Խոհեր Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդի Կազմութեան Առիթով

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Փանոս Թիթիզեան

Վերջերս հայ մամուլին տրուած յայտարարութենէ մը կը տեղեկանանք համագաղութային բնոյթով նոր կառոյցի մը կազմութեան մասին, Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդ անունով: Անիկա կը նպատակադրէ գաղութին բոլոր կառոյցներուն ոյժերը ի մի բերել, համակարգել ու միասնական ոգիով գործի լծել. գաղութին կարիքներուն աւելի արդիւնաւէտ կերպով հասնիլ, ինչպէս նաեւ կանխարգիլել տեղի հայութեան շահերուն բախող ժխտական զարգացումները:

Ինչպէս շեշտուած է վերոյիշեալ յայտարարութեան մէջ՝ նորակազմ մարմինը ունի տեղական բնոյթ եւ չի ձգտիր որեւէ մարմինի հրահանգ արձակել: Այսինքն, անիկա չունի գործադիր (executive) հանգամանք:

Անիկա կը նպատակադրէ աւելի նպատակասլաց ու աւելի կազմակերպուած Սփիւռք մը ստեղծելու համար, անխտիր, բոլոր մեր ոյժերը մէկտեղել, համադրել եւ աւելի արդիւնաւէտ կերպով գործի մղել:

Անցնելէ առաջ մեր ընդհանուր խորհրդածութեանց եւ փարատելու համար կարգ մը տարակարծութիւններ, որոնք հոս ու հոն կը շրջին, կը փափաքինք ընդգծել հետեւեալ իրողութիւնը՝ խորհուրդը կը պատկանի ժողովուրդին եւ ո՛չ թէ անոր յարած քսաներեք կազմակերպութիւններուն: Անկէ դուրս մնացած խմբաւորումներ կամ անհատ ազգայիններ ազատօրէն կրնան իրենց յարգելի կարծիքը յայտնել: Ի դէպ, մեր կողմէ աւելցնենք հետեւեալը՝ մենք խորհուրդին մաս չենք կազմեր: Անոր՝ խորհուրդին կազմաւորման աշխատանքներուն մէջ որեւէ բաժին չունինք: Նաեւ՝ մենք հարցերը դուրսէն դիտող մը չենք: Միամիտ ալ չենք: Բնականաբար, երբ խորհուրդը այս կամ այն նպատակով շեղի իր նպատակէն,– բան մը, որուն ախտանշանները բացարձակապէս չենք տեսներ,– մեր ձայնը բարձրացնելու կամքը չի պակսիր մեզի:

Վերոյիշեալ նպատակները, սաղ-մնային բնոյթով սկիզբ առին Հայոց Ցեղասպանութեան յիսնամեակին, 1965ին, Լիբանանի մէջ: Արդարեւ, հայ երեք քաղաքական կուսակցութիւններն ու հայ յարանուանութեանց պետերը որոշեցին տեղի հայութիւնը համախմբել Պէյրութի »Քամիլ Շամուն« մարզադաշտին վրայ, միասնական ոգիով խոնարհիլ մէկուկէս միլիոն հայ անթաղ նահատակներուն յիշատակին առջեւ: Եւ 120 հազար հոգի,– ամէն, տարիքի ու հատուածի պատկանողներ,– վճռեցին յարատեւ ու յամառ հանգրուանային ճիգերով հետապնդել անկորնչելի Հայկական Դատը:

Անդին, Երեւանի հրապարակներուն վրայ տասնեակ հազարաւոր հայեր, »Մեր հողերը, մեր հողերը« բացագանչեցին: Եւ այս բոլորը Խորհրդային իշխանութեանց նայուածքին տակ: Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. հայրապետին միջամտութեան կարիքը զգացուեցաւ ցրելու համար ամբոխը, վերէն տրուած հրահանգին համաձայն:

Եւ այդ հանգրուանէն ետք, սփիւռքի բովանդակ տարածքին նոր զեփիւռ մը սկսաւ փչել. համազգային ու միասնական ոգիի:

Ուղիղ տասնամեակ մը ետք, 1975ին, քաղաքացիական կռիւները ծայր տուին Լիբանանի մէջ: Հայ երեք քաղաքական կուսակցութիւնները կեցուածք որդեգրեցին: Այսպէս կոչուած »Դրական չէզոքութիւն«, որ կը նշանակէր մասնակից չըլլալ եղբայրական կռիւներուն:

Շնորհիւ լիբանանահայութեան վարած իմաստուն քաղաքականութեան, տեղի հայ համայնքը նուազագոյն մարդկային եւ նիւթական կորուստով դուրս եկաւ Լիբանանի քաղաքացիական կռիւ-ներէն:

Եւ այս բոլոր ձեռքբերումները մենք կը պարտինք լիբանանահայութեան ցուցաբերած ազգային միասնականութեան ոգիին ու համագաղութային նիւթական զոհողութեանց:

Արդարեւ, մեծ հպարտութեամբ աւելցնենք, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին բացառիկ առիթով, համայն մեր ժողովուրդը հայրենիքի եւ Սփիւռքի լայն տարածքին ցուցաբերեց միասնականութեան հոյակապ ոգի, ինչպէս նաեւ համահայկական աշխատանք:

Արդարեւ, մակարդակ մը աւելի բարձրանալով, ազգային-քաղաքական հասունութիւն ցուցաբերեցինք Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին. բան մը, որ քաջալերեց, որպէսզի նախաձեռնուի Համահայկական նման խորհուրդի մը կազմաւորումը:

Բնականաբար, մեր հանրային կեանքին մէջ դեռեւս կը յամենան կարգ մը թերիներ, հատուածական առաջնահերթ նկատումներ, վերապահումներ, որոնք անյապաղ սրբագրութեան կը կարօտին: Այլապէս պատմութիւնը ետ պիտի թողու անոնց պատասխանատուները: Կարաւանը կը քալէ:

***

Զուգահեռ Սփիւռքի զարգացումներուն, հակիրճ կերպով անդրադառնանք հայրենիքի մէջ խմորուող իրադարձութեանց:

Նուազ քան մէկուկէս տարի առաջ տեղի ունեցած Թաւշեայ յեղափոխութիւնը մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ ժողովուրդին կողմէ: Երկիրը ձերբազատուեցաւ »օլիկարխ«ներու մենատիրութիւններէն: Յարաբերաբար կարճ ժամանակի մը ընթացքին տնտեսական զարգացումները զգալի դարձան: Լաւատեսութիւնը սկսաւ տիրել ամէնուրեք: Միւս կողմէ, սփիւռքահայութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեց Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած իշխանութիւնը:

Մետալին միւս կողմը դարձնելով՝ կան նաեւ կարգ մը թերիներ: Վարչապետ Փաշինեանի կողմէ բարձր պետական պաշտօններու նշանակուած տղաքը տակաւին շատ անփորձ են: Անոնք ատակ են լուրջ սխալներ գործելու: Տակաւին խորհրդարանին կը պակսի «checks and balance»ի դրութիւնը: Քաղաքական դրութեան եթէ պակսի առողջ ընդդիմութիւնը, իշխանութեան գլուխը անցնող ղեկավարները կը դառնան «autocrat»:

Սոյն յօդուածը մամուլին յանձնելէ անմիջապէս առաջ, միջազգային լրատուական միջոցներ հաղորդեցին, թէ միջազգային փոխատուութիւն կատարող կազմակերպութիւններ իջեցուցած են Հայաստանին տրուող փոխառութեան տոկոսը, սակը: Այս մէկը կարեւոր բարենիշ մըն է Փաշինեանի գլխաւորած իշխանութեան համար: Լաւատեսութիւն ներշնչող այս լուրին պատճառ հանդիսացող ազդակը այն է, թէ Հայաստանի «macroeconomic» կացութիւնը բարելաւուած է զգալիօրէն: Առաւել, միջազգային այդ ընկերութիւնները կը հաւատան, թէ Հայաստանի կայունութիւնը պիտի շարունակուի ապագային:

Ի հեճուկս Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ, որոնք »գունաւոր յեղափոխութեանց« իբրեւ հետեւանք՝ աշխարհաքաղաքական նոր արեւելում որդեգրեցին (այդ երկիրները ծանրօրէն վնասուեցան, մասնահատուեցան), Հայաստանի իշխանութիւնները իմաստուն շարժեցան, պահելով արտաքին քաղաքականութեան պարագային, իրենց ստանձնած յանձնառութիւնները:

Եւ այսօր, փաստօրէն, Հայաստան կը տուայտի թրքական հայաջինջ քաղաքականութեան եւ ռուսական դէպի հարաւային Կովկաս իր ազդեցութիւնը պահելու եւ տարածելու փառասիրութեան միջեւ:

Հայաստան ներկայիս կը գտնուի թշուառ ու կղզիացած վիճակի մը մէջ, հակառակ վարչապետ Փաշինեանի օրով արձանագրուող յառաջդիմութեան, գրեթէ ամէն մարզի մէջ: Փաշինեան, տեղէ տեղ շրջելով, բազմաթիւ համաձայնութիւններ կնքելով, կը ջանայ երկիրը դուրս բերել անբաղձալի վիճակէն:
Հայ իրականութիւնը այսօր, երեք սիւներու վրայ կը կռթնի. Հայաստան, Սփիւռք եւ Արցախ: Այս երեք ոյժերուն ներդաշնակ, հեզասահ եւ համախոհ աշխատանքով, եւ իւրաքանչիւրին վիճակուած յստակ դերով միայն կարելի է դիմակալել ապագան:

Ցաւով պէտք է մատնանշել այն իրողութիւնը, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները Սփիւռքին նայեցան առաւելաբար իբրեւ տնտեսական եւ ֆինանսական ներդրումի աղբիւր, այլ մարզերէ Սփիւռքը հեռու պահելով միշտ: Սխալ եւ վնասակար է այս կեցուածքը: Այո՛, ճիշդ է որ Երեւանը սիրտն է հայութեան, անիկա է որ մեզ իբրեւ ինքնիշխան պետութիւն կը ներկայացնէ միջազգային ատեաններու եւ երկիրներու քով, սակայն եւ այնպէս, Երեւան առանձինն ի վիճակի չէ հայ ժողովուրդին ճակատագիրը տնօրինելու: Հայաստան անհրաժեշտօրէն պէտք ունի Սփիւռքին: Քանզի Հայ Սփիւռքը գիտական, արհեստագիտական, տնտեսական եւ ֆինանսական մեծ ոյժ է, արտաքին մեծ ընկերութիւններու հետ սերտ յարաբերութիւն մշակելու մեծ կարողութեան եւ կարելիութեան ատակ:

Հարկ է համազգային ծրագիր մը մշակել,– բնականաբար Հայաստանի գլխաւորութեամբ,– ուր Սփիւռքի դերը յստակօրէն սահմանուած ըլլայ:

Գալով Արցախին, անիկա իր դերը բոլորովին կը կատարէ: Վերջերս, հորիզոնին վրայ յուսատու նշաններ կ՛ուրուագծուին: Թէեւ փոքր, սակայն խորհրդանշական մեծ իմաստ ունեցող: Ատրպէյճան այնպէս կը թուի, թէ պատրաստ է Հայաստանի հետ լուրջ բանակցութիւն կատարելու: Բան մը, որ զգուշաւոր լաւատեսութիւն կը ներշնչէ: Ամէն պարագայի տակ, Արցախի համար յատուկ ծրագիր մը պէտք է գծուի, ուր յստակ կերպով ճշդուած ըլլան, թէ ո՛ր հարցերը բանակցութեան կը կարօտին եւ որո՛նք բացառուած են:

***

Եզրակացնելով, կը փափաքինք հետեւեալը աւելցնել: Արեւմտեան Ամերիկայի համահայկական խորհուրդի կազմաւորումը մեզ առաջնորդեց համազգային համապարփակ խորհրդածութեանց: Մենք՝ ազգովին, պէտք ունինք համազգային մտածողութեամբ եւ կենսական հարցերու պարագային միասնական ոգիով շարժելու: Ա՛յդ կը պարտադրեն ներկայ ժամանակները:

Այս առնչութեամբ, նորակազմ Համահայկական խորհուրդը ճիշդ վայրի մէջ՝ Լոս Անճելըս, ճիշդ նախաքայլ մըն է, ճիշդ նշանակէտով:

Շահան Շահնուր կ՛ըսէ, թէ ամբողջ ոյժովդ վազէ դէմը նպատակիդ, բայց նախ նայէ, որ
նպատակակէտդ վազած ուղղութեանդ վրայ ըլլայ:

ՓԱՆՈՍ ԹԻԹԻԶԵԱՆ երկար տարիներ եղած է ՌԱԿի Լիբանանի եւ Կեդրոնական վարչութեան ղեկավարներէն