Եւրոպայի Հայերու Համագումարը Կը Պահանջէ Կիպրոսի «Մելքոնեան Վարժարան»ի Վերաբացումը

Սփիւռք

Եւրոպայի Հայերու Համագումարը յայտարարած է, որ կը միանայ մելքոնեացիներու բողոքին եւ դէմ կ՝արտայայտուի Կիպրոսի «Մելքոնեան վարժարան»ի փակման: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

«Եւրոպայի Հայերու Համագումարը իր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ իրենց ինքնութիւնը եւ մայրենի լեզուն պահելու համար ոտքի ելած մեր պայքարող հայրենակիցներուն, որոնք կը բողոքեն Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) կողմէ դպրոցի փակման որոշման դէմ եւ կը պահանջեն այս յոյժ կարեւոր կրթական օճախին վերաբացումը»,- ըսուած է համագումարին տարածած գրաւոր յայտարարութեան մէջ:

Ահազանգ կը հնչեցուի նաեւ Սպահանի Հայոց թեմի թեմական խորհուրդին որոշումով Շահինշահր քաղաքի հայոց միակ՝ «Սրբոց վարդանանց» դպրոցի փակման վերաբերեալ: Կը շեշտուի, որ թաւշեայ յեղափոխութիւնը մեծ յոյսեր արթնցուցած է Սփիւռքի բազմամիլիոնանոց հայութեան սրտերուն մէջ եւ ժամանակն է միահամուռ ու միասնական ուժերով վերակազմակերպուելու, թաւշեայ յեղափոխութեան շունչով, ո՛չ ըսելու սփիւռքեան մենաշնորհին, անարդարութեան, պառակտումին, արատաւոր երեւոյթներուն ու կուսակցամոլութեան:

«Սփիւռքի մէջ աշխատող բոլոր կառոյցները պէտք է աշխատին համահայկական եւ համազգային համընդհանուր շահերու ծիրէն ներս»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: