Թրամփի Եւ Փութինի Շուրջ Փոթորիկներու Զուգադիպութիւն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. Մահսէրէճեան

Երկուշաբթի, 8 Յուլիսին, քաղաքական բեմը աչքերը բացաւ՝ բռնուած երկու փոթորիկներու մէջ, որոնք ալեկոծումի մատնեցին արեւմտեան եւ արեւելեան կողմն աշխարհի, մոռացութեան մատնելով… հարաւային Քալիֆորնիան երկու-երեք օր առաջ ցնցած զոյգ մը երկրաշարժները։ Երկու փոթորիկներն ալ ունէին աննախընթաց բնոյթ եւ կ՛արտայայտէին այն (ան)մակարդակը, որուն մէջ ինկած են քաղաքական, դիւանագիտական ու մամուլի ասպարէզները։

Արեւմուտքի մէջ փոթորիկ պայթեցաւ, երբ ի յայտ եկաւ, որ Միացեալ Նահանգներու մօտ Բրիտանիոյ դեսպանը՝ Քիմ Տարոք, 2017էն մինչեւ օրս երկարող ժամանակաշրջանը վերլուծող իր մէկ գաղտնի տեղեկագիրին մէջ, «անկարող», «համբակ» եւ «անպատեհ» բառերով որակած է նախագահ Թրամփը, նախատեսութիւն արձանագրելով, որ ան «անպատուաբեր վախճան» մը պիտի ունենայ, իսկ Սպիտակ տան ներքին զարգացումները նկարագրած է իբրեւ «դաշունամարտ»։ Թրամփի հակադարձութիւնը չուշացաւ. ան յայտարարեց, թէ ինք ծանօթ չէ դեսպանին (թէեւ բազմիցս հանդիպում ունեցած է անոր հետ, վերջինը՝ Լոնտոն իր այցելութեան առիթով, հազիւ ամիս մը առաջ), որոշած է այսուհետեւ անոր հետ գործ չունենալ (ուշագրաւ էր, որ զայն գործէ չարձակեց իբրեւ «անբաղձալի անձ»), ապա նաեւ խիստ քննադատութեան ենթարկեց վարչապետ Թերեզա Մէյը, որ «խառնիճաղանճի վերածած է» Եւրոպական Միութենէն Բրիտանիոյ դուրս գալու գործընթացը եւ ականջ չէ տուած իր խրատներուն. ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ Բրիտանիա ի մօտոյ պիտի ունենայ նոր վարչապետ մը։ Նշենք, որ Լոնտոն իր այցելութեան օրերուն, Թրամփ գովասանքով արտայայտուած էր Եւրոպական Միութեան նկատմամբ Մէյի որդեգրած քաղաքականութեան մասին, յոյս յայտնելով, որ յառաջիկայ փուլին, Միացեալ Նահանգներ «պտղաբեր յարաբերութիւններ» կը նախատեսէ՝ Եւրոպայէն առանձնացող Բրիտանիոյ հետ (գաղտնիք չէ, որ Ուաշինկթըն կը յուսայ աւելցնել Բրիտանիոյ տնտեսութեան եւ այլ ասպարէզներուն վրայ իր հակակշիռը)։

Լոնտոնէն բարձրացած ձայները հազիւ թէ ողոքող էին. Մէյ դրուատական բառերով բարի վարուց վկայագիր տուաւ իր դեսպանին, թէեւ նշեց, որ անոր կարծիքներուն լիովին համաձայն չէ։ Արտաքին գործոց նախարար Ճերեմի Հանոք, որ Մէյի աթոռը գրաւելու թեկնածուներէն է, յայտարարեց, որ թէեւ համակարծիք չէ դեսպանին, սակայն «բրիտանացի դիւանագէտները պէտք է ազատութիւնը ունենան արտայայտելու իրենց անկեղծ կարծիքները»։ Արձանագրենք, որ Մէյի յաջորդը դառնալու յաւակնորդ է նաեւ նախկին արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսըն, որ սուր կերպով հակադրուած է Մէյի, իսկ Թրամփ բացայայտ դարձուած է, որ իր համակրանքը Ճոնսընի կ՛երթայ։ Բրիտանիոյ մէջ Ճոնսըն կը վայելէ «բրիտանացի Թրամփ» մը ըլլալու… պատիւը։

(Նշենք, որ Չորեքշաբթի օր դեսպան Տարոք յայտարարեց, թէ պիտի հրաժարի պաշտօնէն, ներկայ միջավայրին մէջ իր պաշտօնը լաւապէս կատարելու «անկարելի» որակելով-Խմբ.)։

0712Gabounia

Կէորկի Կապունիա

Թէ այս տագնապը որքա՞ն իրական կամ շինծու բաժիններ ունի՝ ձգենք մեկնաբաններուն, որոնց սակարանը արդէն լայնօրէն բացուած է ու կ՛արծարծէ ընտրապայքարէ մինչեւ ովկիանոսի երկու կողմերուն միջեւ հետագայի յարաբերութիւններու թղթածրարը։ Միայն հպանցիկ ակնարկութիւններ կ՛ըլլան, թէ դեսպանին գաղտնի տեղեկագիրը ինչպէ՞ս հասած է «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթին, որ չի մեղադրուիր զայն հրապարակած ըլլալուն պատճառով։ Ոչ մէկ ակնարկութիւն, թէ այս անգաղտնապահութեան ետին չեն կրնար կանգնած ըլլալ… Ճիւլիըն Ասանժ կամ նման «գաղտնազերծող»ներ, որոնք հիմա բանտերու «հանգիստը» կը վայելեն։ Անգաղտնապահներ հետապնդելու խօսք չկայ տակաւին…

 

***

 

Արեւելքի մէջ, նոյն ժամերուն պայթեցաւ բոլորովին այլ բնոյթի փոթորիկ մը, որուն մէջ, սակայն, կարելի է նմանութիւններ ու զուգահեռներ գտնել Ուաշինկթըն-Լոնտոն գիծին վրայ ծագած հարցին հետ։

Վրացի լրագրող մը, Կէորկի Կապունիա, Կիրակի գիշեր «Ռուսթաւի 2» կայանէն իր կատարած հաղորդումին ընդմէջէն, աներեւակայելիօրէն սուր քննադատութիւններու թիրախ դարձուց Ռուսիոյ նախագահ Փութինը. աւելի քան կէս ժամ տեւած հաղորդումին, ան լուտանքներ տեղացուց Փութինի հասցէին, չխնայեց անոր հանգուցեալ հօրն ու մօրը. Փութին ամբաստանուեցաւ իբրեւ «կեղտոտ բռնագրաւող», «թշնամի». լրագրողը մինչեւ իսկ սպառնաց պղծել Ռուսիոյ նախագահին գերեզմանը…

Հակազդեցութիւնը սպասելի էր. ժողովրդային ցոյց մը ծաւալեցաւ պատկերասփիւռի կայանին առջեւ, ի նպաստ ռուս-վրացական բարեկամութեան եւ ընդդէմ նման անպատշաճ արտայայտութեանց. նախագահ Սալոմէ Զուրապաշվիլի «ատելութեան ճառ» որակեց լրագրողին յախուռն քննադատութիւնները եւ «ինքնազսպումի» հրաւէր ուղղեց բոլորին։ Վարչապետ Իվանիշվիլի, մինչեւ իսկ նախկին նախագահ Սաակաշվիլի (որ Վրաստանի մէջ հակառուս հոսանքի յառաջապահներէն է) նմանապէս քննադատեցին լրագրողը. յիշեալ կայանը քանի մը ժամ դադրեցուց իր սփռումները, ապա յայտարարեց, որ… 2 ամիսով կը կախակայէ Կապունիան։ Մոսկուայի հակադարձութիւնն ալ եղաւ բաւական բուռն. Վրաստանին տնտեսական-առեւտրական պատժամիջոցներու սպառնալիք ուղղուեցաւ, Մոսկուա-Թիֆլիս թռիչքները կասեցուեցան, պաշտօնական բանբեր մը յայտարարեց, որ նման արտայայտութիւններ թարգմանը կը հանդիսանան Վրաստանի մէջ հակառուսական քարոզչութեանց ու տրամադրութեանց անզուսպ թողուելուն։ Ակնարկութեան թիրախը յստակ էր։ Վրաստանի նախագահը քանի մը շաբաթ առաջ սուր քննադատութիւններ ուղղած էր Ռուսիոյ, նման հակառուս կեցուածք ցուցաբերած էին նաեւ պետական այլ պատասխանատուներ։

Եթէ Լոնտոն-Ուաշինկթըն փոթորիկը արտասովոր եւ քիչ մըն ալ անակնկալ դէպք է, Մոսկուա-Թիֆլիս գիծին վրայ նման բռնկում նորութիւն չէ, այլ նոր խորացումի կը տանի յետ-խորհրդային տարիներուն ուրուագծուած հակադրութիւնը, որ գագաթնակէտ մը նուաճեց աւելի քան տասնամեակ մը առաջ. 2008ին, ռուսական բանակներ միջամտեցին կեդրոնախոյս Հարաւային Օսեթիոյ ու Աբխազիոյ մէջ, Մոսկուա այդ երկու շրջանները ճանչցաւ իբրեւ անկախ հանրապետութիւններ, իսկ վրացիք այդ քայլը նկատեցին ռուսական գրաւում։ Հակադրութեան բուռն արտայայտութիւնները շարունակուեցան յաջորդ տարիներուն, սուր են նաեւ այսօր. 7 Յուլիս երեկոյեան «պայթում»էն առաջ, 20 Յունիսին, Թիֆլիս բեմ դարձած էր հակառուսական հրապարակային ցոյցերու եւ խռովութիւններու. շարժառիթն էր ուղղափառ երկիրներու խորհրդարանականներու համաժողովը՝ Վրաստանի խորհրդարանի շէնքին մէջ. մթնոլորտը բռնկած էր, երբ ռուս պատգամաւոր մը գրաւած էր Վրաստանի խորհրդարանի նախագահին աթոռը՝ նախագահելու համար օրուան նիստին։ Բողոքողներ խուժեցին խորհրդարան, բախումներ ծագեցան ապահովութեան ուժերուն հետ, մինչեւ այսօր ալ ոստիկան պատասխանատուներու դէմ պաշտօնանկութեան ձայներ կը բարձրանան։

Կիրակի գիշեր ծագած եւ Երկուշաբթի օր մտահոգիչ զարգացումներէ անցած «արեւելեան փոթորիկ»ը բնականաբար դուռը լայն բացաւ հակադիր մեկնաբանութիւններու, որոնցմէ մաս մը դրսեւորուեցաւ լրագրողին անվայել արտայայտութիւններուն դէմ քննադատութիւններով, նշելով, որ ի՛նչ խորութեան որ ալ հասած ըլլան քաղաքական հակադրութիւնները, լուտանքներու հրապարակային նման արտայայտութիւն ընդունելի չէ։ Անդին, Կապունիան պաշտպանողներ եղան, նշելով, որ պէտք չէ կաշկանդել խօսքի ազատութիւնը (գաղտնիք չէ, թէ քիչ մը ամէն տեղ, նաեւ մեր Հայաստանին մէջ, խօսքի ազատութիւն կոչուած հովանոցին տակ ինչպիսի արտայայտութիւններ ու հայհոյանքներ կը թռչին հոս-հոն, համացանցային էջերու վրայ, սակայն բարեբախտաբար գրաւոր ու լսատեսողական լրատու աղբիւրները ետ կը կանգնին նման ծայրայեղական ընթացքէ. պետական պատասխանատուներ ալ դժգոհութիւն կը յայտնեն նման լուտանքներու մասին, թէեւ անոնք երբեմն կը քննադատուին կրաւորական ընթացքի մէջ մնալու մեղադրանքով)։

Թէ վաղը-միւս օր ինչպիսի՞ զարգացումներ կրնայ ապրիլ ռուս-վրացական հակամարտութիւնը, եւ շրջանային ու միջազգային ինչպիսի՞ գործօններ կրնան «միջամուխ» ըլլալ այդ զարգացումներուն, առայժմ կարելի է միայն բազմաճիւղ նախատեսութիւններ կատարել։

Հայաստանի դիտանկիւնէն, Լոնտոն-Ուաշինկթըն հակադրութիւնը անմիջական չարիք չի սպառնար, բնականաբար, որովհետեւ այդ տագնապին «գոյնը» տարբեր է։ Սակայն մեզի դրացի գօտիին մէջ նոր ծաւալ ստացող տագնապը կրնայ վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ նա՛եւ Հայաստանի վրայ, մանաւանդ եթէ զայն դիտենք այն գոյներով, որոնք կը ներարկուին ամբողջ Կովկասին ու Միջին Արեւելքին՝ մինչեւ առնուազն Ծոցի շրջանը կլանող իրադարձութեանց շրջագիծին մէջ։ Եւ բնական էր, որ հայրենի կարգ մը մեկնաբաններ Երկուշաբթի օր մտահոգութիւն արտայայտեցին այս փոթորիկին նկատմամբ, տեսնելով, որ Վրաստան-Ռուսիա սահմանին վրայ սեղմումներն ու տնտեսական-առեւտրական սառեցումները կրնան ուղղակի անդրադարձ ունենալ հիւսիս ճամբով Հայաստանէն արտածումներուն եւ ներածումներուն վրայ, անկախ այլօրինակ բացասական զարգացումներէ։

Այս բոլորէն անդին, սակայն, մտահոգիչ են այն իրականութիւնները, որոնք հրապարակ կու գան մէկ կողմէ՝ գաղտնի տեղեկագիրներու «սպրդումներու» եւ միւս կողմէ՝ խօսքի ազատութիւն հասկացութեան ըստ էութեան արժեզրկման քայլերով։ Մտահոգութիւնները տարբեր խորք ու տարողութիւն կրնան զգենուլ, եթէ Հայաստանի մէջ ալ նման «նորարարութիւններ» փորձեն ազատ բեմ գտնել. նախանշաններու ականատես եղանք մէկէ աւելի յարդակներու վրայ, մերթ գաղտնալսումներու հրապարակումով, երբեմն ալ ներքին հարցերու ու արտաքին յարաբերութեանց մասին «անկաշկանդ» վարմունքներու եւ անհեռատես մեկնաբանութեանց ճամբով…։ Ահա թէ ո՛ւր իմաստ կը ստանան շրջահայեացութեան եւ զգուշաւոր ըլլալու կոչերը։