Քիմ Քարտաշեան իր «SKIMS» Արտադրութիւնը Հայաստան Բերելու Մեծ Ծրագիրներ Ունի

Աշխարհ, Հայաստան

Քիմ Քարտաշեանի այցը Հայաստան զարմանալի նորութիւններ կը խոստանայ, քանի որ, ինչպէս ան կը նշէ, ունի մեծ ծրագիրներ:  Ան չէ բացառած ապագային Հայաստանի մէջ իր «SKIMS» ապրանքանիշի արտադրութեամբ աշխատատեղեր բանալու հեռանկարը:

Քարտաշեան այս մասին գրած է «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ` արձագանգելով Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբի քննադատական գրառումին, որ Քիմը կը պատրաստուի «SKIMS» ապրանքանիշի  արտադրութիւն հիմնել Թուրքիոյ մէջ:

Յանձնախումբը, շնորհակալութիւն յայտնելով Քարտաշեանին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման  եւ համաշխարային իրազեկութեան բարձրացման գործին մէջ ունեցած ջանքերուն համար, նկատած էր, որ ան կը ծրագրէ արտադրութիւնը հիմնել Թուրքիոյ մէջ, ոչ թէ Հայաստանի, որ յայտնի է իր արհեստագործութեամբ եւ ծառայութիւններով:

«Շնորհակալութիւն ձեր մտահոգութիւններուն եւ աջակցութեան համար:  Երբ ես կ՛երազէի ունենալ իմ սեփական ընկերութիւնը, ես կը ցանկայի, որ ամէն կտորը պատրաստուի հնարաւոր ամենալաւ եղանակով, ամենալաւ հիումքով, սկսած նախագծման փուլէն մինչեւ ստեղծում, փորձարկում, նորարարութիւն եւ մատուցում»,-«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` նշած է Քարտաշեան:  Անոր խօսքով` չի ցանկար, որ անցեալի իրադարձութիւնները հիմք հանդիսանան ոեւէ մէկու կամ ոեւէ ազգի նկատմամբ խտրական վերաբերմունքի համար: Քարտաշեան ընդգծած է, որ յանձնառու կը մնայ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը առաջ մղելու ջանքերուն:

«Յառաջիկայ երկու շաբաթուան ընթացքին ես պիտի այցելեմ Հայաստան եւ յոյս ունիմ գտնել ուղիներ` աւելցնելու առեւտրաշրջանառութիւնը եւ լիայոյս եմ ստեղծել աշխատատեղեր Հայաստանցիներու համար, որ կրնայ ըլլալ ապագային ներառել նաեւ «SKIMS»-ի արտադրութիւնը: Ես այս ուղղութեամբ տքնաջան աշխատած եմ եւ յոյս ունիմ, որ Հայաստան իմ այցելութիւնը կը բերէ զարմանալի նորութիւններ, քանի որ ես մեծ ծրագիրներ ունիմ»,-նշած է ան:

SKIMS-ը Քարտաշեանի հիմնադրած նոր` լուծումներ առաջադրող ուղղութիւնն է ներքնազգեստի արտադրութեան մէջ. անոնք, ամբողջովին եւ ձիգ ընդգրկելով մարմինը, տալով յատուկ ձեւ, անթերիութեան տպաւորութիւն կը ստեղծեն:

Ան Հայաստան պիտի այցելէ՝ մասնակցելու Երեւանի մէջ Հոկտեմբեր 6-9 տեղի ունենալիք WCIT 2019 ՏԱ համաշխարհային համաժողովին` որպէս յատուկ հիմնական զեկուցող եւ նիստավար: