Նուազագոյն Աշխատավարձը 55 Հազարէն Պիտի Դառնայ 68 Հազար Դրամ. Նախագիծը Պիտի Ներկայացուի Ազգային Ժողով

Հայաստան

Կառավարութիւնը իր այսօրուան` Յունիս 27-ի նիստին որոշեց հաւանութիւն տալ «Նուազագոյն ամսական աշխատավարձի մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի նախագիծին:

Զեկուցող Գեմոֆին Գասպարեան ներկայացուց  ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներ Վարազդատ Կարապետեանի եւ Բաբկէն Թունեանի ներկայացուցած նախագիծը, որով կ՛առաջարկուի նուազագոյն աշխատավարձի չափը սահմանել 55 հազար դրամի փոխարէն 63 հազար, երբ կառավարութիւնը կ՛առաջարկէ՝ ան ըլլայ 68 հազար դրամ:

Գասպարեան ներկայացուց հաշուարկի հիմքերը, ուր կարեւոր նկատուած է նուազագոյն սպառողական զամբիւղը. «Ուղիղ պիտի փոխենք 45 հազար մասնաւոր եւ 35 հազար պետական ոլորտի մէջ աշխատողներու աշխատավարձի չափը, որոնք կը ստանան նուազագոյն աշխատավարձ»,-ըսած է ան եւ նշած, որ անոնց աշխատավարձը շուրջ 23-24 տոկոսով կ՛աւելնայ:

Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր համարեց նաեւ աշխատողներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը` աւելցնելով, որ պէտք է այդ ոլորոտին մէջ չարաշահումները բացառել, հաշուի առնուին ոչ միայն գործատուի, այլեւ աշխատողի շահերը:

Ելեւմուտքի նախարար Ատոմ Ջանջուղազեան յստակեցուց, որ այս նախագիծը միայն նուազագոյն աշխատավարձի վերաբերեալ է եւ կապ չունի հիմնական աշխատավարձի հետ. «Տեղի չունենար հիմնական աշխատավարձի փոփոխութիւն, որմէ կախուած են շատերու աշխատավարձի հաշուարկը»:

Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան նկատել տուաւ, որ գործատուն խուսանաւելու  հնարաւորութիւններ կրնայ ունենալ ժամերու քանակով, ինչ որ եւս պէտք է կանոնակարգել օրէնքով, որպէսզի նման հնարաւորութիւն չըլլայ:

Հարցը պիտի ներկայացուի Ազգային ժողովի քննարկման: