Հայաստան Պիտի Այցելէ ԱՄՆ Քոնկրէսականներու Պատուիրակութիւն Մը

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի կառավարութեան հետ համագործակցութեան գործնական ծրագրերը քննարկելու նպատակով՝ Հոկտեմբեր 1-ին՝ մէկշաբաթեայ այցով Հայաստան պիտի  ժամանէ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած պիտի ըլլան թէ՛ դեմոկրատական եւ թէ՛ հանրապետական կուսակցութիւններու քոնկրէսականներ: Այս մասին կը յայտնէ «Ամերիկայի ձայն»-ը՝ վկայակոչելով քոնկրէսական Ճէքի Սփիր-Կանչելեանի խօսքը՝ Ամերիկայի հայկական համագումարի երեկոյին ընթացքին: «Համոզուած եմ, որ հպարտութիւն պիտի զգանք Հայաստանի նոր իրականութեան ականատես ըլլալով։ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը դարձած է շօշափելի, երբ աշխարհի մէջ անիկա անկում կ՝ապրի: Հայաստանը այս գորշ պատկերին մէջ լուսաւոր կէտ է, եւ մեր բոլորիս պարտականութիւնն է վառ պահել այդ լոյսը»,- ըսած է Սփիր-Կանչելեան:

Անոր խօսքով՝ Միացեալ Նահանգները պէտք է աջակցի Հայաստանին ժողովրդավարութեան հաստատման գործին: 2018-ի Թաւշեայ յեղափոխութիւնը աննախադէպ իրադարձութիւն էր ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ՝ ողջ աշխարհի համար. «Ես միշտ հպարտացած եմ իմ հայկական արմատներով, սակայն հիմա առանձնակի հպարտութիւն կը զգամ, միշտ հաւատացած եմ սերտ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն, սակայն երբեք անոնց ամրութեան չեմ հաւատացած այնքան, որքան հիմա, միշտ յոյս ունեցած եմ տեսնելու Հայաստանը իբրեւ ժողովրդավար երկիր, հիմա ատիկա միայն երազանք չէ»:

Քոնկրէսականի կարծիքով, Հայաստանը այժմ ունի երեք հիմնական մարտահրաւէր՝ Թաւշեայ յեղափոխութեան ընձեռած հնարաւորութիւններով զարգացնել տնտեսութիւնը, ամրապնդել դիրքերը տարածաշրջանին մէջ եւ հնարաւորութիւններ բանալ սեփական քաղաքացիներու համար։ «Իրականացնել ժողովրդավարական բարեփոխումներ, պայքարիլ փտածութեան դէմ, մարտահրաւէրներ, որոնք աւելի յաղթահարելի են հանրութեան մեծ աջակցութիւն վայելող կառավարութեան համար»,- նշած է ԱՄՆ քոնկրէսականը: