք բացայայտօրէն պատրաստուած էին զինք նեղ կացութեան մատնելու նպատակով: Նշուեցաւ նաեւ, որ մեր դիւանագիտական մեքենան «ամչկոտ» է ու «քաղաքավարութեան» զոհ կ՛երթայ երբեմն, միջազգային բեմերու վրայ անհրաժեշտ բարձութեամբ չի ծածաներ մեր արդար իրաւունքներուն դրօշը: Այս տեսակէտը տարածողներ քայլ մըն ալ անդին գացին` նկատել տալով, որ վարչապետ Փաշինեանի ու այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներու հրապարակային յայտարարութիւնները (մերթ` «Արցախը Հայաստան է ու վերջ», այլ առիթով` «Արցախի հարցը պէտք է լուծել բանակցութեանց ճամբով», «լուծման տարազին պէտք է համաձայն ըլլան Հայաստանի, Արցախի ու Ազրպէյճանի ժողովուրդները» եւ այլն) անբաղձալի հակազդեցութիւններ կը ստեղծեն միջազգային առնչակից շրջանակներու մէջ ու կը տկարացնեն հայկական կողմին դիրքերը: Բանավէճն ու տարբեր մեկնաբանութիւնները ցոլացուցին այն իրականութիւնը, որ հայկական կողմին դրական ու հաւասարակշռութիւն-հաւասարութիւն փնտռող մօտեցումը համապատասխան ընկալում չէ գտած ո՛չ միայն Ազրպէյճանի (չկրկնենք Ալիեւի ծանօթ խօսքերը), այլ նաեւ կարգ մը միջնորդ կողմերու եւ հայկական դաշտին մէջ: Սա նաեւ յուշարար է, որ երբ ի սկզբանէ ծանօթ ես հակառակորդիդ տեսակէտին, բազմահանգրուան դառն փորձառութիւններ ունեցած ես, քու ամէնէն բարի տրամադրութիւնդ անգամ կը մնայ անարձագանգ, առիթ կու տայ նենգամիտ հակադարձութեան: Փրոթոգոլներն ալ ճիշդ 10 տարի առաջ ճամբայ ելած էին նման բարի տրամադրութիւններով…

Գ.- Նոյն նախարարը` Մնացականեան, յիշեալ հարցազրոյցէն աւելի քան շաբաթ մը ետք, Հայաստան-Ուքրանիա յարաբերութեանց նուիրուած հանդիպումի մը` Շուէտի մէջ, շատ աւելի ուժեղ պաշտպանողականով մը հանդէս եկաւ Արցախի իրականութիւնները ներկայացնելու իմաստով. այս անգամ զինք նեղ կացութեան մատնել փորձողը ազերի պատգամաւոր մըն էր, որ կ՛աշխատէր հայկական կողմը յաչս ներկաներուն` ներկայացնել իբրեւ ոճրային արարքներ կատարող: Մնացականեան ողջունելի հակայարձակում մը կատարեց` յիշեցնելով Պաքուի, Սումկայիթի, Մարաղայի, Շահումեանի, Մարտակերտի, Մարտունիի եւ նման «դէպքեր», ուր ազերիական կողմին ոճիրներն ու նախայարձակումները, ցարդ գրաւեալ մնացող հայկական հողամասեր կերտած են ազերիական ոճիրներուն «պատմագիրքը»: Այդ հարցազրոյցը միայն մեղմ արձագանգ գտաւ հայկական բեմին վրայ (մինչդեռ կ՛արժէր աւելին ու արդար գնահատում), թէեւ հոն ալ կարելի է ըսել, որ նախարարը պէտք չէր բաւականանար միայն «հեռաւոր անցեալ»-ի դէպքերով, այլ խարանէր ազերիական ճակատը` յիշեցնելով 2019-ի ապրիլ` Եալիշն ու այլ սահմանային շէներ, նաեւ այն, որ մինչեւ այսօր ալ հայ զինուորներ զոհ կ՛երթան, կը վիրաւորուին սահմանին վրայ, հայկական աւաններ կը ռմբակոծուին, արձակազէններու թիրախ կը մնան:  (Հաւանաբար դիւանագիտական տրամաբանութիւնը թոյլ պիտի չտար, որ ան «սահմանը անցնէր» եւ յայտարարէր, որ Ազրպէյճանի վերջին 30 տարիներու, անկէ առաջ ալ` խորհրդային տարիներու վարքագիծը յար եւ նման է ցեղասպան Թուրքիոյ վարմունքին…): Աւելի՛ն. սպասելի էր, որ ներկաներուն ուշադրութեան յանձնէր, որ հայկական կողմը ըստ ամենայնի կ՛աշխատի խաղաղութեան մթնոլորտ ստեղծել, սակայն նման տրամադրութիւն չի տեսներ Պաքուի մէջ, այլ խօսքով, առիթը պէտք էր օգտագործուէր անգամ մը եւս պատռելու ազերիական կողմին դիմակը:

***

Ինչո՞ւ կատարեցինք վերի «յուշապատում»-ն ու որոշ նշումներ:

Ըսելու համար, որ երբ գործ ունինք մեր էական հարցերուն հետ` Արցախի ապահովութեան, բանակցային գործընթացին եւ ընդհանրապէս հայ-թրքական թղթածրարին հետ, սպասելի է, որ հայութիւնը ներկայանայ մէկ ու միացեալ դիրքորոշումով, այնպէս` ինչպէս կը պահանջէ մեր արդար իրաւունքներուն հետապնդումը:

Արտաքին քաղաքականութեան, Արցախի ու Ցեղասպանութեան ճանաչման, անկէ բխող մեր իրաւունքներուն հետապնդումը պէտք է զերծ պահել ներքին-քաղաքական «սակարան»-էն, որ արդէն ըստ բաւականին բաւարար վառելանիւթ ունի «տեղական» տագնապներու պատճառով, ա՛յնքան վառելանիւթ, որ երբեմն մարդս կ՛ունենայ այն մտավախութիւնը, թէ աննիւթական բոցերը կրնան յումպէտս վատնել դրական ճիգերն ու բարի տրամադրութիւնները: Միջազգային «սակարաններ»-ն ալ, գիտե՛նք, յաճախ տրամադիր չեն ի նպաստ մեր իրաւունքներուն շարժելու, կրնան մանր հպումներով կամ մէկ արտայայտութեամբ (ինչո՞ւ չէ` նաեւ արդար խօսքէ ետ կանգնելով), բազում տարիներու ճիգ ու քաղաքական աշխատանք յումպէտս վատնել: Իսկ մենք տակաւին նոր ականատես եղանք, որ պատմական պահերու նպաստաւոր հովերը կարելի է օգտագործել ի նպաստ մեր իրաւուքներուն ճանաչման:

Պէտք չէ մտահան ընել, որ արտաքին կողմերու, մասնաւորաբար մեր թշնամիներուն դէմ կանգնող պաշտօնական ներկայացուցիչները` վարչապետ, նախագահ, նախարար թէ այլ, ՄԵՐ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ կը ներկայացնեն, եւ ո՛չ թէ այս կամ այն քաղաքական խմբաւորումը, կուսակցութիւնը: Ի՛նչ որ ալ ըլլան ներքին «սակարանները» վերիվայրումի ենթարկող բանավէճերն ու հաշիւները, հայութիւնը իրաւունք չունի իր պետական ներկայացուցիչներուն միակամ զօրակցութիւն չտրամադրելու, անկախ անկէ, որ անոնցմէ կը սպասէ իր միակամ զօրակցութիւնը արդարացնող անշեղ կեցուածք: «Դրսեցին» մեր ներքին «սակարանով» կը շահագրգռուի միայն այնքան, որքան անոր ելեւէջները նպաստ խոստանան իր հաշիւներուն, մինչդեռ մենք վայրկեան չենք վատներ` յայտարարելու եւ արդարօրէն հպարտանալու, որ ինքնիշխան-գերիշխան երկիր ունինք:

Այս տրամաբանութեամբ է, որ, շեշտենք, Էրտողանի Ուաշինկթըն այցելութիւնը միասնական աշխատանքի, նաեւ ներկայի ծանօթ նպաստաւոր հովերու օգտագործման առիթ մը կը բերէ մեզի` հայրենի պետութեան, Հայ դատի սպասարկուներուն եւ անոնց զօրակցող մեր ժողովուրդին: