Փարիզ, Սինկափուր, Լոնտոն. Հայաստանը Ցուցահանդէսներու Մէջ Պիտի Ներկայացնէ Զբօսաշրջային Հնարաւորութիւնները

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանը այս տարի միջազգային երեք խոշոր զբօսաշրջային ցուցահանդէսու մէջ պիտի ներկայացնէ մեր երկրի զբօսաշրջային հնարաւորութիւնները, զբօսաշրջական փաթեթներն ու զարգացման ուղղութիւնները: Ըստ Armenpress.am-ի՝ ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան կոմիտէի զբօսաշրջային արդիւնքի զարգացման փորձագէտ Անահիտ Ոսկանեան յայտնած է, թէ յառաջիկային կը նախատեսեն մասնակցութիւն Փարիզի, Սինկափուրի, Լոնտոնի միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսներուն, ուր մեր պետութիւնը պիտի ներկայանայ առանձին տաղաւարներով: Անահիտ Ոսկանեան նշած է, որ սովորաբար մասնակցութեան համար միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսներու ընտրութիւնը կը կատարուի զբօսաշրջութեան գրասենեակներու հետ համատեղ աշխատանքով՝ առանձնացնելով առաւել հետաքրքրական շուկաները:

«Միջազգային ցուցահանդէսներուն հիմնականը կը ներկայացնենք տուեալ ժամանակաշրջանի համար աւելի արդի զբօսաշրջական արտադրանքը, ուղղութիւնները: Օրինակ կը ներկայացուի Հայաստանի ամբողջական կերպարը, զբօսաշրջութեան ոլորտի նորարարութիւնները: Մեր մօտ վերջին շրջանին արկածային զբօսաշրջութիւնը կ՝աշխուժանայ եւ որքան այլընտրանքային, հետաքրքրական զբօսաշրջական արտադրանք կայ, կը փորձենք զբօսաշրջական գրասենեակներուն միջոցով ներկայացնել: Ցոյց տալ, որ Հայաստանը միայն պատմամշակութային ուղղուածութեան երկիր չէ»,- ըսած է Անահիտ Ոսկանեան:

Ան նշած է, որ միջազգային զբօսաշրջային զարգացման միտումներուն համաձայն, օրինակ, եւրոպական տարածաշրջանի զբօսաշրջիկներու 65 տոկոսը կը նախընտրեն բնութեան միջավայրի մէջ անցնել հանգիստը: Այսինքն՝ բնութեան հետ զբօսաշրջութիւնը իր բոլոր ճիւղերով, ըլլայ արշաւային, թէ ճամբարային, լեռնագնացութիւն, թէ ժայռամագլցում, ասոնք այսօր աւելի պահանջուած են:

«Մեր երկիրը անսահման հնարաւորութիւններ ունի անոնց հետ կապուած, թէեւ, պէտք է նշեմ, որ ենթակառուցուածքները քիչ մը տկար են: Ամէն պարագայի, տարուէ տարի բարելաւում կը նկատուի: Այդ ուղղութիւններով կ՝աւելնան ե՛ւ ներդրումները, ե՛ւ հետաքրքրութիւնները»,- ըսած է ան:

Վերջին տարուան արդիւնքները դիտարկելով՝ Անահիտ Ոսկանեան նշած է, որ ամենաշատ զբօսաշրջիկներ Հայաստան կու գան Ռուսիայէն, Իրանէն, ԱՄՆ-էն, Վրաստանէն, եւրոպական երկիրներէ: Անահիտ Ոսկանեանի խօսքով, տարուէ տարի Հայաստան եկող զբօսաշրջիկներուն աշխարհագրութիւնը կ՝ընդլայնի: Վերջին շրջանին զբօսաշրջային աշխուժութիւն կը նկատուի Չինաստանէն, Սինկափուրէն: