Իսրայէլի Մէջ Կոչ Կ՛ընեն Հետեւելու ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու Տան Օրինակին եւ Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

Իսրայէլի նշանաւոր քաղաքական գործիչներէն երկուքը կոչ ըրած են երկրի իշխանութիւններուն ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը` հետեւելով Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատի օրինակին:

Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «The Times of Israel»-ը։ Ըստ աղբիւրին ողջոյններ ու ծափահարութիւններ հնչած են Հոկտեմբեր 29-ին ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին քուէարկութենէն ետք, երբ 405 կողմ, 11 դէմ ձայներով ընդունուեցաւ «Հաստատելով Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու արձանագրութիւնները» խորագիրով թիւ 296 բանաձեւը: Անիկա բացառիկ էր ԱՄՆ Քոնկրէսին մէջ, ուր տարբեր ձեւակերպումներով նախագիծեր դրուած էին շրջանառութեան մէջ, բայց երբեք չէին ընդունուած:

Իսրայէլական անգլալեզու օնլայն թերթի յօդուածագիրը կը նկատէ, որ Հոկտեմբեր 29-ը, երբ Թուրքիան կը նշէ Հանրապետութեան օրը, այսուհետեւ պիտի մնայ պատմութեան մէջ նաեւ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ Թուրքիոյ դէմ երկու նախագիծերու ընդունմամբ. միւսը այդ երկրի նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրառման օրինագիծն էր: Այս ամէնը տեղի կ՛ունենար Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելք ներխուժումէն եւ այդ տարածքները իրենց վերահսկողութեան տակ վերցուցած քիւրտերու վրայ յարձակումէն երեք շաբաթ անց:

«ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման քուէարկութիւնը ուղղուած էր պատմական արդարութեան ու ճշմարտութեան: Թուրքիոյ պէտք չէ թոյլ տալ` ահաբեկել աշխարհը` կորզելով ցեղասպանութեան ժխտում»,-նշած է «Կապոյտ եւ սպիտակ» կուսակցական դաշինքի առաջնորդներէն Եաիր Լապիտ, որ իր «Yesh Atid» կուսակցութեամբ բազմիցս բարձրացուցած է Քնեսեթի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: «Ես պիտի շարունակեմ Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ իմ պայքարը»,-ընդգծած է Լափիտ: Ան այս տարուան Ապրիլին խօսած էր Իսրայէլի «բարոյական եւ պատմական պատասխանատուութեան» մասին` նշելով, որ ժամանակն է իր երկրի կառավարութիւնը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ դադրեցնէ Թուրքիոյ ճնշումներուն դիմակայելու քաղաքականութիւնը: