Մեր Մեծ եւ Պզտիկ Պառակտումներով կը Փախցնե՞նք Վերականգնումի Գնացքը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան

Քաղաքականութիւնը, երբ արուեստ է եւ ծառայութիւն, ոչ երբեք շահագործում, իտէալական գործունէութիւն մըն է անցնելով իրականութիւններու բովէն:

Շարլ Տը Կօլ

 

Պզտիկ պառակտում չկայ: Ան միշտ անդառնալի աղէտի կ’առաջնորդէ:

Մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ կայ դէպք, որուն մասին ամէն անգամ որ մտածեմ, կը կարծեմ հասկնալ մեր հին ու նոր դժբախտութիւնները: Կարծէք ծինային ախտ է մեր պառակտուելու եւ փոխադարձ վառ անհանդուրժողութեան բիրտ եւ կրքոտ ձգտումը: Դէպքը կ’արժէ յիշեցնել, ոչ որպէս սոսկ եւ ի միջի այլոց իրադարձութիւն, պատմութեան գիրքի մը էջին անկիւնը գրուած տող, դրուագ, այլ որպէս անցեալը եւ ներկան լուսաւորող դաս:

Հայոց Արշակունի վերջին թագաւորը, Արտաշէս Դ, Գրերու Գիւտի Վռամշապուհ արքայի որդին, գահազրկուած է Պարսկաստանի Սասանեան Վռամ Ե թագաւորին կողմէ, անսալով հայ նախարարներու պահանջին, 428 թուականին: Մեր հանդէսներուն չենք խօսիր այս մասին:

Այսինքն, այդ օրերու հայ պետական այրերը, որոնք կը կոչուէին նախարարներ, իրենք դիմած են Պարսից արքային, պահանջած են, որ Մեծ Հայքի թագաւորութեան վերջ տրուի: Անատակ եղած են պետութիւն պահելու:  Բարացուցական: Պատմական ծանրակշիռ աղէտ, որուն մասին պէտք է մտածել ամէն անգամ, երբ այս կամ այն ձեւով, հպատակելով մեր գլխագիր ԵՍին, անկէ բխող կարծեցեալ յաւելեալ իրաւունքի կամ չարաշահման համար, մենք մեզ կը գտնենք Ե դարու հայ նախարարներու հայ պետութիւնը քանդած ախտաւոր եւ հիւանդագին վերաբերումի մղող արարքը կրկնելու վիճակին մէջ (syndrome): Նոյնիսկ երբ կը խորհինք, որ ժամանակները փոխուած են եւ պատմութիւնը չի կրկնուիր:

Ամօթ չէ երբեմն ինքզինք հարցականի ենթարկել, կամ պարզապէս հոգեբոյժի դիմել:

Բեմերու եւ լրատուամիջոցներու աղմուկին մէջ երբեք չենք խօսիր 1600 տարի առաջ տեղի ունեցած ազգաքանդ այս կարեւոր իրադարձութեան մասին, որ արտաքին անբարեացակամ կամ թշնամի ուժի կամ ուժերու կողմէ չպարտադրուեցաւ մեր ժողովուրդին: Պատմութիւնը ներկան լուսաւորող բաց գիրք է, քաղաքական գիտութիւն, ժողովուրդի մը ուրիշներէ տարբեր ըլլալու ստորոգելիներու մատեան, որ չինացին, ֆրանսացին, անգլիացին, արաբը, գերմանացին եւ բոլոր միւսները կը դրոշմէ ինքնուրոյնութեամբ, կը սահմանէ իրաւունք, անցեալի փորձի եւ փորձութեան լոյսին տակ, անոնք կ’ընդգրկուին իրենց իւրայատուկ հաւաքական կեանքի ուղիին վրայ. կազմակերպութիւն, բարօրութիւն, յառաջդիմութիւն:

Հայ պետական այրեր իրենք պահանջած են որ Մեծ Հայքի թագաւորութեան վերջ տրուի: Յանձն առած են պետութիւն չունենալ:

Ի՞նչ հետեւանք ունեցաւ այս վերաբերումը տասնըվեց դար: Ներկան անցեալի պատճէնը չէ, այդպէս է պատմութեան դասը, բայց պատմութեան ըմբռնումը կ’առաջնորդուի բաղդատական տրամաբանութեամբ: Ի հարկէ պէտք է գիտնալ սեփական պատմութիւնը, չբաւարարուելով անմիջականով եւ այլ աշխարհներու օրինակներով: Պարզ դատողութիւնը, առանց մեծ տեսութիւններու կոչ ընելու, կը թելադրէ այն միտքը, որպետութիւն-իշխանութեան ոլորտին մէջ ծագած անհասկացողութիւնները եւ անոնց հետեւանք պառակտումները, հիմա կ’ըսենք՝ պայքարները, առաջնորդած են հայ պետութեան վերացման, կամ այսօր ալ կրնան առաջնորդել:

Ինչ որ կ’ըսեմ, միտքի մարզանք չէ, չի միտէր ամբոխ կամ սրահ յուզելու, ըլլալու պատուանդան այս կամ այն փառասիրութեան, այլ փորձ՝ ներկան հասկնալու եւ դասական դարձած մրցակցութիւնները գերանցելու, աժան խանդավառութիւններու զոհ չըլլալու: Մեր պատմութեան հանգուցային պահը կ’ապրինք Հայաստանի վերանկախացումէն ետք եկած երեսուն տարիներուն ընթացքին, բայց կարծէք 428 թուականի ժահրը մեր մէջ է: Երեսուն տարիէ ի վեր կը պառակտուինք, ժողովուրդի մէկ կէսը միւս կէսին դէմ, կը զարգացնենք վրիժառական մթնոլորտ: Մեր պատմութեամբ եւ մեր կացութեան մէջ գտնուող ժողովուրդ մը, ինչո՞ւ չի հասնիր ազգակերտ քաղաքական այն իմաստութեան, որ խօսելէ առաջ յաւելեալ իրաւունքներու մասին, պէտք է խօսիլ յաւելեալ պարտքի եւ պարտաւորութեան մասին, այս՝ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), պարտաւորութիւնը արհամարհող սփիւռքացողներ, սփիւռքեան կացութիւնը ազգային գոյութեան պատուանդան համարողներ, եսը եւ անձը ազգէն նախամեծար համարողներ:

Պատկերազարդ հանդէսը մեր ներկային: Հայաստան կազմակերպելով ԵՍերու հանդէս, կը բազմապատկէ կուսակցութիւնները: Փոքրիկ Հայաստանը փրկելու եւ վերականգնելու համար միթէ՞ քսան, երեսուն, քառասուն կուսակցութիւններու կարիք կայ, այսինքն մեր դէմ կանգնած խնդիրները լուծելու համար տասնեակներով ծրագիրներո՞ւ կայ, եւ ո՞ւր են այդ ապագայակերտ ծրագիրները, որոնց փոխարէն կը բեմադրուին դիրքապաշտութիւն, շահախնդրութիւն, չարաշահում:

Արգիլուած չէ խորհիլ, որ 428 տարին նախորդող օրերու մթնոլորտին մէջ ենք: Կրնա՞յ պատահիլ, որ ինչպէս 428ին, եզրակացուի, որ այլ ուժերու պէտք է դիմուի «Հայաստանի անկախ պետութիւնը նորատեսակ մարզպանութեան վերածելու համար»:

Երբեմն պէտք դիտել աշխարհը, սորվիլ, թէ վտանգին դիմաց ինչպէ՞ս գործած են «մեծ» ղեկավարներ եւ ժողովուրդներ: Երբ Ֆրանսան ենթարկուած էր գերմանական բանակներու գրաւման, ազգայնական-աջակողմեան պիտակով ներկայացուած զօրավար Շարլ տը Կոլ դիմադրական շարժման մօտ որպէս իր ներկայացուցիչը ղրկեց համայնավար Ժան Մուլէնը: Պարզ չէ՞, որ խաղաղ պայմաններու մէջ ինչ որ ընդունելի է, բնական, ազգի եւ հայրենիքի արտակարգ վիճակները կը պահանջեն համապատասխան եւ ընթացիկէն տարբեր որոշումներ:  Այս հանգուցային պահու իրաւ ղեկավարի քաղաքական իմաստութիւն է:

Բայց մենք կարծէք չենք բուժուած 428ական տարիներու տնաքանդ syndrome-էն…

Այսօր, Հայաստանի մէջ կը տարուի խմբակային ղեկավարման քաղաքականութիւն: Ո՞վ չէ լսած կարգ մը քաղաքական պատասխանատուներու խօսքը, ըստ որուն իրենց «թիմ»ը միայն իրաւասու է եւ պիտի ղեկավարէ: Այս ըմբռնումը հեռու չէ անցեալի ԽԾԲայական  քաղաքակականութենէն (խնամի-ծանօթ-բարեկամ): Եթէ «թիմ»էն դուրս ձեռնհաս եւ իմաստուն մարդիկ կան, անոնք քաւարա՞նի մէջ պիտի մնան եւ ազգին ու հայրենիքին պիտի չծառայե՞ն:

Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ օրինակ են մեծ պետութիւններու կառավարման եւ մրցակցական ըմբռնումները, քաղաքականութիւնը վերածուած է ասպարէզի, պաշտօն եւ հանգամանք կը հետապնդուին, ինչպէս կ’ըսուի, հաստիքի համար (այսինքն պետութեան հաշւոյն ապրելու): Երբ քաղաքականութիւնը կը դառնայ ասպարէզ, այլամերժութիւնը կը դառնայ կանոն: Այդ է «թիմային» տրամաբանութիւնը:

Ինչո՞ւ չենք հետեւիր Զուիցերիոյ օրինակին, ուր պետական պաշտօնները ոչ մնայուն են, ոչ նպատակ, ոչ ես ու փառք: Հայկական օրաթերթի ընթերցողներէն, հեռատեսիլ դիտողներէն, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), քանի՞ հոգի կրնան ըսել, թէ ո՞վ է Զուիցերիոյ նախագահը, կամ վարչապետը: Անոնք ժողովրդական կամքով կը կոչուին ծառայութեան, կը ծառայեն, եւ կը վերադառնան իրենց քաղաքացիի կեանքին: Անոնք նոյն դիրքին վրայ չեն յաւերժանար: Չենք լսեր ցնցումներու մասին: Ոչ ալ իշխանութիւն չեղող մէկ կէսը տեւաբար կը պայքարի իշխանութիւն եղող միւս կէսին դէմ:

Դեռ կայ ուրիշ տխրութիւն մըն ալ, այլ բառ չգործածելու համար: Հայրենաթող-արտագաղթածներ մասնակից-կողմ կ’ուզեն ըլլալ մէկ կամ միւս կէսին: Կ’աղմկեն: Ողջմիտ մարդիկ, անոնք ըլլան հայ թէ հանդիսատես օտար, չեն հասկնար նման անհեթեթութիւն: Նաեւ սփիւռքը, իր զանազան գոյներով, կազմակերպութիւններով, կարեւորութիւն նուաճելու ծարաւ ունեցող առանձին անձերով, անոնք ըլլան գրող, մտաւորական, լրագրող, շարքային հայ, կարծիք-տեսութիւններ կը յայտնեն, մասնակից ըլլալով 428 թուականով յատկանշուող syndrome-ին:

Կը մտածե՞նք բնաւ, որ, ինչպէս 428 թուականին, ոչ այդ օրերու Սասանեան Վռամ թագաւորին կատարածին պէս, բայց այլ եղանակով մը, բեմագիր՝ (ցենար) միայն մարգարէ մը կրնայ գրել: Այսօրուան իշանաւորները եւ անոնց մրցակիցները իրենք զիրենք կրնան գտնել Արշակունի վերջին թագաւորի վիճակին մէջ:

Քիչ մը պատմութիւն գիտցողները փառասիրութեան, կիրքի եւ հաւկուրութեան օրինակներ կրնան յիշել եւ յիշեցնել. Անիի թագաւորութեան կործանման դերակատար Վեստ Սարգիսը կամ Հայաստանի խորհրդայնացման օրերուն «Կոմունիստ» թերթի գրողը, որ կ’ըսէր, թէ  նոր կարգերը չեն հաստատուիր եւ ամրանար, «եթէ չհոսի հայ բուրժուայի արիւնը»:

Ամբոոխահաճութիւն (populism), քինախնդրութիւն, քաւութեան նոխազներ փնտռելու եւ մատով «թշնամիներ» ցոյց տուողներ,- ինչպէս 428 թուականի պետական այրերը, որոնք կը կոչուէին նախարարներ,- ազգը եւ հայրենիքը կը կանգնեցնեն անցանկալիին առջեւ:

Մեր ժողովուրդը պէտք ունի ապրելու իր ճշմարտութեան պահը: Ոչ մէկ ղեկավար, պատմութեան առջեւ կանգնելով, պիտի չկարենայ ըսել՝ չէինք գիտեր,- չէինք նախատեսած, ինչ որ պատահեցաւ մեր կամքէն անկախ էր:

Կը հասնի՞նք ֆրանսացի իմաստասէրի այն միտքին, որ «ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է»:

Կը փնտռուի անանձնական առաջնորդը, ի հարկին յոգնակի: Carismatiqueղեկավարը, ինչպէս Աստուածաշունչի Մովսէսը, Կանտին, ինչու ոչ՝ Արամը:

Եւ մտածել, որ մեծ եւ փոքր պառակտումները 428ի ժահրով կը սնանին:

Ինչպէ՞ս գերանցել «աթոռ»ի կամ «աթոռակ»ի տուած կարծեցեալ անբովանդակ եւ աննպատակ հեղինակութիւնը…

Միշտ՝ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

Եւ ինչո՞ւ չի մտածուիր ոչ ճառ եւ ոչ ամբոխավարութիւն իսկական համահայկական ղեկավարութեան մասին, պատասխանատուու դերակատարութիւն յանձնելով լաւագոյններուն, եթէ մէկութեան վերաբերող ամպագոռգոռ կարգախօսները դատարկաբանութիւն չեն:

Իմաստութիւնը համամարդկային ժառանգութիւն է: Եթէ զանգուածային լրատուամիջոցները, բեմերէ հնչած խօսքերը, ժողովները, ազնուօրէն կրկնէին Շարլ տը Կոլի պատգամ-տարազը, նուազ սխալներ կը գործուէին: Կը հասնէինք քաղաքական եւ ազգային ապագայակերտ հասունութեան:

Վերստին կարդալ զօրավար Շարլ տը Կոլի միտքը. «Քաղաքականութիւնը, երբ արուեստ է եւ ծառայութիւն, ոչ երբեք շահագործում, իտէալական գործունէութիւն մըն է անցնելով իրականութիւններու բովէն»: