Արցախի Տիգրանակերտ Արգելոցին Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ «Համազգային» Արցախի Մշակութային-Գրական Տարեգիրքին Շնորհանդէսը

Այլեւայլ, Հայաստան

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի համագործակցութեամբ Յուլիս 11-ին`  ժամը 19:00-ին, «Տիգրանակերտ» պատմամշակութային արգելոցին մէջ տեղի պիտի ունենայ օրերս լոյս տեսած «Համազգային» Արցախի մշակութային-գրական տարեգիրքի շնորհանդէսը:

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ այս մասին ըսած է Համազգային  հայ  կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի  գրասենեակի  տնօրէն  Հերմինէ Աւագեան:

Ան տեղեկացուցած է, որ շնորհանդէսի ընթացքին երգերով ելոյթ պիտի ունենայ Արթուր Խաչենցը: