Այսօր Թուրքիոյ Մէջ Ապրող Փոքրամասնութիւնները Էրտողանի Համակարգին Կողմէ Կ՛ենթարկուին Թշնամական Վերաբերմունքի. Ամերիկացի Հոգեւորական

Աշխարհ

Ամերիկացի յայտնի հոգեւորական Էնտրիւ Պրանսըն մասնակցած է Միջազգային կրօնական ազատութեան հարցերով Միացեալ Նահանգներու յանձնաժողովի նիստին եւ ուշագրաւ յայտարարութիւն ըրած է Թուրքիոյ մէջ տիրող կրօնական իրավիճակի մասին: Նիստը կրած է «Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութիւնները» խորագիրը: Այս մասին կը գրէ ermenihaber-ը:

Նշենք, որ Պրանսընի պատճառով թուրք–ամերիկեան յարաբերութիւնները խիստ լարուած էին, քանի որ ամերիկացի հոգեւորականը երկար ժամանակ կալանաւորուած էր Թուրքիոյ մէջ: Թրքական կողմը  զայն կը մեղադրէր կիւլենական համայնքի հետ կապ ունենալու մէջ:  Պրանսընի պատճառով ԱՄՆ-ն շարք մը քաղաքական եւ տնտեսական պատժամիջոցներ կիրառեց Թուրքիոյ դէմ: Երկարատեւ ճնշումներէ ետք, ի վերջ, Թուրքիոյ Իզմիրի դատարանը որոշեց զայն ազատ արձակել:

Պրանսըն իր ելոյթը սկսած է Թուրքիոյ կառավարութեան հասցէին խիստ քննադատութիւններով, իսկ թրքական իշխանութիւններու կեցուածքը` որակած է թշնամական:

«Այսօր Թուրքիոյ մէջ ապրող փոքրամասնութիւնները,  ըստ ինծի, Էրտողանի համակարգին կողմէ կ՛ենթարկուին թշնամական վերաբերմունքի: Կարգ մը թուրքերու համար մահմետականութիւնը, իրօք, ինքնութիւն է, բայց միւս կողմէ պետական համակարգը այդ ամէնը բաւական լաւ կը սերմանէ: Ըստ ինծի` Թուրքիոյ հայերը եւ միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները լարուած կը զգան»,-ըսած է Պրանսըն:

Պրանսըն նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ կը նկատուին ծայրայեղ իսլամական դրսեւորումներ: Նաեւ նշած է, որ վերջին շրջանին աւելցած են քրիստոնեայ հոգեւորականներու արտաքսման դէպքերը:

«Թիրարախաւորուած օտարերկրացիները մեծ մասամբ եկեղեցւոյ առաջնորդներ են, կամ ալ հոգեւորականներ, այլ ոչ թէ ատամնաբոյժներ կամ ճարտարագէտներ: Այսինքն՝ ասիկա կը խօսի այն մասին, որ արտաքսումները առնչութիւն ունին հաւատքի հետ: Վերջերս թուրք հոգեւորական մը ինծի նամակ գրեց, որ այդ ամէնը կը նշանակէ, որ քրիստոնէութիւնը կ՛որակուի որպէս ազգային անվտանգութեան սպառնալիք, իսկ ատիկա կրօնական ազատութիւններու խախտում է»: