Ակնարկ. Պատերազմի Դիմաց Տարածք Գործողութիւնը Եւ Անոր Քաղաքական Բաժինը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազդակ»-ի խմբագրական

Տաւուշի մարզի հիւսիսային հատուածին մէջ հայկական զինեալ ուժերուն իրականացուցած գործողութեան շնորհիւ 140 հեկտար տարածք ազատագրուած է եւ անցած հայկական ուժերու վերահսկողութեան տակ: Գործողութիւնը եղած է հակադարձութիւն, երբ Ազրպէյճանի սահմանապահ ծառայութեան ստորաբաժանումները փորձած են միջդիրքային տարածքին մէջ յառաջանալ եւ նոր բնագիծ զբաղեցնել «Բաբաքեար» կոչուող լերան շրջակայքին մէջ: Առաջին իսկ ընկալումով փաստօրէն գործնական տեսք ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի յայտարարած «Նոր պատերազմ` տարածքներու դիմաց» բանաձեւը:

Հակադարձ այս գործողութիւնը սակայն ազատագրումի իրագործումին առընթեր նուաճած է ռազմավարական կարեւորագոյն կէտեր: Ատրպէյճանական նկրտումին դիմաց` վերահսկողութեան տակ առնել Հայաստան-Վրաստան մայրուղին, հայկական ուժերու զբաղեցուցած գերադաս դիրքերէն ուղիղ նշանառութեան տակ յայտնուած է Ատրպէյճան-Վրաստան մայրուղին: Մայրուղիներու վերահսկողութեան կամ նշանառութեան տակ յայտնուելու ուղղութեամբ հայկական կողմը ձեռք ձգած է ռազմավարական առաւելներ:

Ռազմավարական առաւելները կը համալրուին, երբ նկատի ունենանք նաեւ այն, որ թիրախային գօտիի մէջ յայտնուած է նաեւ ազրպէյճանական Իքինճի Շըխլը գիւղը եւ գիւղի ամբողջ ցանքատարածութիւններն ու արօտավայրերը: Տակաւին. կարեւորագոյն հանգամանքը, որ եթէ թշնամին յաջողէր ի գործ դնել իր յարձակողապաշտ մտայղացումը, ապա այդ պարագային պիտի վտանգուէր Վրաստանի ճամբով Հայաստանի Հանրապետութիւն մտնող կազատար խողովակաշարը: Իսկ այդ մէկը կենսական նշանակութիւն ունի Հայաստանի Հանրապետութեան համար:

Պաքու-Թիֆլիս քաղաքական որոշակի լարուածութեան պատճառներէն մէկը այն էր, որ ազրպէյճանական սահմանապահ զօրքերը դէպի վրացական տարածք տեղաշարժ արձանագրած էին եւ վրացական կողմին վրայ իրենց իրականացուցած վերահսկողութիւնը ներկայացուցած էին իբրեւ հայկական տարածքի գրաւում: Այս ապատեղեկատւութիւնը խորքին մէջ կը չէզոքացուէր նաեւ հայկական զինեալ ուժերուն իրականացուցած գործողութեամբ, եւ Վրաստանի հետ երկու ուղղութեամբ մայրուղիներու վրայէն ազրպէյճանական վերահսկողութեան վտանգի չէզոքացումը քաղաքական ուղերձ է նաեւ Թիֆլիսին: Զուտ քաղաքական տրամաբանութեան ընկալումով` Պաքու – Թիֆլիս լարուածութիւնը ենթահող կը հարթէ Թիֆլիս – Երեւան յաւելեալ մերձեցման. իսկ այս գործողութիւնը կը համահարթեցնէ այդ ենթահողը դրական շեշտերով:

Բայց միայն Վրաստանի ուղղութեամբ չէ անշուշտ կատարուած ազատագրական գործողութեան ձեռք բերած առաւելները: Թէ՛ Տաւուշի եւ թէ՛ Նախիջեւանի ուղղութեամբ ատրպէյճանական զօրքերու աշխուժացումը, սահմանին կատարուած զօրավարժական հանդէսներու կազմակերպումները կը միտին Արցախ-Ատրպէյճան հակամարտութեան իրաւաքաղաքական բնութագիրը փոխել եւ զայն վերածել հայ-ազրպէյճանականի:

Անգամ մը եւս, երբ միջազգային մակարդակի վրայ արցախեան հակամարտութեան հանգուցալուծման ուղղուած դիւանագիտական եռուզեռ կը ստեղծուի, Հայաստանի Հանրապետութեան հետ պետական սահմանային միջադէպեր կը բեմադրէ Պաքուն: Ռազմական այս բեմագրութիւնը այս անգամ սուղի արժեց Ատրպէյճանին, որ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող զինուորական յենակէտեր եւ տարածք զիջեցաւ հայկական կողմին: Պատերազմական գործողութեան դիմաց տարածք բանաձեւը սկսած է լիարժէք աշխատիլ: Իսկ այս բանաձեւը անշուշտ չի վերաբերիր միայն Տաւուշի սահմանային գօտիին. այլ ամբողջ պետական սահմանին եւ արցախեան-ատրպէյճանական շփման գիծին: