Գոռ Մինասեան Ծանրաբարձութեան Աշխարհի Ախոյեանութեան Արծաթէ, իսկ Ռուբէն Ալեքսանեան` Պրոնզէ Մետալակիրներ են

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի անդամ Գոռ Մինասեան դարձաւ աշխարհի ախոյեանութեան արծաթէ, Ռուբէն Ալեքսանեան` պրոնզէ մետալակիր:

«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` Թայլանտի Պատայա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ախոյեանութեան գերծանր դասարակգին մէջ մրցեցաւ Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Գոռ Մինասեանը, որ պոկում վարժութեան բոլոր երեք մօտեցումներուն յաջորդաբար բարձրացուց 200, 207 եւ 212 քկ․` դառնալով փոքր արծաթէ մետալակիր: Հրում վարժութեան մէջ գիւմրեցի ծանրորդը 248 քկ․ կշռող ծանրաձողը բարձրացուց եւ այս ձեւով եւս նուաճեց արծաթէ մետալ: Երկամարտի 460 քկ․ արդիւնքով Գոռ Մինասեան աշխարհի փոխախոյեան է:

Հայաստանէն Ռուբէն Ալեքսանեան պոկում վարժութեան մէջ բարձրացուց միայն 192 քկ․։ Հրում ձեւին մէջ Ալեքսանեան յաջորդաբար բարձրացուց 241 քկ․ եւ 245 քկ․` դառնալով փոքր պրոնզէ մետալակիր: Երկամարտին մէջ գրաւելով երրորդ տեղը:

Մինչ այս Հայաստան աշխարհի այս ախոյանութեան նուաճած է երկու ոսկէ մետալ: Աշխարհի ախոյաններ դարձած էին Յակոբ Մկրտչեան եւ Սիմոն Մարտիրոսեան: