«Mayilyan Handmade»-ը Բարբառային Գրութեամբ Հետաքրքրական Նուէրներ Կը Պատրաստէ (լուսանկարներ)

Այլեւայլ, Հայաստան
«Mayilyan handmade» անուանումով մակնիշը արդէն երկու տարի է կը գործէ Ստեփանակերտի մէջ:

Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է «Mayilyan handmade»-ի հիմնադիր Լիլիթ Մայիլեան:

Խօսելով նման աշխատանքով զբաղելու մտայղացման մասին՝ Լ. Մայիլեան պատմած է, որ ամէն ինչ սկսած է բացիկներ պատրաստելով:

Ամանորեայ տօներուն ինքը՝ մտերիմներու համար բացիկներ կը պատրաստէր, կը նուիրէր ու կ՝ոգեւորէր անոնց:

«Այդ գաղափարէն ալ յառաջացաւ մտայղացումը, երբ նկատեցի, որ խանութներու մէջ չկան ձեռագործ բացիկներ, եւ ես որոշեցի ատոր պահանջարկը լրացնել: Առաջին բացիկը պատրաստեցի երկու տարի առաջ, շատ քիչ ժամանակ անց ալ՝ յաճախորդներէս մէկուն առաջարկով՝ փորձեցի նաեւ գաւաթի վրայ իւրայատուկ պատկերներ նկարել: Գաւաթներու գաղափարը շատ արագ արձագանգ ստացաւ, որուն վկայութիւնը մինչեւ այսօր անընդհատ ընդունուող պատուէրներն են»,- աւելցուցած է Լ. Մայիլեան:

Անդրադառնալով բարբառային գրութեան, ան ըսած է, որ իր գործին համար այդ գաղափարը դարձած է առանցքային նպատակներէն մէկը, քանի որ բարբառով գրածն է, որ գաւաթը կը դարձնէ իւրայատուկ:

Երկու տարիներու ընթացքին Լիլիթը պատրաստած է 300-էն աւել գաւաթ, եւ աւելի քան 200 բացիկ: Յաճախորդները մեծ մասամբ կը նախընտրեն գաւաթ պատուիրել:

Ան կը նկարազարդէ նաեւ թէյնիկներ, ծաղկամաններ, ափսէներ եւ սպասքի այլ պարագաներ:

«Կ՝աշխատիմ տան մէջ: Բացիկներս սկզբնական շրջանին կը տեղադրէի ծաղիկի խանութներու մէջ, բայց հիմա՝ ժամանակի սղութեան պատճառով՝ միայն պատուէրով կ՝աշխատիմ: Մեր Facebook-ի էջին տեղադրուած են իմ՝ գրեթէ բոլոր գործերը: Կը ձգտիմ արագ արձագանգել պատուիրատուներու նամակներուն եւ էջը աշխոյժ պահել: Տարբեր տօներու առիթներով կը կազմակերպուին մրցոյթներ: Տեսականին անընդհատ կ՝ընդլայնուի, որ նաեւ յաճախորդներու գաղափարները իրագործելու արդիւնք է: Արտադրանքը վերջին մէկ տարուան ընթացքին սկսած է ճանաչելի դառնալ նաեւ Երեւանի մէջ. ըստ վիճակագրական տուեալներուն՝ էջի հետեւորդներուն 30 %-ը ՀՀ-էն են: Կը ծրագրեմ մօտակայ ժամանակներուն արտադրանքի ձեռքբերումը Երեւանի մէջ դարձնել աւելի մատչելի»,- մասնաւորապէս ըսած է Լիլիթը: