Արցախի Հանրապետութեան Օրը` Հայուն Ամուր Հաւատքին, Աննկուն Կամքին Եւ Անստուեր Տեսլականին Օրն Է. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հայաստան, Սփիւռք

Արամ Ա. կաթողիկոս երէկ շնորհաւորեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը եւ Արցախի ժողովուրդը` Արցախի Հանրապետութեան օրուան առիթով։

Ստորեւ` վեհափառ հայրապետին նամակը.

Մեծայա՛րգ
Տիար Բակօ Սահակեան
Նախագահ
Արցախի Հանրապետութեան
Ստեփանակերտ

Մեծայա՛րգ եւ սիրելի՛ պարոն նախագահ,

Հայրապետական օրհնութեամբ եւ անհուն ուրախութեամբ կ՛ողջունենք Արցախի Հանրապետութեան օրը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն:

Արդարեւ, Արցախի Հանրապետութեան օրը ո՛չ միայն Արցախի ժողովուրդին, այլեւ իւրաքանչիւր հայուն եւ ամբողջ հայութեան օրն է` յաղթանակի օրը:

Արցախի Հանրապետութեան օրը հայուն ամուր հաւատքին, աննկուն կամքին, աննուաճ ոգիին եւ անստուեր տեսլականին օրն է:

Արցախի Հանրապետութեան օրը, իր հայրենի դարաւոր հողին վրայ, իր հերոսներուն ու սուրբերուն արիւնով շաղախուած նուիրական հողին վրայ ազատօրէն ապրելու ու ստեղծագործելու հայ մարդուն օրն է:

Արցախի հայութիւնը հայոց արի բանակին արեան վկայութեամբ ցոյց տուաւ աշխարհին, թէ որքա՛ն ալ դառն ըլլան աշխարհաքաղաքական պայմանները, հայը միշտ կը մնայ հաւատարիմ իր անցեալի պատմութեան, ներկայի պայքարին ու ապագայի տեսլականին:

Արցախը, հայոց քաջ բանակի խիզախ մարտնչումներով եւ իր ժողովուրդին արի կեցուածքով, 28 տարիներ առաջ ըսաւ եւ միշտ պիտի ըսէ` մեր հաւատքէն ու մեր վճռակամութենէն ո՛չ ոք կրնայ մեզ խախտել, ինչպէս ըսին 451 թուականին Վարդանանք ու Ղեւոնդեանք:

Այսօր ուրախութեան օր է: Այսօր նաե՛ւ մեր միասնականութեան ամրացման օր է: Միասնականութիւնը աղբիւր է ու միաժամանակ երաշխիք ու ապաւէն` հզօր հայութեան, հզօր Հայաստանի, հզօր Արցախի ու հզօր սփիւռքի:

Մեր ժողովուրդի կեանքին հետ ինքզինք նոյնացուցած եւ յանուն արդարութեան ու անկախութեան պայքարած ու նահատակուած հայ եկեղեցին միշտ կը մնայ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին կողքին` զօրակից մեր պետութեան ամրացման, հայոց բանակի հզօրացման ու մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու իրականացման:

Այս հաւատքով ու յանձնառութեամբ, հայրական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք Արցախի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները` պետական իշխանութեամբ եւ համայնքային բոլոր կառոյցներով:

Կ՛աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ Իր երկնային հովանիին ներքեւ Արցախը պահէ խաղաղ ու ապահով` հեռու ամէն տեսակ վտանգներէ, եւ զայն առաջնորդէ դէպի առաւել հզօրացում ու ծաղկում:

Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ
2 Սեպտեմբեր 2019