Արեւմտեան Հայաստանի Խարբերդի 600-ամեայ Հայկական Պատմական Կառոյցները Անհետանալու Վտանգի Տակ են

Աշխարհ, Էրկիր

Խարբերդի (թրքական պաշտօնական անուանումը՝ Էլազըղ) Ալաճաքայա գաւառին ենթակայ Պաղին շրջանին մէջ գտնուող հայկական պատմական շինութիւնները կ՝ենթարկուին գանձագողերու աւերածութիւններուն: Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները:

Ալաճաքայա գաւառէն 21 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող մօտ 600-ամեայ պատմական բնակավայրը լիովին վերանալու վտանգի տակ է: Այդ շրջանին մէջ, ուր ենթադրաբար գտնուած են 2 հայկական եւ 1 մահմետական թաղամասեր, բացի բնակատեղիներէն, կան նաեւ եկեղեցի, ջրաղաց եւ գերեզմաններ:

Ժայռոտ եւ ընդարձակ տարածքին վրայ կառուցուած այդ պատմական բնակավայրին մէջ գտնուող կառոյցները բաւական ուշագրաւ են եւ կրցած են պահպանել իրենց պատմական առանձնայատկութիւնները եւ հասնիլ մեր օրեր:

Թրքական աղբիւրին մէջ նաեւ կը նշուի, թէ մինչ օրս որեւէ գիտական ուսումնասիրութիւն չէ կատարուած այդ վայրին մէջ: Դարեր շարունակ բազմաթիւ բնական աղէտներու դիմակայած սոյն պատմական կառոյցները՝ վերջին շրջանին սկսած են աւերուիլ գանձ փնտռողներու կողմէ, որոնք չեն բաւարարուիր պատմութիւնը ոչնչացնելով, այլ նաեւ 600-ամեայ հայկական գերեզմանները բանալով՝ կը փորձեն գտնել ոսկիի նման արժէքաւոր մետաղներ:

Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ բացուած գերեզմանները չեն փակուիր եւ այդպէս ալ բաց կը մնան, եւ որ շրջակայ գիւղերու բնակիչները կը խնդրեն այդ պատմական շինութիւնները հնարաւորինս արագ պահպանման տակ առնել ու զանոնք վերականգնելով՝ փոխանցել յետագայ սերունդներուն: