Ատիսը Չի Մեռնիր, Ատիսը Յաւերժ Է

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ԼԻՒՍԻ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆ    

1960-ական թուականներուն, երբ լիբանանահայ Ատիս Հարմանտեանը մուտք կը գործէր սփիւռքահայ երգարուեստի աշխարհ, գիտէ՞ր արդեօք, որ պիտի գայ օր մը, երբ պիտի ունենար անթիւ-անհամար երկրպագուներ: Գիտէ՞ր արդեօք, որ պիտի գայ օր մը, երբ պիտի դառնար իր երգերը անդադար կրկնող, անոնցմով սէր ապրող ու կարօտ արտայայտող ոչ միայն նորելուկ սիրահարներու, այլ նաեւ ամէն տարիքի կիներու կուռքը, շատ անգամներ տղամարդոց նախանձը անգամ գրգռելով:

Թերեւս 50 տարի առաջ Ատիս չէր գուշակած, թէ իր աստղը որքա՛ն փայլուն պիտի ըլլայ սփիւռքահայ երգարուեստի երկնակամարին վրայ, բայց վստահ եմ, որ կարճ ժամանակի մէջ հասկցաւ, որ ինք դարձաւ իր ասպարէզին մէջ արքայ մը,

– երբ տեսաւ իր «Ծաղիկներ, Ծաղիկներ»ուն անթառամութիւնը,

– երբ «Գիշեր է, Գիշեր»ը դարձաւ շատերու սիրոյ խոստովանանքը,

– երբ իրմով «Նորից Գարուն Եկաւ» շատ մը սրտերու մէջ,

– երբ ամէն անգամ, որ «Բարտիները Խշշացին»… իրար նայեցան ջահել աղջիկն ու տղան,

– երբ իր «Կարօտ» երգով շատեր տուն կանչեցին իրենց եարը՝ տեսքին, խօսքերուն ու ձայնին կարօտելով,

– երբ աշուղ դարձաւ սեւ-սեւ աչերին,

– երբ տղամարդիկ աղերսեցին իրենց եարին՝ «արեւուն տակ մի կենար… նայուածքէս մի հեռանար… ցաւդ ալ առնեմ սիրուն եար»,

– երբ սեւ աչերը սիրեցին, հակառակ «Սեւ աչերէն շատ վախեցիր» երգին,

– երբ շատերուն համբերութիւն ներշնչեց «Քո ցաւը իմ ցաւն է, քո լացը իմ լացն է» շշնջալով,

– երբ սիրուն աղջիկներուն դուռը թակեցին «թաշկինակս ներս մնաց» պատճառաբանելով,

– երբ դռներու առջեւէն «Մտամոլոր» անցնողներուն ականատես դարձաւ,

– երբ կոտրուած սրտեր արտասուելով փսփսացին «գնա՛, գնա՛, էլ չեմ լալու, իմ սիրտն էլ քեզ չեմ տալու»,

–  երբ «Նունէ, արի ինձ սիրէ» եւ «Լուսի, եկուր ինձ աղուորս» կանչին ընդառաջողներ եղան,

– երբ համարձակօրէն ըսաւ «Մի ամաչիր, սիրելն ամօթ չի»,

– երբ Երեւանը անգամ դարձաւ իր վարդագոյն գեղեցկուհին,

– երբ Լիբանանին վստահեցուց, որ «ինչքան էլ երկինքդ ամպոտի, քո հանգամանքը երբեք դու չես կորցնի»:

 

Ատիսը 50  տարի երգեց սէրը, կարօտը, հայրենիքը, հայրենասիրութիւնը: Ո՞ր սփիւռքահայը չէ լսած Ատիսին անուան ու արուեստին մասին. մարդիկ եթէ անոր սիրահարած չեն, ապա անպայման անոր երգերը սիրողն են, ունկնդրողն ու գնահատողն են: Ան հեռացաւ այս աշխարհէն, բայց երգարուեստի անդաստանին մէջ իր թողած աւելի քան 400 կտորներով ան արդէն շատո՜նց յաւերժացած է աշխարհատարած հայերու սրտերուն մէջ: Հայեր, որոնք «Ծաղիկներս ո՞ւմ նուիրեմ» իր հարցումին, այսօր վարդը, յասմիկը, շուշանն ու մեխակը իրեն պիտի նուիրեն ու զանոնք պիտի զետեղեն իր շիրիմին, որպէսզի ըլլան անոր մշտական ընկերակիցները:

Սիրելի վարպետ, դուն ջահելներու հոգիներուն մէջ սէր վառեցիր, ջահելութիւնը երգեցիր «մի գնա՛, ապրել եմ ուզում, սիրել եմ ուզում» ըսելով ու քմծիծաղով անոր ըսիր՝ «ո՞ւր ես գնում, զուր ես գնում» եւ այդ պատճառով ալ միշտ ջահել մնացիր ու եղար ամէնուրեք սէր սփռող երգիչը: Այսօր աչքերդ կը փակես այս աշխարհէն ու թէեւ «էս հողից եմ ես ծնուել, թող էս հողում ես քնեմ» երգեցիր, բայց դուն այսօր կը ննջես ոչ միայն հայրենիքէդ, այլ նաեւ ծննդավայրէդ ալ հեռու: Բայց ինչպէս շատ մը համերգներդ կ’աւարտէիր հանդիպումի նոր յոյս ներշնչելով՝ «Դու սպասիր ես կը գամ» երգով, մենք պիտի սպասենք քեզի, եւ վստահ ենք, որ միշտ «պիտի գաս» եւ երգես սէրը մեր:

Յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ, մեծն Ատիս, որովհետեւ դուն չես մեռնիր, դուն յաւերժ ես: