Վարագայ Սուրբ Խաչի Տօնը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն
ՕՇԻՆ ԱԲՂ. ՉՈՒԱԼԵՐԹԱՆԵԱՆ

Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին տարուան ընթացքին չորս առիթներով, կ՛ոգեկոչէ Աստուածորդւոյն խաչին յիշատակը.

Ա. Երեւման Սուրբ Խաչ
Բ. Վերացման Սուրբ Խաչ կամ Խաչվերաց
Գ. Վարագայ Սուրբ Խաչ
Դ. Գիւտ Խաչի

Վարագայ Խաչին երեւման տօնը ազգային աւանդութեանց մէջ նշանաւոր տեղ գրաւած է, որ զուտ հայկական ծագում ունի եւ նուիրագործուած է հայկական աւանդութեամբ:

Ազգային աւանդութեան համաձայն, Սրբուհի Գայիանէ իր սանին` Սրբուհի Հռիփսիմէի վիզէն կախած էր իսկական խաչափայտին մասունքը, որ իր կարգին պահած էր իր բոլոր ուղեւորութիւններուն ընթացքին: Սակայն Վանի մօտ, Վարագ գտնուած ժամանակ,ան մասունքը վիզէն հանելով` զետեղած էր Վարագի գագաթը: Աւանդութեան համաձայն, երկու քահանաներ այնտեղ կը մնան Ս. Խաչի մասունքը պահպանելու համար: Հետագային քահանաներուն վախճանումէն ետք խաչափայտին տեղը  անծանօթ կը մնայ:

Այս աւանդութիւնը կենդանի պահուած մնաց Վանի կողմերը, եւ Վարագը յաջորդաբար ճգնաւորներու եւ ուխտաւորներու տեղ դարձաւ: Շրջանի ճգնաւորներէն` Թոդիկ եւ Յովէլ իրենց հոգեւոր փափաքներուն մէջ շարունակ կ՛աղօթէին Աստուծոյ, որ լերան ծոցին ծածկուած սուրբ գանձը յայտնէ իրենց: Գիշեր մը, այս երկու ճգնաւորները, երբ կ՛աղօթէին, յանկարծ երկինքի մէջ 12 սիւներով լուսաւոր տաճար մը կ՛երեւի, ուրկէ հրեշտակային փառաբանութիւններ կը լսուէին, եւ սիւներուն մէջն ալ կը փայլէր լուսասփիւռ խաչի նշան մը, որ օդէն բաժնուելով` կու գայ ու կը հանգչի եկեղեցւոյ սեղանին վրայ: Երկու ճգնաւորները եկեղեցի կը մտնեն եւ լուսեղէն Ս. Խաչը հոն կը տեսնեն:

Լուրը կը հասնի Վան քաղաքը, եւ խումբ մը հաւատացեալներ Վարագ կը բարձրանան, ուր 12 օրեր շարունակ ամէն մարդ կը տեսնէ եւ կը հաստատէ հրաշագործութիւնը: Սուրբ խաչափայտի մասունքը, որ շօշափելի կերպով ի յայտ եկած էր եկեղեցւոյ ս. սեղանին վրայ, այն օրէն սկսեալ ազգային բարեպաշտութեան առարկայ կը դառնայ: Այս դէպքին լուրը օրուան Ներսէս կաթողիկոսին կը հասնի` եւ ան ալ շուտով Վան գալով` Վարագ կը բարձրանայ: Ան եղելութիւնը ստուգելէ ետք, մեծ շուքով տօնախմբութիւն կը կատարէ եւ Հայ եկեղեցւոյ մէջ Վարագայ խաչին երեւման յիշատակի տարեկան տօնը կը հաստատէ, որ մինչեւ օրս մեծ յարգանքով կը տօնուի:

Այժմ տօնը կը կատարուի խաչի երրորդ կիրակին, որ սեպտեմբեր 25-էն հոկտեմբեր 1` եօթը օրերու շարժականութեամբ կը տօնուի:

Այս պատմութեան մասին ուրիշ տեսութիւններ ալ կան: Վարագայ երեւումին ստուգութիւնը հիմնուած է երկու ճգնաւորներուն խօսքին վրայ, սակայն ընդհանուր եւ աշխարհաքարոզ աւանդութեամբ հաստատուած է, ինչպէս` բոլոր նմանօրինակ եղելութիւնները: Կ՛ըսուի նաեւ, թէ արդեօ՞ք լոկ երեւոյթ մըն էր լուսաւոր խաչին տեսիլքը, թէ ոչ իրական եւ նիւթական խաչափայտի կտոր մըն էր երեւցածը: Ինչ ալ ըսուի տեսիլքին մեկնութեան մասին եւ ինչ իմաստ ալ տրուի անոր, իրական եղելութիւն կը մնայ, որ դարեր շարունակ ոգեւորեց մեր ժողովուրդը եւ ազգային բարեպաշտութեան առարկայ դարձաւ առաջին իսկ օրէն:

Հրաշալի երեւմամբ յայտնուած Սրբուհի Հռիփսիմէի վիզէն կախուած խաչափայտի մասունքը նախ պահուեցաւ Վերին Վարագի եկեղեցին, ուր շինուեցաւ Ներքին Վարագի մեծ վանքը եւ Սուրբ Նշանի եկեղեցին, եւ հոն փոխադրուեցաւ խաչափայտի մասունքը: Իսկ 1021-ին Սենեքերիմ Արծրունի Վասպուրականի թագաւորը իրեն հետ միասին Սեբաստիա փոխադրեց եւ Ս. Նշան վանք մըն ալ հոն շինեց, բայց 1026-ին անոր մահէն ետք Ս. Խաչի մասունքը դարձեալ Ներքին Վարագի եկեղեցին տարուեցաւ: Իսկ 1651-ին Խոշապի բռնապետները` Չոմար եւ Սիւլէյման, վանքին կողոպուտին մէջ յափշտակեցին զայն, սակայն անոնց չարաչար մահէն ետք, իրենց յաջորդը` Իպրահիմ 1655-ին ետ դարձուց, եւ այս անգամ վանեցիք, ապահովութեան համար, քաղաքին Սուրբ Տիրամայր եկեղեցին դրին մասունքը, որ այնուհետեւ սկսաւ Ս. Նշան կոչուիլ:

Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին յատուկ շարականով պատուած է տօնը, որուն հեղինակը յայտնի չէ, սակայն Վարագը միայն «Հարց» շարականին մէջ յիշուած է, եւ «Օրհնութիւն» շարականին մէջ երբեք Վարագի ակնարկ չկայ, մինչեւ իսկ «Ցնծացաւ Երուսաղէմ» խօսքերը կրնան ուղղակի Երուսաղէմի երեւումին առնչուիլ: Իսկ տեսիլքին նշանակութիւնը խորհրդաւոր էր խաչին փառաւորութեամբ, եւ խաչի հակառակորդներուն ձեռքէն ազատուելու զգացումներով կ՛ուրախանային հայրերը եւ խնդութեամբ կ՛երգէին. «Որ ետուր զէն ընդդէմ թշնամւոյն, պահպանեա՛ սովաւ զհաւատացեալս»: