Ժամանակակից Երկիրը Ժամանակակից Կրթութիւնն է․ Նախագահ Արմէն Սարգսեան

Հայաստան

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր ընդունած է «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» կրթական հիմնադրամի ներկայացուցիչները` կազմակերպութեան հիմնադիր եւ տնօրէն Լարիսա Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ:

Արմէն Սարգսեան կարեւոր նկատած է «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան»-ի գործունէութիւնը` ընդգծելով որակեալ կրթութեան անհրաժեշտութիւնը երկրի զարգացման համար:

 «Եթէ կը խօսինք ժամանակակից երկրի մասին, ապա պէտք է հասկնանք, որ ժամանակակից երկիրը ժամանակակից կրթութիւնն է, որակեալ ու կրթուած մասնագէտները»,- ընդգծած է ան:

 Լարիսա Յովհաննիսեան տեղեկացուցած է, որ «Կրթութիւն բոլորի համար» միջազգային ցանցի հետ համագործակցութեամբ աշնան կը նախատեսէ Հայաստանի մէջ կազմակերպել «Ինչպէս նախապատրաստել երիտասարդները յարափոփոխ աշխարհը կերտելու համար» խորագիրով միջազգային համաժողով:

 Սարգսեան ողջունածէ նման հեղինակաւոր համաժողովի կազմակերպումը եւ՝ իր մասնակցութիւնը բերելու պատրաստակամութիւն յայտնած:

Յովհաննիսեան խօսած է նաեւ իրենց նոր նախաձեռնութեան` «Առողջ Հայաստան» հիմնադրամի մասին` նշելով, ան ստեղծուած է «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» կրթական ծրագրի օրինակին ու փորձին հիման վրայ:

 «Health for Armenia» հիմնադրամը պիտի հաւաքագրէ ընտանեկան բժիշկներ ու բուժակներ եւ պիտի գործուղէ գիւղեր, ուր անոնց կարիքը կայ: