Բացում «Թրամփը Պաշտօնազրկելու» Բեմադրութեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. Մահսէրէճեան

Ուքրայինայի նախագահին հետ ամիսներ առաջ նախագահ Թրամփի ունեցած հեռաձայնային խօսակցութեան կարգ մը ծալքերուն բացայայտումը ահաւասիկ անբարունակ նոր բեմադրութիւն մը կը ներկայացնէ ամերիկացի ժողովուրդին ու ամերիկեան մեքենայութիւններու թելերուն կապուած աշխարհին։ Սկսած է քակուիլ թատերական նոր ժապաւէն մը, որուն խորագիրն է հետեւեալ հարցումը. «Նախագահ Թրամփ պիտի պաշտօնազրկուի՞, թէ՞ դարձեալ հանդիսատես պիտի ըլլանք “բազում աղմուկ վասն ոչինչի”-ի նորագոյն տարբերակին»։

Ժապաւէնին արարները լուսարձակներէ հեռու սկիզբ առած են Յունիսին, Ուքրայինայի մէջ վարչակազմի փոփոխութենէն անմիջապէս ետք, սակայն բացայայտուեցան հազիւ շաբաթ մը առաջ, երբ ամերիկացի անանուն պաշտօնատար մը լսցուց, որ Թրամփ «մտահոգիչ զրոյց» մը ունեցած է նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ, ո՛չ թէ կատակերգակ դերասանի անոր նախկին վաստակին մասին, այլ վրան-բաց հրաւէր մը ուղղած է անոր, որոշ քայլերով ազդեցութիւն բերելու համար Միացեալ Նահանգներու նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւններուն վրայ։

Պաշտօնատարին գաղտնազերծումէն մօտաւորապէս շաբաթ մը ետք, Ներկայացուցիչներու Տան նախագահ Նէնսի Փելոսի Երեքշաբթի, 24 Սեպտեմբերի յետմիջօրէին պայթեցուց երկար ատեն քուլիսային սակարկութեան սեղանին վրայ ետ-առաջ գլոտորուող քաղաքական ռումբը, յայտարարելով, որ ո՛չ ոք ինքզինք պէտք է վեր դասէ օրէնքէն եւ թէ՝ խորհրդարանը քննութիւն պիտի բանայ նախագահ Թրամփի դաւադրական արարքին շուրջ, պիտի հետապնդէ նախագահին պաշտօնազրկումը։ Եւ ահա, խորհրդարանը Հինգշաբթի օր բացաւ հարցաքննութիւններու արարը, հաճելի ժամանց խոստանալով հանդիսատես հասարակութեան…

Թրամփի եւ կողմնակիցներուն հակազդեցութիւնը եղաւ այնպէս՝ ինչպէս եղած էին նախընթաց նման փորձութիւններու ատեն. անոնք յայտարարեցին, որ դեմոկրատները անհիմն մեղադրանքներ հրապարակ կը նետեն, Ուքրայինայի նախագահին հետ խօսակցութիւնը բարեկամական եւ շատ լաւ խօսակցութիւն մըն էր, ու հարց տուին, թէ «կ՛արժէ՞ նման խօսակցութեան մը համար նախագահ վար առնել» (Նիքսընի հրաժարականը աւելի մե՞ծ յանցանքի մը հետեւանք էր…)։ Հետեւեցաւ Սպիտակ Տան կողմէ խնդրոյ առարկայ խօսակցութեան արձանագրութեան մէկ բաժինին հրապարակումը. դեմոկրատները անոր մէջ տեսան իրենց մեղադրանքները հաստատող, բայց քիչ մը քողարկուած փաստեր, նշեցին, որ Թրամփ անվիճելիօրէն ճնշում բանեցուցած է Զելենսքիի վրայ, ակնարկելով, որ կրնայ վերաբանալ Ուքրայինայի տրամադրուած զինական օժանդակութեանց՝ կարճ ատեն մը առաջ փակուած խողովակը, պայմանաւ, որ Զելենսքի «բարիքով մը փոխադարձէ»՝ քննութիւն բանալով դեմոկրատներու խաղադաշտէն դէպի Սպիտակ Տուն վազող՝ նախկին փոխ նախագահ Ճօ Պայտընի ու անոր զաւկին՝ նիւթական գայթակղալի գործառնութեանց հաւանական մեղսակցութեան շուրջ։ Կրտսեր Պայտընը ուքրայինական քարիւղի ընկերութեան մը վարչութեան մաս կը կազմէր…

Ու բեմադրութիւնը մտաւ լիարժէք փոթորկումի մը փուլը, կը սպառնայ մոռացութեան մատնել Միւլըրի քննութիւններուն հետքերը։ Հազիւ թէ ակնարկութիւն կ՛ըլլայ քողածածուկ իրականութեան մը, թէ՝ հետզհետէ բացուող ծալքերը մէկ կողմէ ի յայտ կը բերեն առեւտրական-գործարարական աշխարհի համաշխարհայնացման հետեւանքները, իսկ միւս կողմէ՝ Թրամփի խօսակցութեան ընդմէջէն՝ ահա նոր իմաստ ու տարազում կը ներարկեն նոյնինքն համաշխարհայնացման մէկ վատ երեսի, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ քողը վար կ՛առնեն իշխանութիւնները ի՛սկապէս ղեկավարող եւ պետական մարդիկը իրենց լծկաններուն վերածող «աներեւոյթ ուժերուն» վրայէն։

***

Բացայայտ է, որ այս ու նման հակաճառութիւններ ներշնչում կ՛առնեն առաւելաբար ընտրական հաշիւներէ, ջուր կը բերեն հակադիր ջաղացքներուն։ Սա նորութիւն չէ։ Ուշագրաւ է այն, որ Փելոսի ցարդ կը մեղադրուէր Թրամփի պաշտօնազրկման քայլին դիմելու դանդաղկոտութեամբ. կ՛ըսուէր, թէ ան քուէներու հաշիւի մասնագէտ մըն է (արդէն աշխարհը հիմա քիչ մը ամէն տեղ քուէէ այլ առանցք ունի՞…), անցեալ ամիսներուն նկատած էր, որ նման քայլի մը համար բաւարար քուէ չունէր իր կողքին. իսկ հիմա, այս գաղտազերծումը մեկնակէտ առնելով՝ կը թուի թէ կտրած է Ռիւպիքոնը եւ կը յուսայ թէ պիտի յաջողի ապահովել ցանկացուած քուէները։ Ծերակոյտին մէջ ալ (ուր հանրապետականները ձայներու որոշ առաւելութիւն ունին) մեղմ հովեր կը փչեն ի նպաստ Փելոսիի առաջադրանքին։

Որոշ շրջանակներ համոզուած են, որ պաշտօնազրկումը տեղի պիտի ունենայ, որովհետեւ մեծ ձուկը ի վերջոյ կարթին կախուած է…։ Քննադատները կþըեն, որ պաշտօնազրկումը Թրամփի համար պիտի ըլլայ ամէնէն մեղմ պատիժը. նախագահութեան այլ թեկնածու մը՝ Էլիզապէթ Ուորըն, որ Թրամփի քմծիծաղին մէկ առարկան էր եղած մօտաւորապէս երկու տարի առաջ, վաղուց նախատեսութիւն ըրած էր, որ նախագահը ո՛չ միայն պիտի չկարենայ ամբողջացնել իր պաշտօնավարութեան օրինական ժամանակաշրջանը, այլ ինքզինք պիտի գտնէ … բանտի մը ճաղերուն ետին։
Շղթայազերծուած մեկնաբանութիւններուն մէջ կան մեծ բացականեր։ Օրինակ, ո՛չ ոք կը մտածէ, որ երկրին նախագահը նման վարկաբեկումի ենթարկելով՝ նոյնինքն երկիրն է ու պետութիւնն են տուժողը (որո՞ւ հոգը…). Փութինի հետ Թրամփի «լծակցութեան» մասին զրոյցները ատենին ըստ բաւականին վարկաբեկ ըրին ամերիկեան պետութիւնը, մեծ ուրախութիւն պատճառելով նման գայթակղութիւններու մէջ շահեր հետապնդող՝ աներկիր աներեւոյթներուն…։

Կը ծագին կարեւոր հարցումներ, որոնք ի յայտ կը բերեն կացութեան երգիծականութիւնը. խորհրդարանական քննութիւնները որքա՞ն պիտի տեւեն. Միւլըրի գործը երկարեցաւ շուրջ երկու տարի եւ փաստօրէն ոչինչ վճռեց. եթէ այս ալ նոյնքան ժամանակի պիտի կարօտի, Թրամփ արդէն աւարտած պիտի ըլլայ իր պաշտօնավարութեան շրջանը։ Այս փոթորիկը ի վերջոյ նպաստաբեր հովեր պիտի բերե՞ն նախագահին յառաջիկայ ընտրապայքարին, թէ՞ անկէ պիտի օգտուին նա՛եւ հանրապետական թեկնածուներ, որոնք աչք ունին Թրամփի աթոռին։ Իսկ եթէ պահ մը ենթադրենք, որ քննութիւնը մօտիկ ապագային երկիրը պիտի հասցնէ Թրամփի պաշտօնազրկման, ո՞վ մտածած է յաջորդ փուլի մասին։ Բեմի յառաջամասին վրայ պիտի տեսնուի երկու գլխաւոր զարգացում. առաջինը՝ անզսպելի պիտի դառնան կատակաբաններու եւ լուրջ մեկնաբաններու այն տեսութիւնը, ըստ որուն, Միացեալ Նահանգներու քաղաքական կեանքը պիտի ձերբազատի ապիկար ու անբան նախագահէ մը։ Իսկ յետո՞յ՝ ի՞նչ։ Յաջորդ քայլը ըստ օրինի պիտի ըլլայ Սպիտակ Տան ղեկին յանձնումը՝ փոխ նախագահ Փենսին։ Բայց չէ՞ որ ան ալ քննադատութիւններու եւ պարսաւանքներու թիրախ է եղած ընտրութենէն ի վեր, թէեւ միշտ ալ մնացած է Թրամփի ուղղուած վիթխարի պախարակումներուն շուքին մէջ. այլ խօսքով, կրնայ ստեղծուիլ «կարկուտէ փախելու եւ անձրեւի բռնուելու» վիճակ։ Աւելի՛ն. ո՞վ կրնայ երաշխաւորել, որ յաջորդ ընտրելի նախագահը պիտի ունենայ աւելի լաւ վարքագիծ. ի վերջոյ, Օպամա մը, Քլինթըն մը եւ Պուշերը եթէ այսօր ոմանց կողմէ կը յիշուին երանութեամբ, իրականութեան մէջ անոնց պաշտօնավարութեան օրերուն ալ գայթակղութիւններ ու դժգոհութիւններ շղթայ կազմած էին, իսկ անոնց մեկնումէն ետք, միշտ այսօրուանին նման «տաք բեմադրութիւններ»ով՝ մարդոց յիշողութիւնները մկրատումի ենթարկուեցան, նմանապէս՝ շատերու բանականութիւնը, առողջ դատելու ունակութիւնը բթացումի մատնուեցան։ Սա ամերիկեան բեմի առանձնայատկութիւն չէ յամենայնդէպս…

Խորքին մէջ, նախագահական իւրաքանչիւր ընտրապայքարի առիթով, մրցակիցներուն սարքած բանավէճերը մաս կը կազմեն ընդհանուր բեմադրութեան, որ կը զուարճացնէ, կը տաքցնէ-կը պաղեցնէ սիրտերը եւ զբաղ կը պահէ ժողովուրդը, հոլիվուտեան ժապաւէններէն աւելի՛ կը ներգրաւէ ընտրողները, անոնց կը պարգեւէ ժողովրդավարութիւն խաղալու… ինքնախաբէութիւնը. ակնարկները կը շեղուին իսկական հարցերէն ու տագնապներէն։ Կը քողարկուի ու մոռացութեան կը մատնուի մանաւանդ այն իրականութիւնը, որ բեմին յառաջամասի դերակատարները, անոնք ըլլան նախագահ, խորհրդարանականներ, վարչամեքենայի անդամներ ու այլազան պաշտօնատարներ, մեծ մասամբ կը շարժին բեմին ետին կանգնող «աներկիր հզօրներու» քմայքին համաձայն, բեմին յետսամասին մղուող իսկական մրցումները կը պահուին քողածածուկ։

…21-րդ դարու աշխարհին դժբախտութիւններէն մէկն ալ այն է, որ ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներու, այլ նաեւ տարբեր ցամաքամասերու հզօր ու փոքր երկիրներու վարչակազմերուն ղեկին կը հասնին մարդիկ, որոնք իրականութեան մէջ պարտէզներու մէջ խնձոր ու սալոր հաւաքելու իսկ ատակ չեն, կամ կրնան լաւ մունետիկներ ըլլալ։ Պետական մարդոց սակարանը տարուէ տարի ու հանգրուանէ հանգրուան արագ անկում կ՛ապրի, կենսոլորտի ապականումէն աւելի՛ մեծ աղէտներ սպառնալով մարդկութեան ու աշխարհին, մինչդեռ միտքի ու արհեստագիտութեան համաչափ զարգացումէն կը սպասուի բոլորովին այլ ընթացք՝ բարիքի՛ ու բարեշրջումի ընթացքը։