Տօնոյեանի Համոզումով` Ատրպէյճանի Մէջ Յայտնուած Զինծառայողը աշխարհագրականօրէն Մոլորուած է

Հայաստան

Զինծառայող Արայիկ Ղազարեանի՝ Ատրպէյճանի մէջ յայտնուելուն հանգամանքները պարզելու համար հետաքննութիւն կ՝իրականացուի: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Դիլիջանի մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի մը ընթացքին ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:

«Այս փուլով դեռ հետաքննութիւն կ՝իրականացուի կատարուածին վերաբերեալ: Անձամբ ես կը կարծեմ, որ մեր զինծառայողը աշխարհագրականօրէն մոլորուած է»,- ըսած է Տօնոյեան:

Հարցին` թէ ինչպէս կը մեկնաբանէ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու այն տեղեկութիւնները, որ զինծառայողի՝ Ատրպէյճանի մէջ յայտնուելուն պատճառը անոր նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունքն է, նախարարը պատասխանած է, որ ատիկա ատրպէյճանական հերթական ապատեղեկատւութիւնն է: «Չեմ կարծեր, որ ատիկա պէտք է տարածել: Ես ներքին համոզում ունիմ, որ ան ուղղակի մոլորուած է»,- նշած է Տօնոյեան:

Անդրադառնալով զինծառայողի վերադարձի խնդրին` նախարարը յայտնած է, որ դիմած են միջազգային համապատասխան կառոյցներուն` մասնաւորապէս Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին:

Խօսելով զօրամասին մէջ զինծառայողի հոգեբանական վիճակին մասին՝ նախարարը ըսած է, որ որոշ աշխատանք իրականացնելէ ետք պիտի կարենան յստակ պատասխան տալ: «Բոլորիս համար ցաւալի դէպք է, սակայն, կը կարծեմ, որ ամէն ինչ բնականոն պիտի ընթանայ»,- ըսած է նախարարը:

Տօնոյեան կոչ ըրած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն, որպէսզի նման ապատեղեկատուական աշխատանքը դադարեցնեն:

Նշենք, որ Օգոստոս 12-ին՝ ժամը 12:00-ի սահմաններուն, ՊԲ հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասէն, դեռ չպարզուած հանգամանքներով, մարտական դիրքը լքած է զինծառայող, 2000-ի ծնունդ Արայիկ Հայկի Ղազարեանը: