Եուրի Ջորկայեֆ Կը Ծանօթանայ Հայաստանի ՏԱ Ոլորտին Մէջ Ներդրումային Հնարաւորութիւններուն

Հայաստան, Սփիւռք

Վանաձորի արհեստագիտական կեդրոնին մէջ ամփոփուեցաւ «Հայաստան-արհեստագիտական շաբաթ» խորագիրով ձեռնակկներու շարքը: Ինչպէս տեղեկացնէ «Արմենփրես»-ը, փակման արարողութեան ներկայ էր աշխարհահռչակ ֆրանսահայ ֆութպոլիստ Եուրի Ջորկաեֆ, որ եկած էր ծանօթանալու արհեսգաիտական լուծումներու ցուցահանդէսին եւ լաւագոյն սկսնակ ընկերութիւններու կարողութիւններուն:

Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան պատմեց, թէ ինչու Եուրի Ջորկաեֆ ցանկացաւ մասնակցիլ այս նախաձեռնութեան:

«Երէկ հայկական նոր վաճառանիշի հիմնադրութեան մը մասնակցեցանք, եւ պարոն Ջորկաեֆ,տեղեկանալով, որ մենք բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարարութիւն ստեղծած ենք, ինծի ըսաւ, որ իր շատ ընկերները կը ցանկան իմանալ, թէ ինչպէս կրնան օգնել հայկական բարձր արհեստագիտութիւններու ոլորտին, ինչպէս կրնան ներդրումներ ընել եւ իրենց մասնակցութիւնը ունենալ այդ գործին մէջ: Ես պարոն Ջորկաեֆին ըրի առաջարկներ, որոնք հետագային կրնանք քննարկել»,- ըսաւ Արշակեան:

Յունիս 24-28 ՀՀ կառավարութեան, ձեռնարկութիւններու ինկուբատոր հիմնադրամի եւ ճարտարագիտական միութեան նախաձեռնութեամբ Երեւանի եւ Վանաձորի մէջ տեղի ունեցան «Հայաստան – ճարտարագիտական շաբաթ» խորագիրով ձեռնարկներու շարքը:

Շաբաթուան ընթացքին տեղի ունեցան բարձր արհեստագիտութիւններու ոլորտի եռօրեայ նեղ մասնագիտական սեմինարներ, ցուցադրութիւններ եւ փորձի փոխանակմանն ուղղուած ձեռնարկներ: