«Համահարթ Եկամտահարկը Պիտի ԲերԷ Ընկերային Հսկայական Բեռ». Արծուիկ Մինասեան

Հայաստան

«Առաջին Լրատուական»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան խօսեցաւ համահարթեցման եկամտահարկին եւ անոր ունենալիք ծանր հետեւանքներուն մասին։ «Մենք գնահատականով՝ համահարթ եկամտահարկի այն ձեւը, որ դրուած է, ո՛չ միայն վնասակար է ընկերային տեսակէտէն, այլեւ պիտի խորացնէ ժամանակին պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգը մեր երկրին մէջ, ինչ որ իր հերթին իրաւական, տնտեսական, ընկերային բացասական դրսեւորումներու ակնառու օրինակ է», – դիտել տուաւ ան։

Ան շեշտեց, որ համահարթ եկամտահարկը Հայաստանի մէջ ո՛չ միայն իր նպատակին պիտի չծառայէ, այլ ընկերային մեծ տագնապ պիտի ստեղծէ։ «Փոխարէնը մենք կ՛առաջարկէինք շատ աւելի լուրջ փոփոխութիւններ: Մասնաւորապէս, որ նոյն եկամտահարկի բաղադրիչը բաժանուէր երկու մասի, վերականգնուէր ընկերային վճարը, հարկը, եւ մնար մաքուր եկամտային հարկը: Սա կ՛ապահովէր եւ ընկերային արդարութեան բաղադրիչը, մարդոց վրայ յաւելեալ բեռ չէր դրուեր, եւ կ՛իրականացնէինք կենսաթոշակային համակարգի իրական բարեկարգում»,- ըսաւ Մինասեան:

Անդրադառնալով նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացման՝ Մինասեան նշեց, որ անիկա դրական քայլ է, բայց նուազագոյն աշխատավարձերու բարձրացումը պէտք է ուղղակիօրէն կապուի կենսաապահովման պիւտճէին: «Շատ կարեւոր է, որ մենք, որպէս պետութիւն, որպէս կառավարութիւն, գիտակցինք, որ ցած եկամտային քաղաքականութիւնը Հայաստանի տնտեսութիւնը առաջ չի տանիր: Բայց մեր կառավարութիւնը պէտք է գիտակցի, որ մենք ունինք չաւարտուած պատերազմ, եւ մեր տնտեսութեան գերակշիռ մասը պէտք է պատերազմի տնտեսութիւն ըլլայ։ Այս գիտակցումը մեր մօտ չկայ: Արդիւնքով այն է, որ մենք ամէն անգամ կը փորձենք հեծանիւ ստեղծել՝ մտածելով, որ մենք Եւրոպայի կեդրոնը կը գտնինք, առանց թշնամիներու: Այսպէս մենք ստամոքսի հասարակութիւն կրնանք ստեղծել: Բայց այդպէս պէտք չէ ըլլայ: Իրականութիւնն այլ է»,- շեշտեց Մինասեան:

Արծուիկ Մինասեան նաեւ յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ սահմանադրական ճգնաժամ չկայ, անիկա արհեստածին երեւոյթ է, զոր օրակարգ բերած են մարդիկ կամ խումբեր՝ փորձելով արժեւորել իրենց կամ իրենց նեղ քաղաքական խմբային շահերը:

«Չկայ սահմանադրական ճգնաժամ, կայ պարզ, տարրական, մարդկային, նուազագոյն, իրաւական գիտելիքներու տիրապետելու կամ առնուազն ատով առաջնորդուելու ճգնաժամ: Մարդիկ չեն ուզեր իրենց մտաւոր կամ նուազագոյն գիտելիքներուն քիչ մը ուժ տալ՝ կարդալու, հասկնալու, ըմբռնելու, որովհետեւ իրենց նեղ խմբային, անձնական շահը կուրցուցած է իրենց մտքի պարզագոյն տրամաբանութիւնը»,- ըսաւ Մինասեան:

Ըստ անոր՝ դատական համակարգը, յատկապէս Սահմանադրական դատարանը այսօր շատ աւելի անկախ է, քան մինչեւ 2018 եւ պիտի ըլլայ աւելին, եթէ այս իշխանութիւնը ձեւաւորէ դատական նոր համակարգ. «Կայ յստակ ձգտում՝ վերացնելու դատական այս համակարգը եւ կայ ՍԴ-ի դիմադրութիւնը իշխանութեան այս ցանկութեանը: Ասիկա կը բերէ անկախութեան աւելի առարկայական դրսեւորման»,- նշեց ան։

Ըստ Մինասեանի՝ Վահէ Գրիգորեան իր յայտարարութեամբ խախտած է թէ՛ օրէնքը, թէ՛ Սահմանադրութիւնը: «Ինչո՞ւ պէտք է Հրայր Թովմասեանը հրաժարական տայ, ես չեմ գիտեր: Ինքը դադրած է կուսակցական գործունէութեամբ զբաղուելէ»,- ըսաւ Մինասեան: