ՊԲ-ի Ստորաբաժանումները Զօրաշարժեր ու Վերախմբաւորումներ Իրականացուցած Են

Այլեւայլ, Հայաստան

Համաձայն ռազմավարական զօրավարժութեան ղեկավարութեան կողմէ իջեցուած համապատասխան ներմուծականներուն՝ Սեպտեմբեր 28-ին եւ 29-ին ՊԲ-ի ստորաբաժանումները իրականացուցած են զօրաշարժեր ու վերախմբաւորումներ, ծաւալած պայմանական մարտական իրադրութեան փոփոխութիւններով պայմանաւորուած նոր բնագիծերու մէջ եւ անցած յետագայ խնդիրներու կատարման:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նոյն ժամանակահատուածին հիւսիսային ուղղութեամբ գործող միաւորման ենթակայ շարք մը ստորաբաժանումներ, գիշերային ու ցերեկային ժամերուն, ներգրաւուած են մարտական հրաձգութեամբ ուղեկցուող վաշտային-մարտավարական զօրավարժութիւններու մէջ, որոնց ընթացքին, իրականութեան առաւելագոյնս մօտ պայմաններու մէջ, խաղարկուած են տուեալ ստորաբաժանումներու մարտական խնդիրներուն համահունչ պաշտպանողական ու հակայարձակողական բնոյթի մարտական դրուագներ:

Իրականացուած քայլերուն ընթացքին, որ վերահսկած են հանրապետութեան զինուած ուժերու բարձրաստիճան հրամանատարական կազմի ներկայացուցիրները, անձնակազմը ցուցաբերած է մարտական ու հոգեբանական պատրաստութեան բարձր մակարդակ եւ գերազանց կատարած առաջադրուած խնդիրները: