Սուրիոյ Աւաններու Հայութիւնը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Գանձասար»-ի խմբագրական

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով տեղի ունեցած ուխտագնացութիւնները դէպի Քեսապ եւ Արամօ առիթ են լուսարձակի տակ առնելու յիշեալ գիւղերու եւ մերձակայ աւաններու հայութեան պարզած պատկերն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Քեսապի հայութեան թիւին նուազումը արգելք չէ դարձած երբեք գիւղի ազատագրումէն ետք վերականգնումի աշխատանքներու ծաւալումին: Ազգային կեդրոններ, եկեղեցիներ վերանորոգուած ու վերագտած են իրենց նախկին կենսունակութիւնը: Տօներ, միութենական եւ դպրոցական ձեռնարկներ յաճախ կը կազմակերպուին՝ կենսունակ պահելու համայնքը:

Բնակչութիւնը, սակայն, տնտեսական լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ, յատկապէս շրջանի ապահովական վիճակին, Հալէպ-Լաթաքիա մայր ճամբուն չօգտագործուելուն, երիտասարդ տարրին նուազումին, ինչպէս նաեւ հողի բերքին վաճառքէն եւ զբօսաշրջութենէն ապահովուող եկամուտին նուազեցման հետեւանքով:

Ուստի մինչեւ երկրի պատերազմական հետեւանքներուն ամբողջական վերացումը, անհրաժեշտ է նեցուկ կանգնիլ շրջանի հայ բնակչութեան, որպէսզի ան պահպանէ իր պատմական դերն ու դիմագիծը եւ կարենայ նոր ծրագիրներ մշակել յետպատերազմեան շրջանին, վստահելով յատկապէս երիտասարդ տարրին:

Բնակչութեան տնտեսական վիճակի բարելաւման կողքին, անհրաժեշտ է մտածել նաեւ հայ բնակչութեան թիւի աճին մասին եւ համապատասխան քայլերու դիմել խթանելու երիտասարդ զոյգերու ամուսնութիւնն ու այլազան միջոցներով քաջալերելու բազմազաւակ ընտանիքները:

Արամոյի բնակչութիւնը եւս իր պատմական ներկայութեամբ սուրիահայ համայնքի կարեւոր բաղադրիչներէն մէկը կը համա-րուի, նոյնն է պարագան Ղընեմիէի եւ Եագուպիէի հայութեան: Վերջիններս ցարդ կարելիութիւն չունին վերադառնալու իրենց բնօրրանը եւ տարտղնուած կը մնան զանազան շրջաններու մէջ:

Տէր Զօրը եւս դատարկուած է հայութենէ: Տէր Զօրի հայ ընտանիքներուն վերադարձի յոյսերը ցարդ աղօտ կը մնան:

Առանձին ուշադրութեան արժանի են նաեւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի եւ Ճեզիրէի հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Այս միջոցին, սակայն, տուեալ շրջաններու մեր մշակութային, պատմական կառոյցներուն տիրութիւն ընելը հրամայական պահանջ է, յատկապէս որ Սուրիոյ պետութիւնը ամէն կերպ կը զօրակցի այդ շրջաններուն հայկական դիմագիծը պահպանելու եւ սուրիական ընկերութեան հիւսուածքը քայքայումէ զերծ պահելու համար:

Ակներեւ էին Վերափոխման տօնին առիթով պետական ներկայացուցիչներուն հայութեան կարեւոր դերին անդրադարձն ու հայկական ձեռնարկները քաջալերելու անվերապահ մօտեցումը:

Մինչեւ պատերազմի վերջնական աւարտն ու սուրիական ամբողջական տարածքներու ազատագրումը, պինդ պէտք է մնալ ու շարունակել այլընտրանքներ որոնելով ամէն միջոց ի գործ դնել՝ վերեւ յիշուած դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ տուեալ շրջաններու հայութեան նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնելու համար:

Կը հաւատանք, սուրիական բանակին մարտնչումներն ու վերջին օրերու յառաջխաղացքը կը վկայեն նաեւ, որ պիտի ազատագրուին Սուրիոյ բոլոր շրջանները: Եագուպիէի, Ղընեմիէի հայութիւնը մօտ ապագային պիտի վերադառնայ իր բնօրրանը ու ծաղկեցնէ իր արտն ու պարտէզը:

Կը հաւատանք, որ ուշ կամ կանուխ պիտի վերաշխուժանան մեր պատմական վայրերը: Մինչ այդ, սակայն, էական է մարդկային ուժին պահպանումն ու վերականգնումը, այլապէս հայկական դիմագիծ ունեցող այս գիւղերուն եւ աւաններուն դիմագիծը կրնայ աղաւաղուիլ, իսկ հայութիւնը տարտղնուիլ: