Արթուր Ալեքսանեանը` Եւրոպական Խաղերու Ախոյեան

Այլեւայլ, Հայաստան

Աշխարհի եւ Եւրոպայի առաջնութիւններու բազմակի ախոյեան, Ողիմպիական խաղերու ոսկէ մետալակիր Արթուր Ալեքսանեան իր մետալներու հաւաքածուին աւելցուց նաեւ Եւրոպական խաղերու ոսկէ մետալը։

Ըստ Armenpress.am-ի՝ Մինսկի մէջ ընթացող երկրորդ Եւրոպական խաղերու յունահռոմէական ըմբշամարտի 97 քկ քաշային կարգի եզրափակիչին Ալեքսանեանը գօտեմարտեց Պելառուսիոյ ներկայացուցիչ Ալեքսանդր Կրապովիկի հետ եւ 5։0 հաշուով յաղթեց՝ նուաճելով ախոյեանի կոչումը։

Արթուր Ալեքսանեանը պայքարը սկսած է 1/8 եզրափակիչէն, ուր 2։1 հաշուով յաղթած է վրացի Ռեւազ Նատարէիշվիլիին։ 1/4 եզրափակիչին Ալեքսանեանը 3։1 հաշուով առաւելութեան հասած է Աւստրիայի ներկայացուցիչ Դանիէլ Կասդլի նկատմամբ, իսկ կիսաեզրափակիչին՝ նոյն հաշուով պարտութեան մատնած է Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Ալեքսանդր Կոլովինը։ Յունահռոմէական ըմբշամարտի մրցումներուն Հայաստանը կը ներկայացնէին նաեւ Արմէն Մելիքեանը (60 քկ), Կարէն Ասլանեանը (67 քկ), Կարապետ Չալեանը (77 քկ) եւ Մաքսիմ Մանուկեանը (87 քկ)։

Մելիքեանը պարտուած է մեկնարկին, Ասլանեանը՝ պրոնզէ մետալի համար գօտեմարտին, Մանուկեանը՝ սփոփիչ գօտեմարտին, իսկ Չալեանը դարձած է արծաթէ մետալակիր։