«Հայ Եմ, Չեմ Փոխուած»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

Էլիզապէթ Մելքոնեանը ծնած է Պէյրութ: Ուսանած է Պէյրութ, ապա Նիկոսիա` Մելգոնեան վարժարան: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն հաստատուած է Դանիա, ուր հանդիպած է ուրիշ լիբանանահայու մը եւ` ամուսնացած ու ընտանիք կազմած: Եւ ինչպէս որ նկարագրեց. «Աստուած սրտիս փափաքը տուաւ եւ հայու մը հետ ամուսնացայ»: Ունեցած է աղջիկ զաւակ մը, որ ներկայիս իր կեանքի մեծ հետաքրքրութիւն-նուիրումն է: Ամուսինը կորսնցուցած է. անոր մահը իր կեանքին վրայ թողած է «տխրութիւն», ինչպէս ինք կը ներկայացնէ: Բայց հայութիւնը եւ հայկականութիւնը Էլիզապէթին համար արժէք են եւ կը լեցնեն իր կեանքը: Դանիոյ մէջ կը փորձէ հայկական կեանք ապրիլ եւ գաղութի ձեռնարկներուն կը փորձէ միշտ ներկայ ըլլալ: Պէյրութի հետ իր կապերը չէ կորսնցուցած. յաճախ Լիբանան կ՛այցելէ, քանի տակաւին ընտանիք ունի: Անկախ այն իրականութենէն, թէ երեսուն եւ աւելի երկար տարիներէ ի վեր Դանիա կ՛ապրի, Էլիզապէթ իր  վկայութեանը մէջ մնացած է անդրդուելի. «Հայ եմ, չեմ փոխուած»:

Դանիոյ ժողովուրդին համար հայն ու հայուն պատմութիւնը բաւական լաւ ծանօթ են: Ասոր գլխաւոր պատճառներէն են դանիացի միսիոնարները, ինչպէս` Մարիա Ճեքըպսըն, Քարէն Եփփէ եւ ուրիշներ, որոնք իրենց համակ կեանքը նուիրեցին հայ ժողովուրդին, ի մասնաւորի` Հայոց ցեղասպանութենէն ետք: Այս իմաստով, դանիացի ժողովուրդը լաւ գիտակ է հայուն պատմութեան`անկախ այն իրականութենէն, թէ Դանիոյ կառավարութիւնը մինչեւ այսօր չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Եթէ իմ հանդիպումներուս եւ ելոյթներուս ընթացքին պիտի արտայայտէի իմ-մեր` հայուն երախտագիտական զգացումները Դանիոյ ժողովուրդին եւ իրենց նեցուկին, զոհաբերութեան եւ կարեկցանքին` մեր պատմութեան ամէնէն դժուար ժամանակահատուածին, բայց նաեւ պիտի յիշեցնէի, որ կայ տակաւին առաքելութիւն մը… Պահանջել իրենց պետութենէն ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:

«Դժուար է յստակ թիւ մը տալ հայ գաղութին մասին», ըսաւ տէր Ստեփանը, որ հոգեւոր հովիւն է Դանիոյ հայ գաղութին: Տէր հայրը եկած է Հայաստանէն եւ կը փորձէ հոգեւոր առաջնորդութիւն տալ հայկական գաղութին, որ տարածուած է երկրին տարբեր քաղաքներուն մէջ: «Երեւի հազար կամ հազար հինգ հարիւր հոգի կը հաշուենք», ըսաւ ան:

Գաղութին մեծամասնութիւնը եկած է Հայաստանէն, փոքր թիւ մըն ալ Պարսկաստանէն եւ Իրաքէն:

Եկեղեցական պատարագ կ՛ըլլայ Դանիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ, հերթականութեամբ: «Սուրբ Ծննունդի եւ Յարութեան տօներուն կը փորձենք  գաղութին բոլոր հայերը համախմբել մէկ տեղ, որպէսզի լաւ առիթ մը ըլլայ իրարու հետ հաղորդակցելու», ըսաւ տէր հայրը: Մէկ կողմէն տէր հայրը եթէ պիտի շրջագայի Դանիոյ տարբեր քաղաքներ` հաւաքելու հայ ընտանիքները, միւս կողմէն` պատասխանատուութիւն ունի այցելելու Շուէտ եւ Նորվեկիա ու համախմբել նաեւ այդ երկրի մէջ ապրող հայերը… Տէր հօր երիտասարդական խանդն ու կորովը լաւ գրաւականներ են կամրջելու հայկական ներկայութիւնը, որ տարածուած է շատ տեղեր…

«Երբ կը մեծնայինք, կը զգայինք, որ պակաս իրականութիւններ կային մեր կեանքին մէջ»:

Էրիքը եւ Տոնալտը երկու եղբայրներ են: Հանդիպեցայ անոնց, երբ առիթը ունեցայ խօսելու հայկական գաղութի հաւաքին` Քոփենհակըն: Անոնց հայրը դանիացի բժիշկ է, իսկ մայրը` Պարսկաստանէն հայուհի մը: Երկու եղբայր ամենայն ուշադրութեամբ կը հետեւէին ելոյթիս, որ ներկայացուցի անգլերէն լեզուով, որովհետեւ տեղացիներ ալ եկած էին` որպէս հայերու բարեկամներ: Երբ կը փորձէի հայկական ինքնութեան եւ մշակութային արժէքներուն ու անոնց պահպանման կարեւորութեան մասին մատնանշումներ կատարել, տեսայ, որ անոնց աչքերուն մէջ սկսան կուտակուիլ արցունքի կաթիլներ… Իրենց պատմութիւնը իմանալէ ետք էր, որ կրցայ հասկնալ, թէ ի՛նչ բանի համար էին իրենց արցունքները…

«Մեր մայրը չէր խօսած իր հայութեան մասին», ըսին երկու եղբայրները եւ աւելցուցին. «Մենք առաջին անգամ լսեցինք մեր մօր հայերէն խօսիլը, երբ իրեն հետ Թեհրան այցելեցինք: Հոն մեր մայրը իր ընտանիքին հետ միայն հայերէն կը խօսէր»:

Երկու եղբօր հետ իմ զրոյցս զգացական էր: Կը նկարագրէին, թէ ինչպէ՛ս այդ « պակաս» մասը իրենց կեանքին մէջ սկսան վերագտնել: «Մեր մայրը հայկական աշխարհ մը ունէր իր մէջ, որ մենք չունէինք: Ասիկա մեր կեանքի պակասաւոր մասն էր, եւ սկսանք կամաց-կամաց վերագտնել այդ աշխարհը», ըսին անոնք:

Էրիք եւ Տոնալտ հայերէն չեն գիտեր: Բայց ներկայ կ՛ըլլան հայկական բոլոր հաւաքներուն: Անոնք յարգանք ունին իրենց մօր ու անոր ինքնութեան նկատմամբ, այդ ինքնութիւնը արմատ նետած է նաեւ իրենց մէջ: «Հայութիւնը մեր ինքնութեան մասն է», անոնք ըսին, եւ արցունքներ կու գային իրենց աչքերէն, քանի այս ինքնութեան հասնիլը դիւրին չէր եղած իրենց համար:

Այս որքան մեծ, ընդարձակ եւ բարդ է սփիւռքահայ մեր իրականութիւնը: Տեղ մը կու գայ, երբ կը զգամ, որ կը կորսուիմ այս սփիւռքահայ մեծ «ովկիանոսին» մէջ… Ո՞ւր է արդեօք ճիշդ կողմը ու կողմնորոշումը… Եւ ինչպէ՞ս կողմնորոշուիլ…

Աննա Կարապետեանը եկած է Հայաստանէն: 1994 թուականէն ի վեր կ՛ապրի Քոփենհակըն: Եղած է հիմնադիր եւ ներկայիս համանախագահ` Դանիա-Հայաստան կազմակերպութեան: «Կը փորձենք ներկայացնել հայկական մշակոյթը տեղացի ժողովուրդին եւ կապ հաստատել Դանիոյ եւ Հայաստանի միջեւ», ըսաւ Աննա:

Եթէ Աննան աշխուժ ներկայութիւն է հայկական գաղութին մէջ եւ նոյնքան գործունեայ, բայց ան նաեւ իրապաշտ է: «Մայրենի լեզուն պահելը մեծ հարց է: Օտար ամուսնութիւններու թիւը կ՛աւելնայ ու տակաւին գաղութին մէջ պակաս է միասնականութեան ոգին», ըսաւ ան:

Հայկական կեանքի տարբեր երեսները… Քիչ մը ամէն տեղ…

«Հայութիւնը կարեւոր է մեզի համար»:

Էտուարտ Հախվերդեանն ալ կու գայ Հայաստանէն: Ան չափահաս սերունդի մէկ լաւ ու գործունեայ ներկայացուցիչներէն մէկն է գաղութին մէջ: Ան ունի չորս զաւակ, որոնք լաւ կրթութիւն ստացած են եւ «բոլորն ալ լաւ հայերէն կը խօսին», ըսաւ Էտուարտ: Բայց ան նաեւ կ’անդրադառնայ, թէ ոչ ամէն ընտանիք կը պահէ այս առաքելութիւնը: « Ընտանիքներ ալ կան, որ լաւ հայերէն չեն գիտեր», շարունակեց ան:

Էտուարտ մեծցած ու ապրած է Խորհրդային ժամանակաշրջանին, այս իմաստով ալ եկեղեցիի ու հաւատքի իրականութիւններէն հեռու եղած է: «Երեսունվեց տարեկանիս հաւատքի եկայ: Մարդու կեանքին համար հոգեւորը կարեւոր է», ըսաւ Էտուարտ:

Էտուարտին համար «Դպրոցը եւ եկեղեցին համայնքի կեդրոնն են: Եթէ այս երկուքը չկան, հայութիւնը կրնայ կորսուիլ»: Այս իմաստով ալ ան կը փորձէ իր կարելին ընել, որպէսզի գաղութին մէջ հայ եկեղեցին աշխուժանայ, եւ հայերէն դասընթացքները կազմակերպուին, որքան որ կարելի է:

Լինա Էնկոն դանիացի դասախօս է Աստուածաբանական համալսարանին մէջ` Քոփենհակըն: Եկած էր լսելու իմ ելոյթը` հայերու հետ իմ հաւաքին: Լինան կը մտադրէ այս տարուան ընթացքին քսանհինգ ուսանողներ Հայաստան տանիլ, որպէսզի ծանօթանան հայու երկրին ու մշակոյթին: « Հայաստան հարուստ մշակոյթ ունի եւ մեծ ազգային-քրիստոնէական ժառանգ: Կ՛ուզենք, որ մեր ուսանողները առնչուին ձեր երկրին հետ», ըսաւ Լինա:

Հարուստ մշակոյթ եւ ժառանգ… Անպայմանօրէն` այո՛… Բայց այս « հարստութիւնը» պէտք է պահենք` անկախ այն երեւոյթէն, որ շատ տարածուած ենք քիչ մը ամէն տեղ…

Իսկ պահելո՞ւ համար…

Կայ Էլիզապէթի վկայութիւնը…

« Հայ եմ, չեմ փոխուած…»:

Հայուն « հարստութիւնը» կը պահուի, երբ հայը «հայ է եւ չի փոխուիր»:

Այս ալ իմ, քու եւ մեր բոլորին մեծ առաքելութիւնն է…