Հայ Դատը Ողջունեց Թիւ 296 Բանաձեւին Ընդունումը

Սփիւռք

 Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւին ընդունումը՝ շեշտելով, որ Անգարայի ուրացման արշաւին լուրջ հարուած մը հասցնող այս քայլը պիտի պարտադրէ, որ ամերիկան կառավարութիւնը Ցեղասպանութեան հարցով աւելի արդար եւ սկզբունքային քաղաքականութիւն որդեգրէ։

405 քուէներով վաւերացուած բանաձեւը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ պատշաճ ոգեկոչում ապահովելու կողքին, կը շեշտէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման կտրուկ մերժումին եւ անոր դասաւանդման կարեւորութիւնը, իբրեւ նման ոճիրներու կանխարգիլման կարեւոր միջոց:

Նշենք, որ բանաձեւին ի նպաստ քուէարկեցին 226 դեմոկրատ եւ 178 հանրապետական քոնկրեսականներ եւ մէկ անկախ օրէնսդիր: Դէմ քուարկած 11 քոնկրսականներն ալ Հանրապետական կուսակցութեան անդամներ են:

Ձեռանպահ մնացող երեք քոնկրեսականներէն մէկն էր դեմոկրատ Իլհան Օմար, որ պնդեց, թէ Ցեղասպանութիւնը իբրեւ քաղաքական գործիք գործածելու գաղափարին դէմ է։

Բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած էր դեմոկրատ Էտըմ Շիֆի եւ հանրապետական Կաս Պիլիրաքիսի կողմէ:

Քուէարկութենէն առաջ տեղի ունեցած քննարկումին ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան քանի մը տասնեակ քոնկրէսականներ:

Ելոյթներուն մէջ յիշուեցան Օսմանեան կայսրութեան մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի վկայութիւնները Ցեղասպանութեան մասին եւ զուգահեռներ գծուեցան Ցեղասպանութեան եւ Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ քիւրտերուն դէմ վերջերս սկսած գործողութիւններուն միջեւ:

Շիֆ իր յուզիչ ելոյթին մէջ ընդգծեց, որ երբեք ուշ չէ ճանաչել Ցեղասպանութիւնը, սակայն այսօր այս քայլը ա՛լ աւելի արդիկան դարձած է Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք: «Մենք չենք կրնար ընտրել, թէ մարդկութեան դէմ կատարուած որ ոճիրը պէտք է ճանչնանք, իսկ որ մէկը չճանչնանք: Մենք պէտք չէ լռութեան մատնուինք օտար պետութեան մը կողմէ, այլ պէտք է հաստատենք, որ Օսմանեան կայսրութիւնը իրականացուցած է այս սարսափելի ոճիրը հայերուն դէմ », յայտարարեց Շիֆ:

Աւելի ուշ, Շիֆ հետեւեալը գրեց. «Ներկայացուցիչներու տունը քուէարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ. քուէարկութիւն՝ որուն համար պայքարած եմ 19 տարիներ, որուն տասնամեակներ շարունակ սպասած են իմ հայ եւ ամերիկացի ընտրողները: Մենք չենք մասնակցիր Ցեղասպանութեան ժխտումին: Մենք չենք լռեր: Մենք երբեք չենք մոռնար»։

Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատ մեծամասնութեան ղեկավար Սթենի Հոյըր իր ելոյթին մէջ ցաւ յայտնեց, որ Թուրքիա չէ հետեւած Գերմանիոյ օրինակին եւ ցարդ չէ ճանչցած Ցեղասպանութիւնը: «Այս մէկը հակաթրքական բանաձեւ չէ, այլ պատմական իրադարձութեան մը մասին բանաձեւ մըն է, որ եթէ չճանաչցուի, նման ոճիրներ կրնան կրկնուիլ», նշեց է ան:

Բանաձեւին ի նպաստ արտայայտուղներէն էր նաեւ Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսի, որ ընդգծեց անոր վաւերացման կարեւորութիւնը: «Այս մէկը ցեղային բնաջնջման ոճիր էր, զոր պէտք է ճանչնանք՝ իբրեւ ազատատենչ ժողովուրդ»:

Բանաձեւին ի նպաստ ելոյթ ունեցողներուն մէջ էին նաեւ հայկական արմատներ ունեցող քոնկրեսականներ Աննա Էշու եւ Ճեքի Սփիըր, Հայկական համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոն, Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ատենապետ Էլիըթ Էնկըլ եւ բազմաթիւ այլ քոնկրեսականներ:

Աւելցնենք, որ Ներկայացուցիչներու տան Հետախուզութեան հարցերու յանձնախումբի անդամ Տեւըն Նունիէզ կոչ ըրաւ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին, որ պաշտօնապէս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Ծերակոյտին մէջ նման բանաձեւի մը (թիւ 150) վաւերացումը ապահովելու աշխատանքը կ՛առաջնորդուի