Յունահայ գաղութը «Նոր Օր»ի աչքով՝ 1923էն մինչեւ 26 Մարտ 1924

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Շ.

1922ի Իզ­մի­րի ա­ղէ­տէն ան­մի­ջա­պէս ետք, ­Փոքր Ա­սիոյ հո­ղե­րէն պո­կո­ւած, մեծ թի­ւով յոյն բայց նաեւ հայ գաղ­թա­կան­ներ գտնո­ւե­ցան ­Յու­նաս­տան, ստեղ­ծե­լով պատ­մա­կան գաղ­թա­կա­յան­ներ, ո­րոնց հետ­քե­րը տա­կա­ւին կան ­Լի­բազ­մա­յի, ­Գո­քի­նիոյ եւ ­Ֆիք­սի շրջան­նե­րէն ներս:

Ե­րէց­նե­րը կը յի­շեն վստա­հա­բար այդ եւ յա­ջոր­դող օ­րե­րու ու տա­րի­նե­րու թի­թե­ղէ տնակ­նե­րը։ Յու­նա­հայ գա­ղու­թը ծաղ­կե­ցաւ այդ տնակ­նե­րու փոքր բա­կե­րու ա­ծու­նե­րուն մէջ՝ մե­խակ­նե­րու կող­քին։
Յի­շե­լու պա­հան­ջը հրա­մա­յա­կան պի­տի չըլ­լար թե­րեւս, ե­թէ յու­նա­հա­յու­թեան պար­զած հա­մայ­նա­պատ­կե­րը ա­ղէ­տի ու գաղ­թա­կա­նու­թեան սկզբնա­ւո­րու­թե­նէն հա­զիւ վեց կամ եօ­թը ա­միս ետք չցու­ցա­բե­րէր այն­պի­սի աշ­խու­ժու­թիւն մը, ո­րուն շուրջ տե­ղե­կու­թիւն­ներ պի­տի չու­նե­նա­յինք՝ ա­ռանց «­Նոր Օր» ի ա­ռա­ջին իսկ տա­րո­ւայ թի­ւե­րուն, ո­րոնք կար­ծես դժբախտ եւ յու­սա­հատ գաղ­թա­կան­նե­րու չէ՛ որ կ­՚ուղ­ղեն ի­րենց խօս­քը, այլ կազ­մա­կեր­պո­ւած ու ապ­րե­լու վճռա­կա­մու­թիւն ցու­ցա­բե­րող հա­սա­րա­կու­թեան մը:

Այս­պէս ՝

— ­Կի­րա­կի՝ 25 ­Մարտ 1923-ին լոյս կը տես­նէ «­Նոր Օր»ի ա­ռա­ջին թի­ւը «­Հա­յա­թերթ» վեր­տա­ռու­թեամբ, որ շա­բա­թա­թերթ է 2 է­ջով, հաս­ցէ` ­Բե­րիք­լէուս 16, գին` 1 տրախ­մի։

— ­Կի­րա­կի՝ 1 Ապ­րի­լին, այ­սինքն մէկ շա­բաթ ետք, լոյս կը տես­նէ երկ­րորդ թի­ւը. կը պա­րու­նա­կէ գաղ­թա­կան­նե­րուն ուղ­ղո­ւած յօ­դո­ւած­ներ, ո­րոնք բա­ցատ­րու­թիւն­ներ կու տան մաք­րու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին, ո­ջիլ­նե­րէ խու­սա­փե­լու մա­սին, ե­ւայլն. ա­ռող­ջա­պա­հա­կան յօ­դո­ւած­նե­րը կը ստո­րագ­րէ տօքթ. Վ. ­Մար­տի­կեան։

— 8 Ապ­րի­լին «­Հա­յուն ­Զա­տիկ»ը յօ­դո­ւա­ծին մէջ Ն. ­Մա­նո­ւէ­լեան հարց կու տայ «ե՞ րբ յա­րու­թիւն պի­տի առ­նէ ­Հա­յուն Ք­րիս­տո­սը»։

— «­Նոր Օր»ի ար­տօ­նա­տէ­րը ­Գաբ­րիէլ ­Լա­զեանն է, հրա­տա­րա­կիչ­նե­րը Ա. ­Շի­րի­նեան եւ Պ. Ս­վա­ճեան։

— Ա­մե­րի­կայ մեկ­նող­նե­րուն հա­մար թրա­խո­մա­յի եւ այլ հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու բժշկա­կան քննու­թիւ­նը կը կա­տա­րո­ւի ձրի տոքթ. Վ. ­Մար­տի­կեա­նի կող­մէ, իսկ ճամ­բոր­դա­կան գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը կը կրէ Ա­ռա­քել ­Պետ­րո­սեա­նի ա­նու­նը։

— ­Չոր­րորդ թի­ւին մէջ (15 Ապ­րիլ 1923) կը խօ­սո­ւի քա­ղա­քա­կան ժո­ղո­վի մը անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին, մինջ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը տրո­ւին Ար­ղոս­թո­լիի, ­Մի­թի­լի­նիի եւ Լութ­րա­քիի գաղ­թա­կա­յան­նե­րու մա­սին. ի մաս­նա­ւո­րի կը խօ­սո­ւի ­Լութ­րա­քիի որ­բա­նո­ցին մա­սին։

— 22 Ապ­րի­լի խմբագ­րա­կա­նը կը շեշ­տէ գա­ղութ­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։

– Տիկ­նանց միու­թիւն մը ­Բի­րէա­յի մէջ բժշկա­կան կա­յան մը կը բա­նայ, ուր տօքթ. ­Մար­տի­կեան ա­մէն օր ձրի 50է ա­ւե­լի հի­ւանդ­ներ կը խնա­մէ։ Այս բժիշ­կի ա­նու­նին շատ ան­գամ կը հան­դի­պինք «­Նոր Օր»ի է­ջե­րուն մէջ։

— Ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նի ­Ֆիք­սի սկաու­տա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան մը յանձ­նա­խում­բը։

— 13 ­Մա­յի­սի թի­ւին մէջ կը գտնենք ծա­նու­ցում­ներ. Գ. ­Գէոր­գեա­նի կեր­պա­սե­ղէ­նի վա­ճա­ռա­տան, ­Հայկ ­Քէ­րէս­թէ­ճեա­նի հո­վա­նո­ցի վա­ճա­ռա­տան, տօքթ. Վ. ­Մար­տի­կեա­նի (վկա­յեալ ­Լո­զա­նէն) որ կը շեշ­տէ թէ, աղ­քատ­նե­րու հա­մար խնամ­քը ձրի է, տօքթ. Յ. Դար­բի­նեա­նի (վկա­յեալ A.U.B.էն) որ նոյն­պէս կը յայ­տա­րա­րէ թէ աղ­քատ­նե­րուն խնամ­քը ձրի է։

– Կի­րա­կի՝ 3 ­Յու­նիս 1923-ի թի­ւին մէջ կը խօ­սո­ւի Ա­թէն­քի ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեան մը մա­սին եւ Մազ­լը­մեան ե­պիս­կո­պո­սի մա­սին, ո­րուն նկատ­մամբ գնա­հա­տա­կան­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս դրա­կան են։

— 10 ­Յու­նի­սի խմբագ­րա­կա­նը շատ կարծր քննա­դա­տու­թեան կ­՚են­թար­կէ ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւ­նը, զոր կ­՚ամ­բաս­տա­նէ ան­տար­բե­րու­թեամբ եւ «ա­ղա­յու­թեամբ»։

— Ա­ռա­քել ­Պետ­րո­սեա­նի ճամ­բոր­դա­կան գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը ­Մեք­սի­քոն կը ներ­կա­յաց­նէ որ­պէս «­Հա­յուն ա­ւե­տեաց եր­կիր»ը, շեշ­տե­լով, որ Ա­մե­րի­կա­յի սահ­մա­նա­կից եր­կիր մըն է։

— 24 ­Յու­նի­սէն սկսեալ, թեր­թին մէջ կը գտնենք Ան­տոն ­Կա­զէ­լի ստո­րագ­րու­թիւ­նը, իսկ 8 Յու­լի­սի թի­ւին մէջ կը հան­դի­պինք ­Սեդ­րակ ­Գո­հա­րու­նիի ստո­րագրու­թեան։

– Ֆիքս եւ ­Գո­քի­նիա ու­նին ար­դէն ի­րենց դպրոց­նե­րը, մինչ թեր­թը կը քննա­դա­տէ ժո­ղով­նե­րով զբա­ղող ազ­գա­յին­նե­րը, ո­րոնք ետ կը մնան պարզ ժո­ղո­վուր­դի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րէն։

— ­Կի­րա­կի` 15 ­Յու­լիս 1923-ի թի­ւէն սկսեալ «­Նոր Օր»ը լոյս կը տես­նէ շա­բա­թա­կան եր­կու թի­ւով (­Հինգ­շաբ­թի եւ ­Կի­րա­կի)։

— Օ­գոս­տո­սի իր մէկ թի­ւով թեր­թը կը հրա­ւի­րէ պ. Ազ­նա­ւո­րեա­նը թող­նե­լու Ա­թէն­քի ­Կեդր. Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տի իր պաշ­տօ­նը, ո­րով­հե­տեւ յայ­տա­րա­րած է թէ` «ի՞ նչ ­պէտք կայ հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու, նոր սե­րուն­դը դա­տա­պար­տո­ւած է ձու­լո­ւե­լու, թող այ­սօր ձու­լո­ւի, հայ մա­նուկ­նե­րը թող յու­նա­կան վար­ժա­րան­ներ եր­թան»։

— ­Հասկ­նա­լի կեր­պով, է­ջե­րուն մէջ շա­րու­նակ տեղ կը գտնեն Իզ­մի­րի ա­ղէ­տին վե­րա­բե­րող յօ­դո­ւած­ներ ու մա­նա­ւանդ որ­բե­րու վե­րա­բե­րող գրու­թիւն­ներ (չմոռ­նանք որ ա­ղէ­տէն հա­զիւ մի քա­նի ա­միս ան­ցած է)։

— 26 ­Սեպ­տեմ­բե­րէն սկսեալ թեր­թի վեր­տա­ռու­թիւ­նը «եր­կօ­րեայ ­Հա­յա­թերթ» է, իսկ ­Հոկ­տեմ­բեր 12ի խմբագ­րա­կա­նը կ­՚ը­սէ «մենք ան­ցորդ ենք, ծո­վե­րէն ան­դին է մեր հայ­րե­նի­քը, անհ­րա­ժեշտ չէ հե­տաքրք­րո­ւիլ, մե­զի հա­մար յու­նա­կան հպա­տա­կու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու խնդրով»։

— ­Կի­րա­կի` 21 ­Հոկ­տեմ­բեր 1923-էն աս­դին թեր­թը մնա­յուն կեր­պով կը հրա­տա­րա­կո­ւի 4 է­ջով, կը ցրո­ւի հիմ­նա­կա­նօ­րէն ցրո­ւիչ­նե­րու մի­ջո­ցաւ (նաեւ կրպակ­նե­րու մէջ) ­Ֆիքս, ­Գո­քի­նիա եւ Լի­բազ­մա։

— ­Հիմ­նա­կան է 28 ­Հոկ­տեմ­բե­րի խմբագ­րա­կա­նը ստո­րագ­րո­ւած Ե­նովք Ար­մէ­նէն, որ կը խօ­սի սփիւռ­քի ինք­նա­կա­ռա­վար­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին (այ­սինքն ո՛չ ­Սո­վետ ­Հա­յաս­տան, ո՛չ ալ ­Պոլ­սոյ ­Պատ­րիար­քա­րան)։ Ո­րով­հե­տեւ սա­կայն՝ Ե­նովք Ար­մէն կը պա­հան­ջէ նաեւ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու քա­ղա­քա­կան աս­պա­րէ­զէն քա­շո­ւի­լը, թեր­թի Ուր­բաթ՝ 16 ­Նո­յեմ­բե­րի խմբագ­րա­կա­նը կու գայ ը­սե­լու թէ այս դիր­քը յատ­կան­շա­կան է եւ կը պատ­կա­նի բո­լոր ան­կու­սակ­ցա­կան­նե­րուն, ո­րոնք գա­ղա­փա­րի մո­լո­րու­թե­նէ կը տա­ռա­պին ու կը շեշ­տէ Դաշ­նակ­ցու­թեան կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը։

— ­Մինչ այդ, ար­դէն ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 31 ­Հոկ­տեմ­բե­րի «­Հա­յա­թերթ»ի խմբագ­րա­կա­նը (թեր­թը ար­դէն սկսած է շա­բա­թը ե­րեք ան­գամ հրա­տա­րա­կո­ւիլ ­Չո­րեք­շաբ­թի, Ուր­բաթ եւ ­Կի­րա­կի օ­րէ­րը) ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով բա­ցա­յայ­տօ­րէն կը խօ­սի ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մա­սին, պա­խա­ռա­կե­լով Ար­շակ ­Չո­պա­նեա­նի տե­սա­կէտ­նե­րը, որ շա­հու զեղ­ծում կը տես­նէ Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պած ձեռ­նարկ­նե­րու ե­կա­մու­տին մէջ։

— Բ­ժիշկ­նե­րու եւ ա­տամ­նա­բուժ­նե­րու ծա­նու­ցում­նե­րուն մէջ ան­փո­փոխ կը մնայ «ձրի՝ աղ­քատ­նե­րուն հա­մար» նշու­մը։ ­Նո­յեմ­բե­րի եւ գրե­թէ ամ­բողջ ­Դեկ­տեմ­բե­րի բո­լոր թի­ւե­րուն մէջ ու մին­չեւ 6 ­Յու­նո­ւար 1924ի թի­ւը, ա­մէն օր, «կը փնտռո­ւի» սիւ­նա­կին մէջ կը տես­նենք Ս­տե­փան Օ­հա­նեան կամ Ս­րա­պեա­նի լու­սան­կա­րը, 17էն 18 տա­րե­կան, որ ­Մաղ­նի­սա­ցի քե­պապ­ճի ­Թո­րո­սին տղան է ՝ կոր­սո­ւած Իզ­մի­րի ա­ղէ­տի օ­րե­րուն։ 6 ­Յու­նո­ւար 1924-էն ետք նկա­րը չկայ այ­լեւս, չենք գի­տեր ե­թէ գտնո­ւած է կամ ոչ։

— 1 ­Յու­նո­ւար 1924-ին «­Նոր Օր»ը ար­դէն օ­րա­թերթ դար­ձած է։

— Ա­թէն­քի ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գա­բար­ձու­թիւն կազ­մո­ւած է այդ ամ­սու ըն­թաց­քին՝ բաղ­կա­ցած ­Մել­քոն Շի­րի­նեա­նէ (ա­տե­նա­պետ), ­Միհ­րան ­Շի­րի­նեա­նէ (ա­տե­նադ­պիր) եւ ­Մատ­թէոս Անդ­րէա­սեա­նէ (գան­ձա­պահ)։

— ­Գո­քի­նիոյ մէջ ար­դէն կը գոր­ծէ տա­րիէ մը ի վեր նա­խակր­թա­րան ու ման­կա­պար­տէզ 400ի հաս­նող երկ­սեռ ա­շա­կեր­տու­թեամբ, սա­կայն բա­ւա­րար շէն­քի մը չգո­յու­թեան պատ­ճա­ռաւ, շատ մը մա­նուկ­ներ տա­կա­ւին փո­ղոց­նե­րուն մէջ կը մնան։

— Ուր­բաթ՝ 18 ­Յու­նո­ւար 1924-ի խմբագ­րա­կա­նը պէտք է նկա­տել պատ­մա­կան։ ­Չա­փա­ւոր, զուսպ բայց շատ յստակ ձե­ւով կը պա­խա­ռա­կէ ­Սո­վե­տա­կան ­Հա­յաս­տա­նի մէջ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը նսե­մաց­նե­լու եւ ար­ժեզր­կե­լու մի­տող հայ հա­մայ­նա­վար­նե­րու յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը։ ­Ցա­ւոտ բայց լուրջ ու պատ­մա­կա­նօ­րէն կա­րե­ւոր խմբագ­րա­կան մը։

— ­Թեր­թը ­Յու­նաս­տա­նի հա­յե­րու թի­ւը կը գնա­հա­տէ 110.000-ի շուրջ։

– Գաղ­թա­կան­նե­րու մա­հա­թի­ւը ըստ տօքթ. Ա. Աս­լա­նեա­նին կը պար­զէ հե­տե­ւեալ տխուր պատ­կե­րը. ­Ֆա­լի­րո­յի մէջ մա­հա­ցած են 250 մա­նուկ­ներ վեց ամ­սո­ւայ ըն­թաց­քին, իսկ թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան օ­րը միայն՝ 7 հո­գի մա­հա­ցած է ցուր­տէն գաղ­թա­կա­յա­նի մը մէջ (հարկ է հոս յստա­կաց­նել, թէ ընդ­հան­րա­պէս թեր­թը կը խու­սա­փի նման տո­ւեալ­ներ տա­լէ, վստա­հա­բար զո­հե­րու ընդ­հա­նուր թի­ւը շատ ա­ւե­լի ցա­ւա­լի պատ­կեր մը կը ներ­կա­յաց­նէր)։

— ­Նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րու կոչ մը կը գտնենք օ­րա­թեր­թի ­Հինգ­շաբ­թի՝ 7 ­Փետ­րո­ւա­րի թի­ւին մէջ, ստո­րագ­րո­ւած ­Կեդր. ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Յովհ. Մս­րեա­նէ, ա­տե­նադ­պիր տօքթ. Միհ­րան ­Նո­րայ­րէ եւ գան­ձա­պահ ­Հայկ ­Քէ­րէս­թէ­ճեա­նէ։

— ­Նոյն օ­րը կը կար­դանք թէ ­Լի­փազ­մա­յի Ե­րի­տա­սար­դաց երկ­սեռ միու­թեան կող­մէ գի­շե­րա­յին դա­սա­խօ­սու­թեանց շարք մը կազ­մա­կեր­պո­ւած է հա­յե­րէն, յու­նա­րէն, ֆրան­սե­րէն եւ անգ­լե­րէն լե­զու­նե­րով։ ­Մաս­նակ­ցու­թեան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը կա­տա­րող­ներն են ­Միհ­րան ­Գայ­լու­նի եւ Մա­րի ­Յա­կո­բեան։

— ­Յու­նաս­տա­նի ­Խորհր­դա­րա­նի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րո­ւած «­Նոր Օր»ի լրագ­րող- խմբա­գի­րը կ­՚ու­նե­նայ իր մնա­յուն սիւ­նա­կը թեր­թին մէջ ՝ խորհր­դա­րա­նի լու­րե­րով։

— Եւ յան­կարծ, 8 ­Փետ­րո­ւա­րի թի­ւին մէջ կրկին կը տես­նենք քե­պապ­ճի ­Թո­րո­սի տղուն՝ Ս­տե­փան Օ­հա­նեան կամ Ս­րա­պեա­նի լու­սան­կա­րը, որ կը շա­րու­նա­կո­ւի փնտռո­ւիլ։ ­Նոյն ծա­նու­ցու­մը կը գտնենք 9 ­Փետ­րո­ւա­րի նաեւ թի­ւին մէջ։

— Ա­թէն­քի եւ շրջա­նի մէջ միու­թիւն­ներ կը ստեղ­ծո­ւին՝ ե­րաժշ­տա­սի­րաց, թա­տե­րա­սի­րաց, ե­րի­տա­սար­դաց, լսա­րա­նա­կան, ե­ւայլն։ Այս բո­լո­րը ի­րա­րու մօ­տեց­նե­լու եւ հա­մադ­րե­լու հա­մար յանձ­նա­խում­բի մը ստեղծ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին կը խօ­սի «­Նոր Օր»ի 12 ­Փետ­րո­ւար 1924ի խմբագ­րա­կա­նը.

— 29 ­Փետ­րո­ւա­րի 1924-ի թի­ւով կը յայ­տա­րա­րո­ւի թէ «­Նոր Օր»ը, 1 ­Մար­տէն սկսեալ, կը փո­խադ­րո­ւի ա­ռան­ձին գրա­սե­նեա­կի մէջ, ­Վու­լիս 18, 2րդ ­յարկ, թիւ 39 գրա­սե­նեակ։ ­Նոյն թո­ւա­կա­նէն՝ ար­տօ­նա­տէր ու հրա­տա­րա­կիչ­ներ կը դադ­րին գո­յու­թիւն ու­նե­նա­լէ եւ կը փո­խա­րի­նո­ւին «­Նոր Օր»ի հրա­տա­րակ­չա­կան ըն­կե­րու­թեան մը կող­մէ։

— 25 ­Մար­տի թի­ւով օ­րա­թեր­թը Ա­թէն­քի ­Կեդր. ­Վար­չու­թեան ընտ­րա­կան նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րուն մա­սին կը խօ­սի։

— «­Նոր Օր»ի տա­րե­կան բա­ժա­նոր­դագ­րու­թիւ­նը 200 տրախ­մի է, վե­ցամ­սեան 110 տրախ­մի, ե­ռամ­սեան 65։ 24 ­Մար­տի սա­կա­րա­նա­յին ար­ժէք­նե­րը ՝ սթեր­լի­նը 252 տրախ­մի, տո­լա­րը 58 տրախ­մի եւ ֆրան­սա­կան ֆրան­քը 2,75 տրախ­մի։

— ­Գաբ­րիէլ ­Լա­զեան այ­լեւս կը նշո­ւի որ­պէս պա­տո­ւոյ տնօ­րէն, իսկ քե­պապ­ճի ­Թո­րո­սի 18 տա­րե­կան տղան այ­լեւս չի փնտռո­ւիր:

Հայ­կա­կան մա­մու­լը հարկ է նկա­տել օրհ­նո­ւած։ Ա­ռանց «­Նոր Օր»էն քա­ղո­ւած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, նշա­նա­կա­լից հանգ­րո­ւան­ներ մո­ռա­ցու­թեան են­թար­կո­ւած պի­տի մնա­յին ընդ­միշտ:
Այս տո­ղե­րու հե­ղի­նա­կին հա­մար հնա­րա­ւոր չե­ղաւ ստու­գել օ­րա­թեր­թի տպա­քա­նա­կը։ Յս­տակ է սա­կայն, թէ «­Նոր Օր»ը ինք­նա­բաւ ե­ղած է ու խի­զա­խօ­րէն շա­բա­թա­կան մէկ թի­ւը նախ վե­րա­ծած է եր­կու­քի, յե­տոյ ե­րե­քի իսկ տա­սը ամ­սո­ւայ ըն­թաց­քին ար­դէն դար­ձած է օ­րա­թերթ: Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով այդ օ­րե­րու տնտե­սա­կան ող­բա­լի պայ­ման­նե­րը եւ հա­կա­ռակ յու­նա­հա­յու­թեան թի­ւի զգա­լի նո­ւա­զու­մին՝ ինչ­պէ՞ս չափ­սո­սալ մե­րօ­րեայ սա­կա­ւա­թիւ օ­րա­թեր­թե­րու դի­մագ­րա­ւած նիւ­թա­կան լուրջ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն ու շատ սահ­մա­նա­փակ տպա­քա­նա­կի ի­րո­ղու­թեանց դէմ յան­դի­ման:
Ար­դեօ՞ք շատ խիստ պի­տի ըլ­լար ը­սե­լը, թէ ազ­գա­յին յա­մա­ռու­թեան սրտին բա­բա­խիւ­նը ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր կը թո­ւէր ըլ­լալ թի­թե­ղէ եր­դիկ­նե­րու ներ­քեւ…
Եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու յան­գե­լու ի­րա­ւուն­քը կը պատ­կա­նի բո­լո­րին:

«Ազատ օր»