Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Աղթամարի Ս․ Խաչ Եկեղեցին Ներկայացնող Կայք Գործարկած են

Աշխարհ, Էրկիր

Թուրքիոյ նախագահի հանրային կապերու բաժինը Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին աշխարհին ներկայացնելու համար կայք գործարկած է:

Թրքական Sozcu պարբերականի փոխանցմամբ` Պոլսոյ մէջ կայքի շնորհանդէսի ժամանակ նախագահականի հանրային կապերի բաժնի վարիչ Ֆահրեթին Ալթուն նշած է, որ քրիստոնեայ ժողովուրդներու եւ յատկապէս հայերու համար կարեւոր հոգեւոր կեդրոն Աղթամարի կղզիին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը փորձած է տէր կանգնիլ՝ պատմական գիտակցութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման բարոյական արժէքներու շնորհիւ: Ան շեշտած է, թէ Աղթամար կղզին պիտի դառնայ հոգեւոր զբօսաշրջութեան կեդրոն:

«Անատոլիան տարբեր մշակոյթներու ու կրօններու խճանկար է: Հայ համայնքը ատոր մէկ մասն է: Հարիւրաւոր տարիներ միասին ապրած ենք, եւ ստեղծուած բարեկամական կամուրջը պէտք է ամէն տեսանկիւնէ ամրացնենք ու աշխարհին օրինակ ըլլանք»,– ըսած է Ալթուն։