ԱՄՆ Քոնկրեսական Ճեքի Սփիր Եւ Քիմ Քարտաշեան Կը Համատեղեն Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ջանքերը

Աշխարհ, Սփիւռք

Ամերիկեան յայտնի հեռատեսիլային աստղ Քիմ Քարտաշեան ծաւալուն հարցազրոյց մը տուած է The Wall Street Journal-ին, որուն նաեւ ըսած է, թէ կը ցանկայ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը դարձնել իր առաքելութիւնը:

Քիմը, որ կը զբաղի Միացեալ Նահանգներու մէջ քրէական արդարադատութեան բարեփոխումներու հարցերով, ըսած է, որ ցանկայ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել ցեղասպանութեան ու վերջերս հաղորդագրութիւն ուղարկած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի փեսային` Ճարետ Քուշներին, որ նաեւ նախագահին խորհրդականն է` խնդրելով քննարկել հարցը, կը փոխանցէ panorama.am-ը:

«Ես կը ցանկամ ան (ցեղասպանութեան ճանաչումը․-խմբ․) դարձնել իմ առաքելութիւնը: Հայրիկս շատ պիտի հպարտանար»,-ըսած է Քիմը` նկատի ունենալով ամերիկահայ իրաւաբան Ռապըրթ Քարտաշեանին:

WSJ–ը նաեւ կը յայտնէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով Քիմ Քարտաշեանին զանգահարած է քոնկրեսական Ճեքի Սփիր` ակնկալելով այս հարցի շուրջ Քարռաշեան-Ուեսթի աջակցութիւնը: Եթէ դուն կարենաս հասնիլ ատոր, որ նախագահը ճանչնայ ցեղասպանութիւնը, ատիկա պիտի ըլլայ բեկումնային` Քոնկրեսի մէջ ցեղասպանութեան բանաձեւերու ընդունման համար»,- ըսած է Սփիր Քարտաշեանին:

Կը նշուի, որ 3 օրէն Քարտաշեան պիտի ըլլայ Սպիտակ տուն` քննարկելու քրէական արդարադատութեան հետ կապուած հարցերը եւ խոստացած է նաեւ անդրադառնալ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին: