Գարեգին Բ Ընդունած է ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան Թեմի Ուխտաւորները

Հայաստան, Սփիւռք

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Յուլիս 9-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի ուխտաւորները՝ առաջնորդութեամբ Պոսթընի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Առաքել քահանայ Ալճալեանի եւ Օլպանիի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Ստեփանոս քահանայ Տուտուկչեանի:

Առաքել քահանան Նորին Սրբութեան ներկայացուց ուխտաւոր հայորդիները` նշելով, որ ուխտաւորները եկած են Սուրբ Էջմիածինով իրենց ուխտը նորոգելու եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետի օրհնութիւնը ստանալու, որպէսզի ատով զօրացած վերադառնան իրենց համայնքները: Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ համայնքի անդամներուն անունով՝ այցին առիթով իր ուրախութիւնը յայտնեց նաեւ Ստեփանոս քահանան:

Այնուհետեւ, հայրական իր օրհնութիւնը բերելով ամերիկաբնակ հայորդիներուն, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Հայրապետը ողջունեց սփիւռքի տարբեր համայնքներէն ուխտագնացութիւններու կազմակերպումը՝ կարեւոր համարելով այդ գործին մէջ սփիւռքի մէջ իրենց ծառայութիւնը մատուցող հոգեւոր սպասաւորներուն դերը:

Անդրադառնալով հայրենիք-սփիւռք անքակտելի կապին` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդգծեց, որ այսպիսի ուխտագնացութիւններով սփիւռքի հայորդիները ոչ միայն իրենք կը քաջալերուին ու կը նորոգուին իրենց հաւատքին մէջ, այլ նաեւ կ՝ոգեշնչեն հայաստանաբնակ ժողովուրդը: Վեհափառը վստահեցուց, որ հայրենիքը զօրեղ է սփիւռքով, սփիւռքի իր զաւակներով, քանզի հայրենի հողէն հեռու գտնուելով հանդերձ՝ անոնք իրենց մէջ կը կրեն պատասխանատւութեան զգացումը եւ այդ իմաստով կարեւոր մասնակցութիւն կը բերեն հայրենիքի կեանքի առաջընթացին:

Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ նաեւ հայրենիքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն մասին, որոնք ինչպէս պատմութեան ընթացքին, այնպէս եւ այսօր ժողովուրդը կը յաղթահարէ Աստուծոյ օգնականութեամբ ու զօրակցութեամբ, Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդ ըլլալու հաւատքով ու գիտակցութեամբ: Նորին Սրբութիւնը պատգամեց հայորդիներուն նոյն նախանձախնդրութեամբ շարունակելու իրենց հայրենանուէր ընթացքը եւ հոգ տանելու երիտասարդներու հայեցի դաստիարակութեան համար, որպէսզի ուր ալ գտնուին հայ ժողովուրդի զաւակները՝ մշտապէս պատասխանատւութիւն զգան իրենց հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի ապագային համար:

Հանդիպման աւարտին՝ Նորին Վեհափառութիւնը իր գնահատանքը փոխանցեց թեմակալ առաջնորդին եւ հոգեւոր հովիւներուն իրենց ժրաջան ծառայութեան համար, իսկ ուխտաւորներուն մաղթեց մշտապէս զօրանալ իրենց սրբազան հաւատքին մէջ եւ Սուրբ Էջմիածնի մշտամնայ օրհնութեամբ շարունակել կերտել իրենց կեանքը իբրեւ Աստուծոյ հաւատարիմ զաւակներ:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը պատասխանեց հայորդիները յուզող հարցերուն, որոնք կը  վերաբերէին եկեղեցականներու պատրաստութեան ու ծառայութեան, վերջին տարիներուն եկեղեցական կեանքին մէջ արձանագրուած ձեռքբերումներուն, առկայ մարտահրաւէրներուն, Եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութեան ի նպաստ կարիքաւորներու եւ Միածնաէջ Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան աշխատանքներուն: