Սուսաննա Ստեփանեան` Ճիւտոյի Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեան

Այլեւայլ, Հայաստան

Ճիւտոիստ Սուսաննա Ստեփանեան (40 քկ․) դարձած է Եւրոպայի պատանիներու ախոյեան:

Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութեան գիւմրեցի մարզուհին 3 յաղթանակէ ետք հասաւ եզրափակիչ փուլ, երբ մրցեցաւ հունգարացի Լուքա Մամիրայի դէմ եւ հաղթեց, կը յայտնէ ՀԱՕԿ լրատուականը:

Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութեան կը մասնակցին 30 երկիրներու 300-է աւելի մարզիկներ: