Հայրապետական Մաղթանք Եւ Գիրերու Գիւտի Սրբանկարի Օծում` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Սփիւռք

Օրհնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, Կիրակի, 30 Յունիս 2019-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ, որուն ընթացքին կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 24-րդ տարեդարձին առիթով եւ Գիրերու գիւտի սրբանկարի օծում: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան:

Առաջնորդ սրբազանը ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ շեշտը դնելով շնորհազարդ բառին վրայ նկատել տուաւ, որ հայ հաւատացեալին եւ մանաւանդ հայ հոգեւորականին կեանքը Աստուծոյ արդար դատաստանին դիմաց նժարի մէջ կը դրուի միայն անոր շնորհքին ծանրութեամբ` աւելցնելով, որ շնորհազարդ բառը հայ լեզուի ամէնէն գեղեցիկ եւ իմաստալից բառերէն մէկն է: Աստուածային շնորհքով զարդարուիլը հաւատացեալին աստուածատուր կոչումն է: «Այսօր, երբ այս բացատրութիւնը կը գործածենք` ընդգծելու համար մեր սիրեցեալ վեհափառ հայրապետին կեանքը եւ առաքելութիւնը, մեր հոգիները ուրախութեամբ կը լեցուին եւ մեր միտքերը աւելի կը պայծառանան, որովհետեւ մեր դիմաց կը տեսնենք օրինակելի տիպարը վեհափառ հայրապետի հայ հոգեւորականի նուիրեալ կեանքին եւ առաքելութեան», հաստատեց Նարեկ արքեպիսկոպոս:

Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ 24 տարի առաջ վեհափառ հայրապետը Աստուծոյ կամքով եւ հայ ժողովուրդին ընտրութեամբ ստանձնեց կաթողիկոսական բարձրագոյն եւ ծանրագոյն պատասխանատուութիւնը: Ստանձնեց, որովհետեւ իր բովանդակ կեանքի տեւողութեան խորապէս հաւատաց, որ ինք հրաւիրուած է դառնալու աստուածային շնորհքի ընդունարանը եւ այդ շնորհքը աւելի բազմացած տանելու ժողովուրդի ծառայութեան: Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ 24 տարի առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դարաւոր եւ սուրբ աթոռը ունեցաւ իր արժանաւոր գահակալը, եւ այսօր, երբ 24 տարիներու հեռաւորութենէն կը նայինք այդ օրհնեալ օրուան` կը հաստատենք, որ վեհափառ հայրապետին իշխանութեան ծաղկեալ գաւազանը երեք կարեւոր բնագաւառներու մէջ ունեցաւ իր տիրական ներկայութիւնը. ա) Հայրապետական իշխանութեան գաւազանը դարձաւ առաջնորդութիւն: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան եւ սուրբ աթոռի հոգեւոր եւ ազգային խնամքին վստահուած ժողովուրդը վեհափառ հայրապետին մէջ տեսաւ քաջ առաջնորդ մը. մանաւանդ լիբանանահայութիւնը, որ վայելած է վեհափառ հայրապետին առաջնորդական ղեկավարութիւնը` իբրեւ առաջնորդ այս թեմին, անգամ մը եւս տեսաւ, որ վեհափառ հայրապետը մեր բոլոր թեմերուն եւ մեր թեմերէն անդին մեր ժողովուրդին եւ մեր հայրենիքին տեսիլքով առաջնորդեց մեր հաւատացեալ ժողովուրդը: Այս առաջնորդութիւնը դարձաւ միաբանութեան եւ մեր ժողովուրդին համար օրհնութեան աղբիւր, որովհետեւ եղաւ հաւատքի առաքելութիւն եւ ազգային ծառայութիւն բոլոր մարզերուն մէջ, եւ մեր ժողովուրդը առաջնորդուեցաւ Անթիլիասի շունչով եւ վեհափառ հայրապետին սուրբ աջով. բ) Հայրապետական իշխանութեան գաւազանը դարձաւ ծառայութիւն` վեհափառ հայրապետին անձով եւ իր անձին օրինակէն ճառագայթող միաբանութեան, ժողովականութեան եւ զանազան մարզերու մէջ մեր ժողովուրդի կեանքը ղեկավարելու կոչուած անձերու անձնդիր օրինակով: Հոգեւորականին եւ յատկապէս վեհափառ հայրապետին համար ծառայութիւնը եղաւ ուխտի ճանապարհ դէպի Աստուած եւ դէպի մեր ժողովուրդը: Ծառայութիւն, որ վայելեց մեր ժողովուրդը աշխարհի ամբողջ տարածքին` հոգեւոր, ազգային, մշակութային, հասարակական եւ այլ մարզերու մէջ: Ծառայութիւն, որ դարձաւ միջեկեղեցական, միջկրօնական եւ միջազգային յարաբերութիւններ: Ծառայութիւն, որ դարձաւ հայկական պահանջատիրութեան անլռելի զանգակատուն Եւրոպայէն մինչեւ Թուրքիա. գ) Հայրապետական իշխանութեան գաւազանը դարձաւ արթնութեան եւ սաստի հրաւէր: Վեհափառ հայրապետի պատգամները, պաշտօնական առիթներով արտասանուած խօսքերը` Հայաստանի մէջ, Արցախի եւ աշխարհի ամբողջ տարածքին միայն հաստատումներ չեն, միայն հաճելի խօսքեր չեն, այլ նաեւ` ի պահանջել հարկին ահազանգ են համահայկական տագնապներու դիմաց` հրաւիրելով մեր ժողովուրդի զաւակները եւ յատկապէս քաղաքական եւ հոգեւորական պատասխանատուները իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնելու եւ այդ պատասխանատուութիւնը իբրեւ հաշիւ ներկայացնելու Աստուծոյ եւ մեր ազգին:

«Կարելի է շատ երկար խօսիլ այս երեք բնագաւառներուն մասին, օրինակներ թուել, թուականներ ճշդել, իրագործումներ նշել: Բայց այս բոլորին ետին գտնուող ամէնէն կարեւոր ուժականութիւնը, մղիչ ուժը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ այն խոր գիտակցութիւնը, որ վեհափառ հայրապետը ապրեցաւ, թէ այն ինչ որ կը կատարէ ինք եւ իր գլխաւորութեամբ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Աստուծոյ շնորհքներուն փոխանցումը, տարածումը, ընդլայնումը եւ խորացումը մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքին մէջ», հաստատեց սրբազան հայրը:

Ակնարկելով օրհնուած սրբապատկերին` սրբազան հայրը բարձրօրէն գնահատեց անոր նուիրատուները` Յակոբ եւ Մարալ Լատոյեան ամոլը, որոնք իրենց ծնողքին անունով կատարած են այս ուխտը եւ զայն կը զետեղեն Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ` իբրեւ մշտական յիշեցում, թէ մենք հայ գիրերու գիւտով, Ս. Սահակով, Ս. Մեսրոպով, Վռամշապուհ թագաւորով կը զուգորդուինք 21-րդ դարէն 5-րդ դար` միշտ յիշելով, թէ հայ գիրերու գիւտով, Աստուածաշունչի թարգմանութեամբ Աստուած հայերէն սկսաւ խօսիլ մեր ժողովուրդին հետ եւ մեր ժողովուրդը հայերէն սկսաւ աղօթել Աստուծոյ: Սրբազանը սրբանկարին օծումը առնչելով օրուան Հայրապետական մաղթանքի խորհուրդին բացատրեց, թէ պատահականութեան արդիւնք չէ, որ հայ եկեղեցւոյ, հայ ազգի պատմութեան առաջին հինգ դարերը վճռական իմաստ ունեցան եւ այսօր եւս այդ վճռական պատգամը կը փոխանցեն մեզի, որ հետեւեալն է. Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներուն ցանած քրիստոնէական սերմերը Հայաստանի մէջ աճեցան: Երեք դարեր քրիստոնէութիւնը իբրեւ կրօն դարձաւ հաւատքի թթխմոր մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչով եւ Ս. Տրդատ թագաւորով դարձաւ պետական կրօն, ապա սուրբ թարգմանիչներով դարձաւ ոսկեդար եւ Ս. Վարդան ու Ս. Ղեւոնդ իրենց զօրականներով եւ հայ ժողովուրդի զաւակներով քրիստոնէութիւնը դարձուցին մեր ինքնութեան մորթին գոյնը, եւ քրիստոնէութիւնը մեզի համար դարձաւ մշտական գոյամարտ` Աւարայրով:

«Ահաւասիկ այս խորհուրդը. ընդունիլ եւ աճեցնել ցանուած հաւատքը, յայտարարել այդ հաւատքը, հայացնել այդ հաւատքը եւ ի պահանջել հարկին կեանքով, նահատակութեամբ պաշտպանել այդ հաւատքը: Այս եղաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ճամբան», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` նկատել տալով, որ պատմութեան ընթացքին մենք միշտ հաւատարիմ չմնացինք այս ուխտերուն, տկարացանք, խորհեցանք, որ եկեղեցին, ընտանիքը, դպրոցը, մեր մշակոյթը, մեր հաւաքական կեանքը վայրեր են, ուր կրնանք իբրեւ այցելու երթալ, մինչ` առաջին հինգ դարերու փորձառութիւնը մեզի սորվեցուց եւ այսօր եւս կը յուշէ անդրադառնալու, գիտակցելու, ետդարձ կատարելու, հոգեդարձ ապրելու, որ հայ եկեղեցին, հայ ընտանիքը, հայ դպրոցը, հայ ակումբը, հայ մշակոյթը, հայ հայրենիքը, հայ պահանջատիրութիւնը մեր հարազատ ընտանիքն են, եւ մենք հոն այցելու չենք, այլ` ամէնօրեայ ներկայութիւն ենք մեր կեանքով եւ մեր գործով:

«Այս կը կատարէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ եւ հոս է կապը մեր պատմութեան, մեր ներկային եւ մեր ապագային», շեշտեց սրբազան հայրը եւ կոչ ուղղեց այս գիտակցութեամբ հաղորդուելու Սրբոց Թարգմանչաց բարեխօսութեամբ, այս արթնութեամբ նորոգելու մեր ուխտը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով, վեհափառ հայրապետին հանդէպ հնազանդութեամբ շարունակելու մեր հայ քրիստոնէական կեանքի ճանապարհը, որպէսզի Աստուծոյ շնորհքով շնորհազարդուինք եւ վեհափառ հայրապետի իշխանութեան ծաղկեայ գաւազանին առաջնորդութեամբ կարենանք մեր հաւատքը ծառայութեան վերածել մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքին մէջ եւ ապրիլ հայ քրիստոնէական հաւատքով ու շարունակել մեր երթը իբրեւ հայ քրիստոնեաներ:

Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը հիւրասիրութեամբ պատուեց Գիրերու գիւտի սրբանկարի նուիրատուները եւ ներկայ հաւատացեալները: