Կլենտէյլի Շարժապատկերի Միջազգային Փառատօնը՝ 10-17 Հոկտեմբերին

Սփիւռք

Այս տարուան Կլենտէյլի Շարժապատկերի միջազգային փառատօնը տեղի պիտի ունենայ 10-17 Հոկտեմբերին։

Ութ օրերու վրայ երկարող փառատօնին ընթացքին պիտի ցուցադրուին Հայաստանէն, Աւստրալիայէն, Գանատայէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Բրիտանիայէն եւ Միացեալ Նահանգներու տարածքէն տարբեր բնոյթի առաւել քան 60 ֆիլմեր։

Նշենք, որ փառատօնը կը կազմակերպուի ոչ-հասութաբեր կազմակերպութեան մը կողմէ, որ տոմսերու վաճառքէն գոյացած գումարը կը տրամադրէ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի այն ուսանողներուն, որոնք կը փափաքին շարժապատկերի մարզին մէջ մասնագիտանալ։

Ուսանողներու արտադրութեանց նուիրուած յատուկ յայտագիր մը պիտի իրականացուի 13 Հոկտեմբերին, կ.ե. ժամը 2-5։

Յայտնենք, որ 9 Յուլիսին, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի նիստին ընթացքին, քաղաքապետ Արա Նաճարեան գնահատագիրներ յանձնեց փառատօնի գործադիր վարիչ Վելվեթ Ռատզին, խոհրդակցական մարմինի ատենապետ Ճոյսլին Լիուին եւ շուկայական հարցերու վարիչ Ճան Զարգարեանին, փառատօնին բերած անոնց նպաստը դրուատելով։

Փառատօնին բացումը տեղի պիտի ունենայ «Փիեռ Կարտըն» ճաշարանին մէջ (145 N. Artsakh Ave., Glendale, CA 91206), իսկ ֆիլմերը պիտի ցուցադրուին «Laemmle» սրահին մէջ (207 N. Maryland Ave., Glendale, CA 91206)։

17 Հոկտեմբերի մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ «Պրենտվիու» սրահին մէջ (111 E. Harvard St., Glendale, CA 91205)։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել

www.glendaleinternationalfilmfestival.com կայքը։