Լուսինէ Զաքարեանի Տուն-Թանգարանը Ունի Իր Այցելուները Ընդունելու Իւրայատուկ Եղանակ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Լիւսի Տէօքմէճեան կը գրէ

Յունիս 1-ին Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ 1937 թուականի ա՛յդ օրը ծնունդ առած՝ հայ հոգեւոր երգերու անզուգական կատարող, սոփրանօ Լուսինէ Զաքարեանի տուն-թանգարանին: Եւ որպէս նորաբաց թանգարան, անցած Օգոստոս ամսուն Հայաստան կատարած այցելութեանս ընթացքին այդ վայրը կը գտնուէր իմ այցելելիք վայրերու ցանկին մէջ:

Լուսինէ Զաքարեանի մասին գաղափար ունիմ, թէեւ, ճիշդը ըսելու համար, զինք յաճախ լսելու սովորութիւնը չունիմ, տրուած ըլլալով, որ ինք մեկնաբանած է հոգեւոր երգեր ու շարականներ, այսինքն՝ ժողովրդական երգերու չի նմանիր իր հրամցուցած արուեստը, զոր աւելի յաճախ կ’ունկնդրենք մեր առօրեային ընթացքին:

Թանգարանը, ըլլալով Զաքարեանի տունը, ուր բնակած է ան իր ամուսնոյն՝ Խորէն Պալեանի հետ, կահաւորուած է ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս նախապէս եղած է: Արդէն հազիւ մուտք կը գործես հոն, ինքզինքդ կը զգաս տան պէս հարազատ վայրի մը մէջ, ուր Լուսինէի նկարներն են, հագուստները, կահոյքն ու սպասքը: Ոչ-ընդարձակ տունը արդէն շուտով քեզ կը համակէ իր ջերմութեամբ: Եւ ահա իր ժպիտով այցելուները կը դիմաւորէ թանգարանի տնօրէնուհին՝ մաթեմատիկական լեզուաբանութեան մասնագէտ, գիտամանկավարժական եւ գեղարուեստական գործունէութիւն ծաւալած, ուսումնադաստիարակչական աշխատանքներ տարած, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պիոէթիքսի ամբիոնի հայաստանեան մասնաճիւղի վարիչ Տիկ. Սուսաննա Դաւթեանը:

Տիկ. Դաւթեանը, որ եղած է նաեւ դաշնակահար եւ երկար տարիներ ընկերակցած է Լուսինէին, լաւագոյնս ներկայացուց հրեշտակաձայն երգչուհիին կեանքը: Ան այնքան ոգեւորութեամբ պատմեց Զաքարեանի կեանքի դրուագներէն, որ չէինք ուզեր աւարտէ պատմութիւնը: Ան խօսեցաւ նաեւ թանգարանը աւելի գրաւիչ դարձնելու իր ծրագրին մասին: Հաճելի եւ հաղորդական էր Տիկ. Սուսաննային ոճը, կարծես վաղուց ճանչցած ըլլայինք զինք: Եւ որպէսզի անջնջելի դրոշմ մը թողու մեր մէջ, ան ի գործ դրաւ թանգարանի այցելուները ընդունելու իր իւրայատուկ ձեւը. դաշնամուրի վրայ Շարլ Ազնաւուրի երգերէն մին նուագելով ու ինք երգելով նախ մեր բազկերակը շօշափելէ ետք, սկիզբ առաւ հայկական երգերու շարան մը, որ նուագի, երգեցողութեան ու պարի աննկարագրելի զուարթութեամբ, խինդ ու ծիծաղով թնդացուց ամբողջ թանգարանը:

Ինչպէս այցելուներու տետրակին մէջ օրին մեծ ուրախութեամբ գրառում կատարած էի, նոյնն ալ այստեղ կը կրկնեմ՝ որեւէ վայրկեան մտքովս չէի անցուցած, որ Լուսինէ Զաքարեանի տուն-թանգարան այցելութիւնը այդքան գեղեցիկ եւ անջնջելի յուշեր պիտի շնորհէր ինծի:

Ես վստահ եմ, որ սփիւռքահայ նորահաս սերունդը, դժբախտաբար, քիչ բան գիտէ Լուսինէ Զաքարեանի մասին. ուրեմն, շատ կարեւոր է, որ դպրոցներուն մէջ երաժշտութեան դասապահերուն աշակերտներուն լիարժէք փոխանցուի նաեւ մեծ աւանդ ունեցող մեր բոլոր արուեստագէտներուն մասին, ընդ որում Լուսինէ Զաքարեանը, որուն անունը առնչուած է մեր հոգեւոր երաժշտութեան հետ, եւ որուն համար Վազգէն Ա. կաթողիկոս ըսած է,  որ երբ Լուսինէն շարականները կ’երգէ, հրեշտակները կ’իջնեն Մայր Աթոռ ու կը փառաբանեն զԱստուած: Իսկ Պարոյր Սեւակ ըսած է՝ Լուսինէն ոչ թէ կ’երգէ, այլ՝ կ’աղօթէ:

Ի վերջոյ, աւելի մօտէն ծանօթանալու համար երգչուհիին կեանքին ու արուեստին, Երեւան այցելուները անպայմանօրէն առիթը պէտք չէ փախցնեն հանդիպելու Զաքարեանի տուն-թանգարան, որ այցելուները հիւրընկալելու իր իւրայատուկ եղանակը ունի, տնօրէնութեամբ Տիկ. Սուսաննա Դաւթեանին, որ, վստահ եմ, միայն պիտի աւելի փայլեցնէ Լուսինէ Զաքարեանի արդէն շողացող աստղը: