Գանատայի «Հորիզոն»ը Նշեց Իր 40-ամեակը

Սփիւռք

Սեպտեմբեր 14-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Գանատայի Հորիզոն շաբաթաթերթի հիմնադրութեան 40-ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւն-ճաշկերոյթը, ներկայութեամբ Դաշնակցային երեսփոխան Ֆայսալ Խուրիի, Գանատայի Զբօսաշրջութեան, լեզուի եւ ֆրանսախօսութեան նախարար Մելանի Ժոլիի, Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեանի: Այս մասին կը յայտնէ Հորիզոնը։

Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկաւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ «Նոր ծաղիկ» մանկապատանեկան երգչախումբը, խմբավարութեամբ տիկին Էլիզապէթ Պտղունի Հարպոյեանի, նուագակցութեամբ տիկին Դալար Հարպոյեան Գալլօղլեանի, մեկնաբանելով «Ով մեծասքանչ», «Մայրենի լեզու» եւ փունջ մը ժողովրդական ու ազգային երգեր: «Հորովել» երգով հանդէս եկաւ գանատահայ երգիչ Էլի Պէրպէրեան, նուագակցութեան տուտուկահար Վաղօ Ադամեանի:

Խօսք առաւ Գանատայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, որ շնորհաւորելէ ետք «Հորիզոն»ի աշխատակազմն ու աջակիցները՝ յայտնեց. «Հորիզոն»ը կը պատկանի մամլոյ այն մեծ ընտանիքին, որ 19-րդ դարու վերջաւորութենէն կը կոչուի դաշնակցական մամուլ, այն յանձնառու, մարտունակ, իր խօսքն ու ըսելիքը չծամող մամուլին, որ իր ձայնը լսելի դարձուցած է գրաւեալ Հայաստանէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախի Հանրապետութենէն, սփիւռքէն՝ ամէնուրեք, պատնէշի վրայ կեցած այն ընտանիքին, որ կը կոչուի դաշնակցական մամուլ եւ կը մնայ անոր առաջատար ներկայացուցիչներէն մին»: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Գաղափարը ինքնին զէնք է, եւ մեր ծնած օրէն մենք անոր հաւատացած ենք. մէկ գաղափար մը բաւարար է, որ ամբողջ համայնք մը, ամբողջ ազգ մը շարժէ դէպի յատուկ ուղղութիւն. եւ մենք գաղափարը իբրեւ զէնք, իբրեւ մեր ազգագրական պայքարի ուղղութիւն ունենալով՝ պիտի շարունակենք, «Հորիզոն»ի դրօշով, մինչեւ մեր երազներու ամբողջական իրականացումը, հոսկէ մինչեւ Արցախ, մինչեւ ամբողջական Հայաստան»:

Նախարարուհի Մելանի Ժոլի իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց գանատահայ գաղութն ու Հորիզոնի մեծ ընտանիքը՝ նման կարեւոր լրատուամիջոց մը ունենալուն եւ անոր 40-ամեակին առթիւ: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց Գանատայի մէջ խօսքի ազատութեան կիրակումն ու ընկերվարական օրէնքներու համաձայն գործելը՝ «Հորիզոն»ի ճամբով, նաեւ յայտնեց, թէ «Հորիզոն»ը գանատահայ գաղութին համար այն կարեւոր հարթակն է Գանատայի հասրակական ու քաղաքական կեանքին մասնակից դառնալու: Նշենք, որ նախարարուհին չորս տարիէ ի վեր կը հովանաւորէ «Հորիզոն»ի ամառնային աշակերտական վարժողական ծրագիրը:

Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի ողջոյնի խօսքը տեսերիզով փոխանցուեցաւ ներկաներուն, որուն մէջ ան յայտնեց. «Շաբաթաթերթի մշտապէս թարմացուող նիւթերով է՛լ աւելի է ընդլայնում ընթերցողների շրջանակը: Անառարկելի է «Հորիզոն» շաբաթաթերթի աւանդը՝ հայապահպանութեան, հայոց լեզուի, հայրենի պատմութեան ու մշակոյթի տարածման գործում»: Ան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Մաղթում եմ, որ գալիք տարիները դառնան լրատուական նորանոր հորիզոններ նուաճելու, ստեղծագործական եւ հայրենանուէր ծրագիրներ իրագործելու տարիներ»: Անկէ ետք ցուցադրուեցաւ «Հորիզոն»ի 40-ամեակին առթիւ պատրաստուած յատուկ տեսերիզ մը, որուն ձեւայղացքը կատարած էր 2019 տարուան վարժողական ծրագրին գործակատար Յովիկ Կէտիկեանը:

Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի շնորհաւորական ուղերձի ընթերցումէն ետք տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւն:

Խօսք առաւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, որ իր խօսքը սկսաւ յիշելով «Հորիզոն»ի այն գործընկերները, որոնք առյաւէտ բաժնուած են մեզմէ, ապա յիշեց նախկին խմբագիրներն ու գործընկերները, ապա ողջունեց ներկաներն ու «Հորիզոն»ի մեծ ընտանիքը: Ան անդրադառնալով գանատական քաղաքական գետնի վրայ, շաբաթաթերթին հանրային յարաբերական գործունէութեան՝ յայտնեց. «Այսօրուան դրութեամբ, «Հորիզոն» երկու անգամ հրաւիրուած է Գանատայի վարչապետին հետ մամլոյ ասուլիսի, աւելի քան 10 գանատացի նախարարներու հետ հարցազրոյց կատարած է, ինչպէս նաեւ նահանգային վարչապետներու եւ քաղաքապետներու հետ»: Ան անդրադարձաւ այն իրողութեան, թէ թրքական եւ ատրպէյճանական հակահայ քարոզչութեան դէմ «Հորիզոն» իր առաքելութեան հաւատարիմ՝ սուր կերպով հակադարձած է, որուն իբրեւ արդիւնք մի քանի տարի առաջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յատուկ հաղորդագրութեամբ բողոք արձանագրած է «Հորիզոն»ի դէմ։ Անդրադառնալով Արցախի գոյամարտին խմբագիրը յայտնեց, թէ «Հորիզոն» Արցախի հետ է լրագրական ծիրէն ներս թէ դուրս, գործնապէս եւ բարոյապէս: «Արցախի գծով «Հորիզոն»ը ունի մէկ ու միակ քաղաքական բանաձեւում. ՈՉ ՄԷԿ ԶԻՋՈՒՄ», ըսաւ ան: Խմբագիրը իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Հորիզոն»ի առաջին թիւով, Մայիս 28, 1979-ին, առաջին խմբագրականով յայտարարած ենք, որ պիտի աւետենք Հայաստանի անկախութիւնը։ Այսօր, կը վերահաստատենք այդ խոստումը, եւ ձեզի կը յայտնենք, որ վստա՛հ եղէք, թէ «Հորիզոն»ի էջերով կ՚աւետենք նաեւ միաւորուած Հայաստանի աւետիսը»:

Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս: Ան նախ ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառին Օրհնութեան գիրը, որ Ազգային Առաջնորդարանի Օրհնութեան գիրին հետ յանձնուեցաւ խմբագրին, ապա փոխանցեց իր սրտի խօսքը, որուն մէջ յայտնեց. «Մամուլը խօսք է, մամուլը պատգամ եւ դաստիարակութիւն է, մամուլը նաեւ հայ լեզուի ու պատմութեան ուսուցում է, որ պէտք է հասնի ու դրոշմուի մեր ժողովուրդին ու յատկապէս նոր սերունդին մտքին ու խղճին մէջ»: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Հորիզոն»ը 40 տարիէ ի վեր կը գործէ եւ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ շնորհիւ մեր բոլորին զօրակցութեան ու աջակցութեան»:

«Հայ մամուլի տարուան» առթիւ Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ Գիր Օրհնութեան ստացան երկար տարիներ հայ մամուլին ծառայած մշակներ՝ Զեփիւռ Ասատուրեան եւ Վրէժ Արմէն Արթինեան: Գրական յաւելուածի, անգլերէն եւ ֆրանսերէն բաժիններու խմբագիր Վիգէն Աբրահամեան այս առթիւ արժանացաւ «Անանիա Շիրակացի» շքանշանին: Գեղեցիկ արուեստի գործ մը շնորհուեցաւ «Հորիզոն»ի վարչական պատասխանատու Սիլվա Էհրամճեան Պաշըքճեանի: Սրբազան Հօր խնդրանքով եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին սրբատառ կոնդակով «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան շնորհուեցաւ «Հորիզոն»ի խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի՝ իր 25-ամեայ հետեւողական ու նուիրեալ ծառայութեան առթիւ:

ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը շնորհաւորէ իր գործընկեր Հորիզոնի  40-ամեակը՝ մաղթելով յարատեւութիւն եւ նորանոր ձեռքբերումներ։