Մեկնարկած է Արցախի ԱԳ Նախարարի Աշխատանքային Այցը Աւստրալիա

Հայաստան, Սփիւռք

Մեկնարկած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած պատուիրակութեան աշխատանքային այցը Աւստրալիա` Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբին հրաւէրով։ Այս մասին կը հաղորդէ Aparaj.am-ը։

Պատուիրակութեան կազմին մէջ է ԱՀ ԱԺ պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան։ Այցին ծիրէն ներս նախատեսուած են շարք մը հանդիպումներ Աւստրալիոյ պետական, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու, ինչպէս նաեւ հայկական համայնքային կառոյցներու եւ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներու հետ։

Յուլիս 28-ին, Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը հանդիպած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիայի թեմի առաջնորդ Տ. Հայկազուն արքեպիսկոպոս Նաճարեանի հետ։ Նոյն օրը, Սիտնիի Հայկական մշակութային կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցած է պատուիրակութեան անդամներու հանդիպումը հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, որուն ընթացքին՝ Մասիս Մայիլեան ներկայացուցած է Արցախի մէջ անկախ եւ ժողովրդավարական պետականաշինութեան գործընթացին մէջ արձանագրուած ձեռքբերումները։

Այս ծիրէն ներս՝ ան կարեւոր համարած է հայկական սփիւռքի ներդրումը երկրորդ հայկական պետութեան զարգացման ուղղուած ծրագրերու իրականացման գործին մէջ։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղած է նաեւ Արցախի միջազգային ճանաչման եւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացներուն։

Այնուհետեւ, Մասիս Մայիլեան եւ Դաւիթ իշխանեան պատասխանած են ձեռնարկի մասնակիցներուն բազմաթիւ հարցերուն։ Հանդիպումներուն մասնակցած են նաեւ Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան եւ Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախմբի նախագահ Հայկ Կայսերեան: