2.1 Միլիառ Դրամ՝ Մարտական Դիրքերը Խմելու Հոսող Ջուրով Ապահովելու Համար

Հայաստան

ՀՀ կառավարութիւնը 2.1 միլիառ դրամ յաւելեալ միջոցներ պիտի տրամադրէ մարտական դիրքերը խմելու հոսող ջուրով ապահովելու համար: Այս մասին Facebook-ի իր էջով յայտնած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Ուրախ եմ տեղեկացնելու, որ ՀՀ կառավարութիւնը 2.1 միլիառ դրամ յաւելեալ միջոցներ պիտի տրամադրէ զինուորներու մարտական հերթապահութեան պայմանները բարելաւելու, ներառեալ՝ մարտական դիրքերը խմելու հոսող ջուրով ապահովելու համար»,- նշուած է վարչապետի գրառման մէջ: