Պոլսոյ մէջ Վանի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Լուսանկարներու Ցուցահանդէս Բացուած է

Աշխարհ, Էրկիր

Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած է Վանի Աղթամար կղզիի եւ Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցւոյ լուսանկարներու ցուցահանդէս:

Ան մաս կը կազմէ Թուրքիոյ նախագահականի հովանաւորութեամբ իրականացուող մշակութային նախագիծին, որուն նպատակը երկիրը միջազգային ասպարէզի մէջ ներկայացնելն է, կը փոխանցէ ermenihaber-ը:

Ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցած է Թօփքափը պալատի թանգարանին կից գտնուող Սուրբ Իրինայի եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած ձեռնարկի ժամանակ: Արարողութեան ներկայ գտնուած են Թուրքիոյ նախագահականի ներկայացուցիչներ, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան, Վանի նահանգապետ Մեհմեթ Էմին Պիլմեզ, ցուցահանդէսի լուսանկարներու հեղինակ, լուսանկարիչ Իզզեթ Քերիպար:

Նախ ցուցադրուած է Սուրբ Խաչ եկեղեցոյ մասին պատմող վաւերագրական ֆիլմ մը, ապա ընթերցուած  է նախագահ Էրտողանի ուղերձը: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցած է Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան: «Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցին 1100 տարուան պատմութիւն ձգած է թիկունքին եւ կը շարունակէ իր ընթացքը դէպի հազարամեակներ: Այս ձեռնարկը շատ աւելին է, քան սովորական լուսանկարներու ցուցահանդէս մը: Սա միջազգային ասպարէզի մէջ ճանաչում ապահովելուն ուղղուած աւելի մեծ նախագիծին մէկ մասն է: Աշխարհը պէտք է աւելի մօտիկէն ճանչնայ մեր երկրի մշակութային եւ քաղաքակրթական հարստութիւնները: Պատմութիւնը այս տարածաշրջանին մէջ սկսած է եւ մեր ժողովուրդի արմատները թաղուած են այս հողերուն մէջ», – իր խօսքին մէջ նշած է Մաշալեան:

Տպագրուած է նաեւ Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցւոյ պատմութիւնն ու  ճարտարապետութիւնը մանրամասն նկարագրող գիրք, ուր տեղ գտած են բազմաթիւ լուսանկարներ: Բացի այդ` www.akdamarkilisesi.gov.tr  հասցէով գործարկուած է կղզիին եւ եկեղեցւոյ մասին պատմող եռալեզու կայք` թուրքերէն եւ անգլերէն լեզուներով։