«Կին» Շարժանկարի Փառատօնը Երեւանի Մէջ

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Երեւանի մէջ այսօր սկիզբ կ՝առնէ «Կին» 16-րդ միջազգային փառատօնը։ Բացման արարողութիւնը կը կայանայ ՀԲԸՄ-ի դահլիճին մէջ: Փառատօնի մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով՝ այս տարի փառատօնի ընթացքին պիտի ցուցադրուի 13 երկրէ ընտրուած 65 ֆիլմ, որոնք ընդգրկուած են փառատօնի ծրագրերուն մէջ՝ կարճատեւ ֆիլմերու մրցութային, հիւրերու, Բրիտանական խորհուրդի «Իրականութենէն տեսաժապաւէն» փառատօնի կարճատեւ ֆիլմեր, Գանատական «Կանացի հայեացք» փառատօնի կարճատեւ ֆիմեր:

Փառատօնի ընթացքին պիտի ըլլան վարպետութեան դաս եւ «Կինը եւ շարժանկարչութիւնը» նիւթով կլոր սեղան քննարկում:  Փառատօնի յետահայեաց ցուցադրութիւնը նուիրուած պիտի ըլլայ Ֆրանսական Նոր Ալիքի տատիկ՝ Անյէս Վարդայի յիշատակին, պիտի ցուցադրուի իր յայտնի «Քլէօ 5-7»-ը ֆիլմը։

Փառատօնի ընթացքին պիտի ցուցադրուի նաեւ շարժանկարի միջազգային քննադատներու կողմէ բարձր գնահատանքի արժանացած Մարգարիտ ֆօն Թրոդդայի «Փնտռելով Ինկմար Պըրկմանը» ֆիլմը, որուն անդրանիկ ներկայացումը տեղի ունեցած է Կաննի միջազգային փառատօնին ծիրէն ներս։

«Կին» 16-րդ միջազգային փառատօնը՝ աւանդոյթին համաձայն՝ պիտի իրականացուի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան դահլիճին մէջ։ Բոլոր  ցուցադրութիւններուն մուտքը ազատ է։

Այս տարի փառատօնի միջազգային հիւրերն են՝ գանատական «Կանացի հայեացք» փառատօնի տնօրէն Լեսլի Անն Գոլս եւ սենարիստ Անասթասիա Կորիւնովան Ռուսիայէն։ Վերջինս պիտի վարէ սենարագրութեան վարպետութեան դաս Երեւանի թատրոնի եւ շարժանկարի պետական ուսումնարանէն ներս:

Փառատօնը պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբեր 15: