Մինչեւ 18 Տարեկաններու Հիւանդանոցային Բուժօգնութիւնը Պիտի Դառնայ Անվճար

Հայաստան

 ՀՀ կառավարութիւնը 12 միլիառ 33 միլիոն դրամ յատկացուց առողջապահութեան ոլորտի աւելի հրատապ եւ կարեւոր շարք մը ծրագիրներ ընդլայնելու համար:

0-18 տարեկաններու հիւանդանոցային բուժօգնութիւնը պիտի դառնայ անվճար:

 «Մինչեւ հիմա այդ հնարաւորութենէն կ՛օգտուէին մինչեւ 7 տարեկան, հաշմանդամութիւն ունեցող, առանց ծնողական խնամքի մնացած եւ շարք մը այլ խումբերու ընտանիքներու երեխաները: Փոփոխութեան արդիւնքով պետութեան կողմէ երաշխաւորուած անվճար եւ արտօնեալ պայմաններով բժշկական օգնութեան եւ սպասարկման իրաւունք ունեցող մինչեւ 18 տարեկան շահառուներու քանակը կ՛աւելնայ մօտ 200 հազար անձով: Այս ծրագիրը պիտի նպաստէ առողջ սերունդ ունենալուն», -ըսուած է որոշման հիմնաւորման մէջ:

 Ծրագիրով` 1-ին եւ 2-րդ խումբի հաշմանդամներու, ժամկետային զինծառայողներու ընտանիքի անդամներուն եւ յատուկ խումբերու մէջ ընդգրկուած այլ քաղաքացիներու բուժօգնութեան փաթեթը եւս պիտի ընդլայնուի` ընդգրկելով սրտի վիրահատական ծառայութիւններու եւ նորագոյն թանկարժէք այլ արհեստագիտութիւններով կատարուող բժշկական ծառայութիւնները: