Կոմիտասի Ծննդեան 150-ամեակի Առիթով. Կոմիտասն Ու Ֆրանսացի Իր Ժամանակակիցները

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Պետրոս Շուժունեան

Խօսքը կը վերաբերի Քլոտ Տեպիւսէի եւ Մորիս Ռաւելի նման հսկաներու, որոնց արուեստը պիտի ներկայացուի Մեծն Կոմիտասի ստեղծագործութիւններուն զուգահեռ` նոյն հարթակի վրայ: Մշակութային առումով, մեզի համար խի՛ստ անհրաժեշտ ձեռնարկ մըն է այս մէկը, որ տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբերի իննի երեկոյեան, Փարիզի նոյն անունը կրող հրապարակին վրայ գտնուող «Լա Մատլէն» տաճարին մէջ, հովանաւորութեամբ Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկոյի եւ կատարողութեամբ «Ensemble 2e2 m» ֆրանսական դասական նուագախումբին: Իսկ երաժշտական մշակումն ու գործիքաւորումը իրագործած է քանատահայ յայտնի երգահան Պետրոս Շուժունեանը: Ահաւասիկ` ձեռնարկ մը, որ իր իսկական նպատակին ծառայելու գեղարուեստական ուժն ու միջազգային վարկ եւ հեղինակութիւն ստեղծելու անհրաժեշտ տուեալները  կը պարունակէ իր մէջ:

Այս յատկանշական ձեռնարկին մասին ընդհանուր գաղափար մը տալու համար մեր ընթերցողներուն, ստորեւ կու տանք երգահան եւ երաժշտագէտ Պետրոս Շուժունեանի` այս առիթով գրած բացատրական յօդուածը ամբողջութեամբ:       

                                                                                                           Մ. Ծ.

 

Բացառիկ  յարգանք եւ ուրոյն կապուածութիւն ունին Կոմիտասին հետ բոլոր այն հայ երաժիշտները, որոնց երաժշտական զգացողութիւնը  կը բխի մեր ազգային հոգեւոր արմատներէն ու կը տարածուի համամարդկային հարթակներու վրայ: Ատիկա կու գայ անկէ, որ ան եղաւ այն ռահվիրան, որ ոչ միայն ի մի բերաւ, այլ նաեւ յարութիւն տուաւ  մեր ազգային-ժողովրդական Երգ ու Բանի ոգեղէն արտայայտութեան: Իր խիստ մասնագիտական եւ բծախնդիր հետազօտական աշխատանքը բացայայտեց մեր երաժշտութեան իւրայատկութիւնն ու ցեղային պատկանելիութիւնը, որուն հիման վրայ ձեւաւորուեցաւ մերօրեայ համաշխարհայնօրէն մրցունակ «Հայ երաժշտութիւնը»:

Այս մէկը արդէն կը բաւէ, որ մենք պաշտենք Մեծն Կոմիտասը իբրեւ «Հայ երգի ու բանի փրկիչ»¬ի:

Այս բոլորին զուգահեռ, մենք` որպէս մասնագէտ երաժիշտներ, իր ստեղծագործական ժառանգին պարտաւոր ենք վերաբերելու  յատուկ խնամքով եւ մեծ զգուշութեամբ, որպէսզի կարողանանք առաւելագոյն չափով  պահել անոր հարազատութիւնը, ըմբռնելու եւ մեկնաբանելու  զայն, թէկուզ` մեր ստեղծագործական ուժերու ներածին չափով:

Հարցը այն է, որ Կոմիտաս մեկնաբանելու ժամանակ  պէտք չէ նմանեցնենք կամ բաղդատենք զայն այլ երգահաններու  մեկնաբանական արուեստին: Պէտք է ընենք ամէն ինչ, որպէսզի Կոմիտասը մնայ իրեն հարազատ ոլորտներու մէջ, եւ երաժշտական  մեկնաբանութիւնը հնչէ զուտ «կոմիտասական»:  Այս պարագային, արդէն ես ինծի հարց կու տամ, թէ իր ստեղծագործական միտքը ինչպէ՞ս  ձեւաւորուած է, ի՞նչ զարգացման փուլերէ անցած է, ի՞նչ լսած է եւ ի՞նչ լսել կու տայ մեզի: Այս հարցումներուն պատասխանը գտնելու համար հարկաւոր է լսել անոր ստեղծագործութիւնները` այն օրերու  երաժշտական իր լեզուամտածողութեան զուգահեռ, եւ կ’ունենանք յստակ պատկերացում, թէ ստեղծագործական ինչպիսի՞ փորձառութիւններու եւ փորձութիւններու մէջէն անցած է ան:

Իրականացնել համերգային ծրագիր մը, կողք կողքի ներկայացնելով իր ժամանակի երգահաններու` Տեպիւսէի եւ Ռաւելի նման հսկաներու յօրինումները, իրազեկ կ’ըլլանք, որ ան կրցած է քայլ պահել իր օրերու ստեղծագործական մտքի հետ, զոր յայտնաբերած էր Եւրոպայի տարածքին:

Ատիկա իրաւունք կու տայ մեզի եզրակացնելու, որ ան հայ երաժշտութեան վերակենդանացնող շարժիչ ուժը ըլլալով հանդերձ, կրցած է իւրացնել նաեւ այդ օրերու ստեղծագործական մտածելակերպի ոգին:

Ցաւօք, ան առիթ չունեցաւ ընդլայնելու իր ստեղծագործական գրադարանն ու իր երաժշտական մտահորիզոնը, բաւարարուեցաւ երգային արուեստի տպաւորիչ ժառանգութեամբ  եւ դաշնամուրային սահմանափակ երգացանկով:

Մի՛շտ  պահանջը զգացած ենք ունկնդրելու իր գործերը աւելի լայն եւ համապարփակ երաժշտական ձեւաւորումներով: Եթէ Կոմիտաս ունենար բաւարար ժամանակ ու հնարաւորութիւն, անպայման աւելի բազմաժանր գործիքաւորումներով ստեղծագործութիւններ կ’աւանդէր մեզի:

Յաճախ ներկայ կ’ըլլանք  համերգային ծրագիրներու, որոնց ընթացքին  Կոմիտասը կը հնչէ նոր գործիքաւորումներով, որոնք սակայն մեզ կը շարունակեն յուզել եւ մնալ կապուած` իր ներազդեցիկ երաժշտութեան: Այս մտորումներէն մեկնելով` ես կ’ուզէի մէկ համերգային ծրագիրի մէջ ներկայացնել Կոմիտասի եւ ֆրանսացի իր ժամանակակից երգահաններու ստեղծագործական կապը եւ զգալ 20-րդ դարու նոր երաժշտական մտքի զարգացման ու ներշնչուածութեան յատկանիշները:

Այո՛, Կոմիտասը մեծ հեաքրքրութեամբ եւ լայնամտօրէն մօտեցած էր այս երեւոյթին եւ հպարտութեամբ կարող ենք ըմբոշխնել Ռաւել, Տեպիւսէ եւ Կոմիտաս` կողք կողքի եւ միաժամանակ: Տեպիւսէ եւ Ռաւել:

Առաւե՛լ, կ՛իրագործենք  նոյնանման գործիքաւորում ու կը զզանք Կոմիտասի եւ ֆրանսացի այդ հրաշալի երաժիշտներուն միջեւ նոյնացուած ընդհանուր գիծը, զոր կ՛ընձեռէ մեզի կոմիտասեան արուեստի գնահատման եւրոպական արժեչափը:

Անշո՛ւշտ, պէտք է նշել, որ Փարիզը այն վայրերէն մեկն էր, ուր Կոմիտաս կը զգար եւրոպական երաժշտութեան ֆրանսական մօտեցումը, եւ բնաւ պատահական չէ, որ իր ստեղծագործութիւններուն վրայ ձգած է ներշնչման յստակ հետքեր:

Փարիզի մէջ, գալիք  28 սեպտեմբերի համերգին ընթացքին պիտի ունկնդրենք նոր գործիքաւորուած կոմիտասեան եւ ֆրանսական յօրինումներ:

Շատ յուզական եւ միաժամանակ յատկանշական ձեռնարկ մը ըլլալու տուեալները ունի այս նախաձեռնութիւնը: Նախ` անոր համար, որ առաջին անգամն է, որ նմանօրինակ համերգային ծրագիր մը պիտի իրագործուի նոյնինքն «Լոյսի Քաղաք»-ին մէջ, եւ ապա երկրորդը` Կոմիտաս արդարօրէն իր պատուանդանը կը գտնէ իր ժամանակի ֆրանսացի մեծագոյն երգահաններու` Ռաւելի եւ Տեպիւսէի շարքին: