Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Աթոռը Այսօր Իր Ծառայութեամբ Առանցքային Ներկայութիւն Է Հայ Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Սփիւռք

Կիրակի, 30 Յունիս 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ հայրապետական մաղթանք` Արամ Ա. կաթողիկոսին ընտրութեան եւ օծման 24-րդ տարեդարձին առիթով: Հայրապետական մաղթանքի ընթացքին միաբան հայրեր աւետարանական հատուածներու եւ աղօթքներու ու շարականներու ընդմէջէն աղօթեցին վեհափառ հայրապետին արեւշատութեան, առողջութեան եւ երկար գահակալութեան համար, ինչպէս նաեւ վասն անսասանութեան` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:

Պատարագէն ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ հանդիսութիւն մը, որուն ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդ:

Միաբանութեան անունով ուղերձ արտասանեց Զարեհ վրդ. Սարգիսեան: Շնորհաւորելով վեհափառ հայրապետին ընտրութեան եւ օծման 24-ամեակը, ան դիտել տուաւ, որ անոր կաթողիկոսական ընտրութեամբ մեծ իրագործումներ կը սպասուէին` հայ ժողովուրդի ու եկեղեցւոյ մեծ կարիքներուն դիմաց: Եւ այսպէս ալ եղաւ: Անցնող 24 տարիներուն վրայ նետուած հպանցիկ ակնարկը բաւարար է վկայելու այս մասին: Ապա հայր սուրբը ըսաւ. «Մեր անցեալն ու ներկան վկայ են, որ անշահախնդիր ծառայական ոգին ու խոնարհելով բարձրանալու քրիստոսաւանդ խորհուրդին նկատմամբ վեհափառին ունեցած անկոտրում հաւատարմութիւնն է, որ իսկոյն գրաւեց մեր ժողովուրդին սիրտը», ու ապա աւելցուց. «Աստուածաշունչ մատեանը կը վկայէ, որ ճշմարիտ ղեկավարը իր ծառայական պատկերին մէջ նաեւ տեսիլք ունեցողն է»:

Ուղերձէն ետք խօսք առաւ վեհափառ հայրապետը: Ան ըսաւ, թէ հայրապետական մաղթանքը պէտք է դիտել Ս. Աթոռին կեանքին, վկայութեան, ծառայութեան եւ առաքելութեան համապարփակ շրջագիծին մէջ: Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կեանքին դաժան փուլերը, յատկապէս Ցեղասպանութեան յաջորդող շրջանը: Ան ըսաւ. «Տառապանք, տագնապ, սով, մահ, անորոշութիւն բառերը սովորական բառեր չէին մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, այլ` գոյութենական իրականութիւն: Սակայն մեր ժողովուրդը շնորհիւ իր հաւատքին կրցաւ Ցեղասպանութենէն ետք քալել դէպի վերածնունդ»:

Ապա, վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ օր մը առաջ Կիպրոս կատարած իր միօրեայ այցելութեան ընթացքին Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւեալ շրջանին մէջ գտնուող Ս. Մակարայ վանք այցելութեան. «Այդ վայրը այցելած է երջնկյ. Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոս ու պահ մը մտածած է հոն հաստատել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: Հոգեմտաւոր կեանքի կեդրոն դարձած Ս. Մակարայ վանքին մէջ ես տեսայ այսօր ամայութիւն ու քանդում, որովհետեւ թուրքը անցած է այդ շրջանէն, եւ պատմական Կիլիկիոյ դիմաց կեցած յիշեցի մեր կաթողիկոսութեան աքսորը Սիսի իր դարաւոր նստավայրէն եւ անոր ծաղկիլն ու հզօրացումը Անթիլիասի մէջ»:

Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ անցնող 24 տարուան ընթացքին, ինք իր կարգին, ներշնչուելով նախորդ հայրապետներէն, փորձած է իր ծառայութեան համեստ լուման դնել եկեղեցւոյ ու ազգին ծառայական գանձանակին մէջ: Նկատի ունենալով իբրեւ անկատար մարդու իր թերութիւնները, ան ըսաւ, թէ ծառայութեան, հոգեւոր արժէքներու կենսագործման, հայկական մշակութային արժէքներու տարածման, ազգային պահանջատիրութեան հետապնդման եւ հայրենիքի հզօրացման ճամբան դարձած է իր առաքելութեան ուղին: Ան անգամ մը եւս յիշեցուց, որ եկեղեցին ժողովուրդն է եւ ժողովուրդն է Քրիստոսով եկեղեցին շէնքէն ու ծէսէն անդին հաւաքական կեանքի վերածողը եւ, հետեւաբար, միայն ժողովուրդին մասնակցութեամբ կարելի է շարունակել այս հոգեւոր տան ծառայական առաքելութիւնը:

Վեհափառ հայրապետը իր աղօթքը բարձրացնելով առ Աստուած խնդրեց Անկէ, որ միշտ հզօր պահէ Կիլիկեան Ս. Աթոռը, որպէսզի վերանորոգ ոգիով ու հաւատքով կարելի ըլլայ ծառայել Աստուծոյ, մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ վեհափառ հայրապետին պահպանիչով, «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգով եւ «Կիլիկիա» քայլերգով: